Չորեքշաբթի 5, Փետրուար 2025
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճին, որու ընկերակիցներու շարքին էր վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճը։ Անոնք Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի անունով, մօտալուտ Ամանորին ընդառաջ Պատրիարքարան փութացած էին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրելու համար՝ դպրոցի երդիքին տակ նախատեսուած Ամանորի աւանդական հաւաքոյթին։
Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան խնամակալութեան այժմու գործունէութեան եւ դպրոցի կացութեան շուրջ։ Բոլորը յարգանքով վերյիշեցին նաեւ հաստատութեան հիմնադիր երջանկայիշատակ պատրիարք Տ. Գարեգին Արք. Խաչատուրեանը։
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024
Թրքահայ կեանք
- 02/05/2025