ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (Ը.)
Ձախողութեան հիմնական պատճառներէն մէկը այն է, որ մարդիկ լուծումներու վրայ կեդրոնանալու փոխարէն իրենց կեդրոնացումը կը դնեն խոչընդոտներու վրայ: Բնական է, որ մարդ կեդրոնանայ իր դիմաց դրուած խնդիրներուն, սակայն այդ մէկը բնականաբար մարդուն մօտ կը ստեղծեն ժամանակի սահմանափակում. մեր դիմաց դրուած խնդիրները մեզ կը յոգնեցնեն եւ կը շեղեն մեր ուշադրութիւնը եւ յաճախ արգելք կ՚ըլլան, որպէսզի յաջողինք առողջ ձեւով մտածել, մոռնալով որ լուծումը ուշադրութիւնը խնդիրին վրայ կեդրոնացնելու փոխարէն լուծումին վրայ կեդրոնացնելն է: Խոչընդոտներու եւ դժուարութիւններու վրայ կեդրոնանալը աւելիով կը ճնշէ մարդուն եւ կրնայ մինչեւ յուսահատութեան առաջնորդել. այդ է պատճառը, որ մարդիկ յաճախ առաջին դժուարութեան դիմաց ընկճուելով իրենք զիրենք ձախողներ կը նկատեն, սակայն լուծումներու մասին մտածողները կը յաջողին ձախողութեան մէջէն յաջողութիւն մը ստեղծել:
Այս է պատճառը, որ մեր նախկին գրութիւններուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտեցինք ճկունութեան կարեւորութիւնը։ Ուշադրութիւնը խոչընդոտէն լուծումի փոխելը հնարաւորութիւն կու տայ նոր ելքերու մասին մտածելու, ինչ որ ճկունութեամբ կարելի է յաղթահարել. լուծման վրայ կեդրոնանալը կրնայ ընդլայնել մեր մտածողութիւնը. լուծումի մասին մտածելը առիթ կու տայ խոչընդոտը որպէս արգելք տեսնելու տեղ տեսնել որպէս մարտահրաւէր, որ յաղթահարելի է՝ ճիշդ ու մտածուած գործողութիւններով. նման մարտահրաւէրներու յաղթահարումն է, որ կարելի է կոչել փորձառութիւն. պէտք է մարդ կեդրոնանայ իր «ինչպէս»ներուն եւ «ինչու»ներուն վրայ:
Յաջողութեան մեծագոյն օրինակները այն մարդիկն են, որոնք յաջողած են խոչընդոտները յաղթահարել. պէտք է մարդ առաջնորդուի միշտ այն համոզումով, որ կայ այլ ճամբայ մը իրագործելու համար նպատակները եւ նման համոզումի տէր մարդ մը կը յաջողի ձախողութիւնները սորվելու եւ նոր հնարաւորութիւններու վերածել եւ ձախողելէ ետք տկարանալէ ետք աւելի հզօրանալ:
Եթէ կ՚ուզենք յաջողութեան ճամբան գիտնալ, պէտք է ձախողութեան տանող ճամբաները լաւապէս ճանչնանք. կը ձախողին այն մարդիկ, որոնք իրենց յաջողութեան ճամբուն կ՚ունենան նախանձ, բարկութիւն եւ բացասական մտածողութիւն, ինչ որ կը խոչընդոտէ հեռանկարի տեսողութիւնը: Ձախողութեան մէջ լաւատես եղող մարդն է, որ կրնայ այդ ձախողութիւնը վերածել յաջողութեան, որովհետեւ խոչընդոտները մարդուն մէջ կը ստեղծեն յանձնուողի հոգեբանութիւն: Այդ իսկ պատճառով ճիշդ մտածելակերպը, ճկունութիւնն ու լաւատեսութիւնը շատ աւելի մեծ հարստութիւն է յաջողութեան ճամբուն մէջ գտնուողին համար, քան նիւթական հարստութիւնը:
Այսօր եթէ դուք տուն պիտի շինէք, անձրեւ ըլլայ թէ ոչ, ձեր տանիքը լաւ կը փորձէք շինել՝ որպէսզի պաշտպանուիք ապագայ անձրեւներէն. նոյնն է նաեւ յաջողութեան ճամբու ընթացքին. եթէ այսօր դժուարութիւն չկայ, այդ չի՛ նշանակեր, որ պիտի չըլլայ. այդ իսկ պատճառով հոգեպէս պատրաստուիլը շատ կարեւոր է. պէտք է յաջողութեան ճանապարհորդութիւնը չսկսած աչքի դիմաց ունենալ նաեւ ձախողութիւնները, որովհետեւ աշխարհի վրայ ամէն բան փոփոխական է. այսօր մտապէս ամենէն արթուն անձը եւս ենթակայ է ձախողութեան. այդ իսկ պատճառով նախ պէտք է պատրաստուիլ հոգեպէս եւ ապա մարմնապէս:
Հոգեկան այս վիճակը կ՚ենթադրէ ուժեղ անհատականութիւն. հոգեբանական վերլուծութիւն մը կ՚ըսէր, թէ մարդիկ յաճախ յաջողութեան չեն հասնիր ո՛չ թէ ջանքի կամ կամքի բացակայութեան պատճառով, այլ ուժեղ անհատականութիւն չունենալու պատճառով. այնպէս չկարծուի, որ մարմնապէս շատ աշխատիլը անպայմանօրէն յաջողութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է. ուժեղ անհատականութիւնը շատ աւելին է քան աշխատանքը: Այս մէկը կ՚ըսենք, որովհետեւ մարդ առանձին չի՛ կրնար յաջողութեան հասնիլ. յաջողելու համար այսպէս կամ այնպէս մարդ կարիքը ունի ուրիշներու եւ, հետեւաբար, մարդոց մէջ լաւ հետք ձգելու համար անհրաժեշտ է անհատականութիւնը:
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ, մտաւորական մը յաջողութեան մասին կը գրէ հետեւեալ տողերը. «Անձի յաջողութիւնը իր միտքին մէջ է. քանի դեռ սրտանց չի հաւատար իր ըրածին եւ իր ըրածը ուրախութեամբ չ՚ըներ՝ չի յաջողիր»:
Այս բոլորը աւելի հասկնալի դարձնելու համար տանք հետեւեալ օրինակը. պատկերացուցէք երկու անձեր, որոնք նոյն ապրանքը կը ծախեն. մինչ մէկը ամչնալով կը նստի ու կը սպասէ, որ յաճախորդը մօտենայ, իսկ միւսը ճարտարութեամբ, իր լեզուի զօրութեամբ կը յաջողի յաճախորդը իր մօտ բերել. ծախուած ապրանքները ամբողջութեամբ նոյնն են, սակայն երկրորդը աւելիով կը յաջողի ծախել՝ քան առաջինը. այդ է պատճառը, որ յաջողութիւնը ո՛չ թէ ապրանքէն, այլ անձէն կու գայ, իր մտածելակերպէն ու անհատականութենէն:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Լաւ ապրանք ունեցո՞ղը աւելի կը ծախէ, թէ լաւ լեզու ունեցողը:
Պատասխան. Լաւ ապրանք ունենալը կարեւոր է երկարաժամկէտ յաջողութեան հասնելու համար, սակայն հմուտ վաճառողը կրնայ կապեր ստեղծել յաճախորդներուն հետ, վստահութիւն ներշնչել եւ զգացական գետին մը ստեղծելով շատ աւելի վաճառքներ ունենալ՝ նոյնիսկ եթէ իր ապրանքը կատարեալ չէ: Համոզիչ հաղորդակցութիւնը կրնայ լաւ արդիւնքներ տալ, որովհետեւ այդ մէկը ազդեցութիւն կը գործէ մարդոց վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024