ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Յիսուս իր աշակերտներուն կ՚ըսէ եւ կը հաստատէ, թէ անկարելի է, որ ընկերական յարաբերութիւններու մէջ գայթակղութիւններ՝ իրարու դէմ պակասութիւններ չպատահին։ Մտքի, բարոյական նկարագրի, տարիքի, դասակարգի, պաշտօնի, դիրքի եւ այլ շատ մը տարբերութիւններ, որոնք ինքնաբերաբար յառաջ եկած են մարդկային ընկերութիւններու մէջ՝ բնական եւ տնտեսագիտական յեղաշրջումով, յաճախ բախումներ յառաջ կը բերեն իրարու հետ ապրող ամենէն սիրելի անձերու միջեւ իսկ։ Գուցէ անասնական բնազդ մըն է այդ, որ նախընթացն է զօրաւորին՝ առողջին՝ գեղեցիկին եւ խելացիին յաղթութեանը, եւ տկարին՝ հիւանդին՝ տգեղին եւ տգէտին ջնջուելուն, որը այժմեան գիտական բացատրութեամբ «ընտրականութիւն» եւ «բարեշրջութիւն» կը կոչուի։
Սակայն քրիստոնէութեան բարձրութիւնը հոն է, որ ո՛չ թէ տկարը եւ հիւանդը, տգեղը եւ տգէտը կ՚արհամարհէ՝ կը ջնջէ, այլ զանոնք կը բարեշրջէ ինքն իրենց մէջ. տկարը կը զօրացնէ, հիւանդը կը բժշկէ՝ կ՚առողջացնէ, տգեղը կը գեղեցկացնէ եւ տգէտը իմաստուն կ՚ընէ։
Որովհետեւ Քրիստոս չեկաւ զօրաւորներուն համար, այլ՝ տկարներուն, անկեալներուն, կամ՝ աւետարանական բառով՝ «փոքրիկ»ներուն համար. բառին ամենաընդարձակ նշանակութեամբ՝ ինչպէս որ բժիշկ մը առողջին վրայ չ՚երթար՝ այլ հիւանդին։ Քրիստոս է, որ կ՚իրականացնէ այդ հրաշալի՜ բարեշրջութիւնը։
Ուստի, Քրիստոս գայթակղութեան բոլորովին ջնջումը կարելի չնկատելով հանդերձ, վա՜յ կու տայ անոր՝ որուն ձեռքով եւ միջոցով այդպիսի գայթակղութիւն մը կը պատահի, գայթակղութիւնը «փոքրիկ»ներուն դէմ։
Քրիստոսի՝ Աւետարանի՝ Աստուծոյ փոքրիկներն են անոնք, որոնք հրեշտակներ ունին պահապան երկինքի մէջ, եւ անոնց մէկ մազէն սկսեալ մինչեւ վերջին կաթիլ արիւնը կրնայ Աբէլի արեան պէս բողոքել Աստուծոյ ատեանին առջին, եւ Կայէնի պատիժը տալ յանցաւորներուն։
Այդպիսիներուն համար, կ՚աւելցնէ Յիսուս, եւ կ՚ըսէ. «Լաւագոյն է որ ջաղացի քար մը իրենց վիզէն կապելով ծովը նետուին եւ խեղդուին»։ Ինչպէս հին ժամանակներ, այսօր եւս ամէն երկրի մէջ մահուան պատիժը ամենածանրն է, որ կը տրուի յանցաւորներուն, անշուշտ, այս ծանրութիւնը շատ երկիրներ մղած է չգործադրել մահապատիժը։ Իսկ մահուան պատիժով, որոնք կը գործադրեն, անով մարդկութեան օրէնքները ըսել կ՚ուզեն, թէ այդ քրէական յանցաւորին գոյութիւնը օգտակար չըլլալէ զատ՝ վնասակա՛ր է աշխարհի ու այդ չարիքը մէջտեղէն կը վերցնեն…
Այդ տրամաբանութեամբ Քրիստոս՝ նախ աշխարհը կը հոգայ եւ անկեալներու եւ փոքրիկներու մէջ այդպիսի եղանակով ինկած մը բացառութիւն նկատելով, անոր՝ աշխարհի վրայէն ջնջուիլը կ՚ուզէ, իսկ երկրորդ՝ մեր ընկերը գայթակղեցնելը մեր ամենէն մեծ յանցանքը կը նկատէ։
Ո՞ւր է այդ յանցանքին մեծութիւնը։
Քրիստոս Ի՛նքն իսկ ցոյց կու տայ ասիկա. «Զգոյշ եղի՛ր», կ՚ըսէ, եթէ եղբայրդ կը մեղանչէ յանդիմանէ զայն, սաստէ՛ զայն, եւ եթէ զղջայ, իր յանցանքը քաւէ, ներէ անոր, եթէ նոյն իսկ եօթն անգամ - ըստ եղբայրական ոճի - իսկ ըստ մեր ոճի՝ հազար անգամ ալ մեղանչէ եւ անկեղծութեամբ զղջայ եւ քաւէ իր յանցանքը, պէ՛տք է որ ներես իրեն։
Ահա Քրիստոսի խօսքերը։ Այս իմաստով, «մեծ յանցանք»ը՝ Աւետարանի նշանակութեամբ «գայթակղութիւն» կը կոչուի, եւ աւելի ծանր չէ՛ ըստ Քրիստոսի, քան մեր աններողամտութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 6, 2024, Իսթանպուլ