ՅԻՇԵԼՈՎ ԵԴՈՒԱՐԴ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ…
Ազնուական մարդը, որ իր սրտին մէջ ամբարած էր սէր եւ նուիրուածութիւն: Սէրը մարդուն նկատմամբ՝ ուր Եդուարդ կը ստեղծէր հաղորդականութիւն իր անմիջական շրջապատին մէջ ու տակաւին անդին: Եթէ ես ալ կայի «անդին»ին մէջ, ուր տեսած էի իր մարդկային ջերմ հաղորդականութիւնը՝ թէկուզ աշխարահգրականօրէն հեռու: Եդուարդին սէրը մարդուն նկատմամբ աննպատակ ալ չէր: Կար նուիրուածութիւնը՝ որպէսզի նոյն այս մարդուն՝ այս պարագային հայուն՝ տայ արժէքի գիտակցութիւնը: Արժէքը հայուն պատմութեան, մշակոյթին եւ լեզուին: «Արաս» հրատարակչատունը այս իմաստով՝ կենդանի վկայութիւնն է Եդուարդ Թովմասեանի սիրոյ եւ նուիրուածութեան տեսլականին: Սէր մը, նուիրուածութիւն մը, որ տակաւին կը շարունակուի՝ նոյնիսկ երբ Եդուարդ մեկնեցաւ երկրային իր կեանքէն:
Երկու նկար:
Առաջին նկարը՝ վկայութիւն…
Եդուարդ մեծ խանդավառութեամբ ինծի ցոյց տուաւ իր «երազ»ը՝ իմ Պոլիս այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին: Իսկ երազը՞: Հիմնել գրադարան-լսարան մը «Արաս»ի յարկի ներքեւ, ուր հայը պիտի լիցքաւորուի իր ազգային-գրական ու պատմական մեծ արժէքներով: Այդ օր՝ Եդուարդի տեսիլքը ու այդ տեսիլքի իրականացումին մէջ իր դրած խանդավառութիւնը՝ արդէն ապրող վկայութիւնն էր Եդուարդի սիրոյն եւ նուիրուածութեան վրայով:
Երկրորդ նկարը՝ շնորհակալութիւն…
Եդուարդին եւ «Արաս» հրատարակչատան մեծ ընտանիքին, որոնք նախաձեռնեցին հրատարակութիւնը մեծ հօրս՝ տքթ Աւետիս Ճէպէճեանի Առաջին համաշխարհային պատերազմի եւ եղեռնի օրերու ապրած վկայութիւն-յուշերը՝ թրքերէն լեզուով:
Յիշելով Եդուարդ Թովմասեանը: Ազնուական մարդը՝ որուն սիրտը անընդհատ տրոփեց սէր եւ նուիրուածութիւն՝ մարդուն, հայուն եւ հայուն արժէքին:
Այս սէրը եւ նուիրուածութիւնը չի մեռնիր: Կը շարունակուի եւ կը կերտէ...
Կը կերտէ կեանք եւ պատմութիւն:
Յարգանք Եդուարդ Թովմասեանի ապրած սիրոյ եւ նուիրուածութեան կեանքին: Այս կեանքը՝ այսօր կը շարունակուի:
Վարձքդ կատար Եդուարդ Թովմասեան: Աստուածաշունչի համարը քու երկրային ապրած կեանքի գնահատական-վկայագիրն է՝ քեզի:
«Բարի պատերազմը պատերազմեցար: Ընթացքը կատարեցիր: Հաւատքը պահեցիր»:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Նիկոսիա, Դեկտեմբեր 17, 2024