ՅԱԿՈԲԵԱՆ-ՌԱՏՈՉԱ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայի հետ։ Ողջունելով հիւրը՝ Հրանոյշ Յակոբեան Ռատոչան շնորհաւորեց նոր պաշտօնին կապակցութեամբ։ Աւելի վերջ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց ԻՒՆԻՍԷՖ-ի Հայաստանի գործունէութիւնը, որ աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր կը շարունակուի։ Ըստ Յակոբեանի, այդ գործունէութիւնը կը նպաստէ մանկական զանազան ծրագրերու արդիւնաւէտ իրականացման։
Իր կարգին, Թանիա Ռատոչա բարձր գնահատեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած աջակցութիւնը ի նպաստ սուրիահայ փախստականներուն, մասնաւորապէս անոնց երախաներուն։ Ան մատնանշեց, որ ԻՒՆԻՍԷՖ պիտի շարունակէ իր համագործակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան հետ՝ երախաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս կառուցուածքային բարեփոխումներ իրականացնելու ուղղութեամբ։
Զրոյցի տեւողութեան Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց «Նոր Հալէպ» բնակարանային ծրագիրը։ Ըստ իրեն, Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթ խնդիրներէն մին է սուրիահայերու բնակութեան, առողջապահութեան, փաստաթուղթային, ինչպէս նաեւ կրթական հարցերու լուծման նպաստելը։ Ըստ նախարարին, անոնց ժամանակաւոր կամ մշտական բնակութեան խնդիրներուն կարգաւորումը պիտի մնայ Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին։
Այս ամբողջին մէջ Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ձեռնարկուած միւս ծրագրերն ու ծաւալուած գործունէութիւնը։ Հրանոյշ Յակոբեան ԻՒՆԻՍԷՖ-ի ներկայացուցիչին առաջարկեց համատեղ մշակել գաղթական երախաներու պաշտպանութեան ուղղեալ ռազմավարութիւն մը։ Ռատոչա դրականօրէն փոխադարձեց այս առաջարկին։
Հրաժեշտի հանգրուանին Թանիա Ռատոչա շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան համոզուած է, թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը առաւել աշխոյժ պիտի համագործակցի ԻՒՆԻՍԷՖ-ի հետ։