ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ 6-ՐԴ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԸ

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ամանորեան տօնավաճառ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան՝ համախմբելով համայնքային շրջանակները։ Բանկալթըի «Ռամատա Փլազա» պանդոկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս աւանդական ձեռնարկը, որ իր տեսակին մէջ արդէն վեցերորդն էր։ Շիշլիի ընտանիքը տօնավաճառի մասնակիցները հիւրընկալեց խանդավառ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։ Հարկ է նշել, որ կարգադիր յանձնախումբի երկար ամիսներ տեւած նախապատրաստական աշխատանքները արդէն արդարացան այս նախաձեռնութեան շնորհիւ։

Տաղաւարներու վրայ այցելուներու տրամադրութեան տակ դրուած էին բազմապիսի իրեղէններ, որոնք սպառեցան օրուան տեւողութեան եւ առիթ դարձան, որպէսզի այդ մեծ դահլիճէն ներս ստեղծուած ոգեւորութենէն բաժին դուրս գայ նաեւ իւրաքանչիւր այցելուի ընտանեկան յարկին։ Տաղաւարներու վրայ առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձան այն առարկաները, որոնց նպատակն էր ուշադրութիւն հրաւիրել մամոկրաֆիի վերաբերեալ մարտահրաւէրներուն վրայ եւ հասարակական գիտակցութիւնը ամրապնդել այս ուղղութեամբ։

Տօնավաճառի յայտագրին մէջ տեղ գտան նաեւ կատարումները երկու յայտնի արուեստագէտներու. յանձինն՝ մեներգչուհի Մարալ Այվազի եւ Այգուն Տէօքմէճեանի, որոնք իրենց կատարումներով խանդավառութիւնը հասցուցին գագաթնակէտին եւ արժանացան ծափահարութիւններու։

Ի լրումն այս բոլորին, սրահ այցելեց նաեւ Կաղանդ պապուկը, որ Ամանորի շրջանի աւանդութիւններուն յարիր ձեւով՝ յուշանուէրներ բաժնեց մանաւանդ՝ փոքրիկ այցելուներուն։ Կատարուեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը, որու ընթացքին ճոխ նուէրներ յանձնուեցան մասնակիցներուն։

Օրուայ աւարտին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք հանդէս եկաւ փակման խօսքով, որու ընթացքին ջերմօրէն ողջունեց բոլոր այցելուները, նաեւ կազմակերպիչները՝ բոլորին բարեմաղթանքներ յղելով Ամանորի ընդառաջ։

Հարկ է նշել, որ այս տօնավաճառի կարգադիր յանձնախումբին մաս կազմեցին՝ Արթօ Փեհլիվանեան, Տիանա Ալթուն, Սարօ Աքչելեան, Սօնա Ճերմակեան, Սելին Արմաւ Կէզէրօղլու, Գարին Աւիթօղլու, Ճուլիա Էրպէք եւ Խաչիկ Ինկիլիզօղլու։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024