ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ 0-0 ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ

«Եւ­րօ-2016»ի ո­րա­կա­ւոր­ման փու­լի հան­դի­պում­նե­րուն շրջագ­ծով ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը հիւ­րըն­կա­լեց Սեր­պիան։ Ե­րե­ւա­նի «Վազ­գէն Սարգ­սեան» հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հայ­կա­կան ընտ­րա­նին վեր­ջին շրջա­նին յու­սա­խա­բու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ իր հա­մա­կիր­նե­րուն, հայ ֆութ­պո­լա­սէր­նե­րը ե­րէկ ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին այս մրցման նկատ­մամբ եւ փոր­ձե­ցին խրա­խու­սել ա­ւագ մար­զիչ Յով­սէ­փեա­նի սա­նե­րը։ Այդ խրա­խու­սան­քով հայ­կա­կան ընտ­րա­նին թէեւ յա­ջող եւ ազ­դու խա­ղար­կու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ, սա­կայն դժբախ­տա­բար չկրցաւ գրա­ւել մրցակ­ցին դար­պա­սը։ 
Հա­յաս­տան-Սեր­պիա մրցու­մը այս պայմաններուն ներքեւ ա­ւար­տին հա­սաւ 0-0 հա­ւա­սա­րու­թեամբ։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2015