ԵԶԱԿԻ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ, այս շաբաթավերջին, Իսթանպուլի մէջ տեղի կ՚ունենայ հերթական մշակութային ձեռնարկը։ Այսպէս, 22 նոյեմբեր 2024, ուրբաթ, ժամը՝ 19.00-ին, Հարպիյէի «Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ» (CRR) համերգասրահին մէջ կազմակերպուած է համերգ մը, որ ձօնուած է հայ երաժշտութեան անմոռանալի հսկաներէն Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 120-ամեակին։ Յոբելենական այս ծրագիրը կը համընկնի ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահութեան ժամանակաշրջանին։ Համերգասրահը տրամադրուած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան կողմէ։
Սոյն համերգի յայտագիրը գործադրելու համար Երեւանէն Իսթանպուլ կու գան երեք տաղանդաշատ երաժիշտներ՝ Անուշ Նիկողոսեան (ջութակ), Սօնա Բարսեղեան (դաշնամուր) եւ Միքայէլ Նաւասարդեան (թաւջութակ), որոնք կը մեկնաբանեն Արամ Խաչատուրեանի եւ այլ հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները։ Յայտագիրը կ՚ընդգրկէ նաեւ Արամ Խաչատուրեանի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ յատկանշական տեսանիւթ մը։
Այս նախագծին կը զօրակցին նաեւ «FlyOne Armenia» օդային ընկերութիւնը, Երեւանի կոնյակի գործարանը եւ Karas Wines-ը։
Համերգի կազմակերպչական աշխատանքներուն համար գործի լծուած է նաեւ թրքահայ համայնքային շրջանակներէ զանազան մշակութային գործիչներէ բաղկացեալ կամաւորներու յանձնախումբ մը, որու գործունէութիւնը կը համակարգուի «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի կողմէ։
Համերգի հրաւիրեալներու շարքին կը գտնուին՝ Իսթանպուլի մէջ պաշտօնավարող քաղաքական դէմքեր, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան դիւանակալներ եւ դիւանագէտներ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն պատասխանատուներ, միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, ակադեմականներ, արուեստագէտներ, հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ եւ այլ հիւրեր։
Համերգի մուտքը ազատ է, բայց անհրաժեշտ է արձանագրուիլ (ել.փոստ՝ am.mission.bsec@gmail.com)։