ԱԼԻԵՒ ԿՐԿՆԵՑ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան գործնականօրէն դուրս եկած է ՀԱՊԿ-էն եւ այդ կառոյցը կը լքէ, երբ թոյլտուութիւն ստանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ «Պարզ է, թէ ուր կ՚երթայ Հայաստան», ըսաւ ան։
Երեւան-Պաքու ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի չհամաձայնեցուած կէտերուն մասին ալ խօսեցաւ Ալիեւ, ըստ որու՝ այդ հարցերէն մին կը վերաբերի իրարու դէմ միջազգային ատեաններու վրայ դիմումներ ներկայացնելէ զերծ մնալը, իսկ միւսը սահմանին վրայ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու չտեղակայուիլը։ Բաց աստի, ան կրկնեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի, նաեւ համաձայնութիւն պէտք է գոյանայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման համար։
Իլհամ Ալիեւ նշեց նաեւ, որ շուրջ 300 հազար ատրպէյճանցի պաշտօնապէս դիմած է Հայաստանի ղեկավարութեան՝ վերադառնալու համար նախկին բնակավայրերը։ «Անոնք վերադառնալու իրաւունք ունին։ Հայաստանի ղեկավարութենէն տակաւին պատասխան չենք ստացած, թէ ինչպէս կը պատկերացուի ատրպէյճանցիներու՝ իրենց պատմական հողերը վերադառնալու գործընթացը», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ խօսքը կը վերաբերի 1980-1990-ականներուն Հայաստանէն հեռացած ատրպէյճանցիներուն։