ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Վերաօծեալ Միածնաէջ Մայր Տաճարի երդիքին տակ, Ս. Պատարագի ընթացքին, Արթիկի թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Աւագեանի ձեռամբ քահանայական օծման արժանացան վեց սարկաւագներ, որոնք զանազան թեմերու կամ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներուն մէջ կը պաշտօնավարէին։

Նորին Սրբազնութիւնը, որ մատոյց Ս. Պատարագը, ձեռնադրութենէն վերջ խօսեցաւ քարոզ մը։ «Քահանայի առաքելութիւնն է նուիրումով ու սիրով իրականացնել իր ծառայութիւնը ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն», ըսաւ ան։

Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ նաեւ վեղարի տուչութեան արարողութիւն՝ քանի նոր ձեռնադրեալներէն երկուքը կուսակրօն է։

Նորաօծ քահանաները Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կ՚անցընեն քառասնօրեայ պատրաստութեան եւ աղօթքի շրջանը, որու աւարտին ծառայութեան կը կոչուին Հայ Եկեղեցւոյ զանազան կառոյցներուն կամ թեմերուն մէջ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024