ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր նախատեսուած էր թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ եկեղեցւոյ մէջ սկսաւ եռուզեռը։ Զանազան թաղերէ հաւատացեալներ փութացին մասնակցելու արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սէրճան Կազէրօղլուի։
Օրուան քարոզին զուգահեռ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը օրհնութեան գիր մը յանձնեց Տատեան վարժարանի վաստակաւոր կրթական մշակ եւ նախկին տնօրէնուհիներէն Հերմինէ Պենլիօղլուին։ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան թաղի անցեալի բոլոր սատարողներն ու նուիրեալները։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ «Եթքին Պէրպէրօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհիկ հաւաքոյթը, որուն եւս նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Այս փուլին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր, տէր հօր առընթեր։ Սիրոյ սեղանին մասնակցեցան նաեւ ՃՀՓ-ի փոխ-կուսակցապետներէն Զելիհա Աքսազ Շահպազ եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Այշէկիւլ Էօզտեմիր Օվալըօղլու։
Ատենապետուհի Մարի Եանճըի կողմէ գլխաւորուած Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները, որոնց շարքին էին համայնքային վարիչներ, բարերարներ, հասարակական գործիչներ եւ այլ հիւրեր։ Պաքըրգիւղի ընտանիքի ընդհանուր կացութեան, մանաւանդ Տատեան վարժարանի վիճակին շուրջ ելոյթներ ունեցան ատենապետուհի Մարի Եանճը եւ տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը։ Յայտագրի գեղարուեստական բաժնին մէջ Տատեան վարժարանի աշակերտները հանդէս եկան զանազան ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Զելիհա Աքսազ Շահպազ եւ Այշէկիւլ Էօզտեմիր Օվալըօղլու եւս հակիրճ ելոյթներով ողջունեցին ներկաները։
Հուսկ բանքի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կանգ առաւ համայնքէն ներս հաւաքական պատասխանատուութեան գիտակցութեան տարածման անհրաժեշտութեան վրայ։ Իր խօսքով՝ ծովերը միշտ խաղաղ չեն ըլլար նաւարկութեան համար, սակայն, վարպետ նաւավարներու շնորհիւ կարելի է նաւը հասցնել խաղաղ նաւահանգիստ։
Տատեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած հանգանակութիւնը եւս բաւարար չեղաւ յայտարարուած պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար՝ ինչպէս այս եղանակին կ՚ըլլայ գրեթէ մեր բոլոր թաղերու պարագային։ Թաղային խորհուրդը յայտարարած էր, որ պիւտճէի բացը կը կազմէ 14 միլիոն 700 հազար թրքական լիրա։ Սիրոյ սեղանի աւարտին երէկ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ շուրջ 8 միլիոն լիրա հանգանակուած է։
Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։