Գալֆաեանի մէջ տագնապ
Թրքահայ կեանքէն ներս շրջանառութեան մէջ են Գալֆաեան տան վերաբերեալ լսումներ։ Այսպէս, խնամակալութենէն ներս ծագած են տարաձայնութիւններ, յառաջացած է պառակտում եւ ատենապետ Ալֆրէտ Սունա հրաժարած է, եւս քանի մը խնամակալ կրնայ հրաժարիլ։
Վարչական տագնապները սովորական դարձած են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, նոյնպէս, պաշտօնապէս անոնց պարագային լռութիւնը։ Գալֆաեան տան խնամակալութեան աղբիւրները ոչինչ հաղորդած են հանրային կարծիքին՝ ինչպէս մօտաւոր անցեալին պատահած էր Ենիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն հրաժարականներու ժամանակ։
Գալֆաեանի պարագան բաւական բարդ է։ Երկար տարիներու անարդիւնաւէտութեան եւ պղտորութեան խնդիրները այնպէս մը կուտակուած են, որ այս պատմական հաստատութիւնը անկառավարելիութեան շեմին կը մօտենայ։ Տարիներէ ի վեր յայտարարուած պիւտճէի բացեր, չհաւասարակշռուած պիւտճէներ եւ ատոր զուգահեռ մեծ հարցական մը, թէ ինչպէ՞ս կը գոյատեւէ դպրոցը։ Կալուածներու՝ մանաւանդ անոնցմէ մէկուն պարագային տասնամեակներէ ի վեր ձգձգուած գործընթացով կուտակուած անվստահութիւնն ալ իր հերթին։
Վերջին շրջանին Գալֆաեանի վիճակը այնպիսի փուլ մը թեւակոխած է, որ ուրիշ կառոյցներու վարիչներ սկսած են խօսիլ անոր ճակատագրին մասին։
Գալֆաեանի պատկերը ցաւալի սնանկութիւն մը կը ցոլացնէ՝ մինչ լրջօրէն վտանգուած է ինքնուրոյն առաքելութեամբ այս հաստատութեան գոյութիւնը։ Վարչայիններ, որոնք խմբովին ժողովուրդի հաւանութեան արժանացած են, սկզբունքօրէն կը պարտին, իրենց միութիւնը պահել համայնքին առջեւ։ Տարբեր հարց, որ անոնցմէ ոմանք իսկապէ՞ս արժանի եղած են այդ աթոռները զբաղեցնելու կամ ոչ։
Յուսանք, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակուի՝ բամբասանքներէ անդին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ