ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՎԵՐՇԱՅԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելեց նկարչուհի Վերժին Շապճըի ցուցահանդէսը, որ կը կրէ՝ «Արեւմուտքէն դէպի Արեւելք տպաւորութիւններս» անուանումը։ Վաստակաւոր նկարչուհիի հերթական անհատական ցուցահանդէսէն այս մէկը, որ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան արժանացած է։ Հարկ է նշել, որ այս ձեռնարկը կեանքի կը կոչուի՝ որպէս Մխիթարեան սանուց միութեան նոր եղանակի բացման ծրագիր։ Յայտնի նկարչուհին ցուցահանդէսի շրջայցի ժամանակ ուղեկցեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որուն բացատրութիւններ տուաւ իր ստեղծագործութիւններուն շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հ. Սարգիս Ծայրագոյն Վարդապետ Էրմէնի եւ Հ. Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեանի կողմէ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց Վերշայի գեղարուեստական գործունէութիւնը, բոլորած ստեղծագործական ճանապարհը եւ համապատասխան գրառում մըն ալ կատարեց ցուցահանդէսի պատուոյ հիւրերու տոմարին մէջ։

Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2024