ԾՆՈՒՆԴԻ ՆՈՒԷՐԸ
«Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը». (ԳՈՐԾ. Ի 35)։ Երբ յաճախ կը կարդանք Սուրբ Գիրք «Առաքեալներու Գործեր» գիրքին մէջ կը հանդիպինք վերոյիշեալ համարին։ Այս համարը մեզի կը յիշեցնէ Ս. Ծնունդի առիթով ուրախացնել շուրջինները։
Այս ուղղութեամբ մարդ կը խորհի, թէ ի՛նչ ձեւով կարելի է ուրախացնել շուրջինները. արդեօք գեղեցիկ, ոսկեզօծ եւ կաշեկազմ Աստուածաշունչ նուէր տա՞լ, թէ ուրիշ «հաճելի» նիւթական որեւէ նուէր, դրամ եւ այլն։
Կը պատմուի, թէ հարուստ առեւտրական մը մէկիկ մէկիկ կը կանչէ եւ կը հարցնէ իր աշխատաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն, թէ կը նախընտրէին Աստուածաշունչ մը նուէր ստանա՞լ, թէ դրամ։ Առեւտրականը հետաքրքրութեամբ կը հետեւի իր աշխատաւորներուն եւ պաշտօնեաներուն պատասխաններուն։
Մէկը կ՚ըսէ, թէ դրամի՝ նիւթական օգնութեան շատ պէտք ունի այս շրջանին, եւ կը նախընտրէ դրամ ստանալ փոխան Ծնունդի նուէրի։
Ուրիշ մը՝ թէ իր տիկինը դրամասէր է եւ թէ Սուրբ Գիրք ստանայ եւ տուն տանի, տիկինին հետ լուրջ հարց կ՚ունենայ։
Ուրիշ մը՝ թէ քանի մը ամիսէն պիտի նշանուի եւ դրամը շատ կարեւոր է իրեն համար։
Եւ ուրիշ մը՝ թէ իր կեանքը պէտք է վայելէ, երբ ծերանայ, այն ատեն Սուրբ Գիրք մը կը գնէ եւ կը կարդայ, քանի որ այլեւս վայելած է կեանքը։
Այս կերպով երկար է շարքը՝ դրամ նախընտրողներուն որպէս Ծնունդի նուէր։
Եւ վերջապէս կու գայ գործաւորներուն յետինը՝ համեստ եւ խեղճուկ պատանի մը՝ որ դրամի շատ կարօտ էր։ Արդէն իր արտաքին տեսքը եւ վիճակը կը վկայէր ասիկա։ Առեւտրական գործատէրը նոյն հարցումը կը հարցնէ այս խեղճուկ պատանի աշխատաւորին։ Ան կը պատասխանէ, թէ տունը հիւանդ անկար մայր մը ունի, որ պառկած է, եւ սակայն ան սորվեցուցած է իրեն, թէ Սուրբ Գիրք կարդալով կրնայ երկինքի ճամբան գիտնալ, քանի որ Տէրը մեր ոտքերուն առաջնորդութիւնն է. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է եւ իմ շաւիղներուս՝ լո՛յս». (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 105)։ Ուստի եւ ան կը նախընտրէ Սուրբ Գիրքը առնել որպէս Ծնունդի նուէր եւ մայրը ուրախացնել՝ անոր հնազանդելով եւ պատուէրը իրականացնելով։
Հարուստ գործատէր առեւտրականը ուրախ՝ Սուրբ Գիրքը կը յանձնէ պատանի գործաւորին եւ կ՚ըսէ. «քանի որ յաւիտենական գանձ եղող Սուրբ Գիրքը ընտրեցիր, քու նիւթական եւ հոգեկան պէտքդ պիտի լեցնէ եւ գոհացնէ քեզ։ Ահաւասիկ քու սիրած Սուրբ Գիրքդ»։
Պատանին բանալով Սուրբ Գիրքը հոն կը տեսնէ տեղ մը՝ պահարանի մէջ 5000 ոսկի դրամ, ուրիշ էջի մը վրայ, դարձեալ պահարանի մէջ՝ 2500 ոսկի դրամ, եւ ուրիշ տեղ մը նոյն ձեւով 1000 ոսկի դրամ, եւ այսպէս տեղ տեղ անակնկալներ…
Պատանիի զարմանքը եւ նաեւ ուրախութիւնը անսահման եւ անբացատրելի կ՚ըլլայ, քանի որ ան յաւիտենական գանձ եղող Սուրբ Գիրքը ստանալով եւ տիրանալով՝ տիրացած էր նաեւ հազարաւոր ոսկի դրամի։ Հոգեւորը, իր ընտրութիւնը եղած էր նաեւ անոր նիւթական պահանջքներուն գոհացումը։
Եւ պահ մը անկեղծ ըլլանք, հարցնենք մենք մեզի. եթէ մենք ըլլայինք, ո՞ր մէկը՝ Սուրբ Գիրքը՞, թէ դրամը պիտի նախընտրէինք։
Ահաւասիկ, հարցը այս է, եւ մեր առօրեայ շատ մը հարցերու լուծումը այս հարցումին մէջ կը գտնուի։ Սա ալ նշենք, որ վերոյիշեալ դէպքը պարզ պատմուածք մը չէ, այլ իրական կեանքէ առնուած դրուագ մը։ Իրականին՝ մեր ամէն օրուայ կեանքի մէջ կը պատահին նման դէպքեր, բայց քիչերուն մենք կ՚անդրադառնանք, եւ շա՜տ բան կը կորսնցնենք՝ շատ բան շահելու ինքնախաբէութեամբ։
Մենք երբեմն կարծելով, թէ շահած ենք, իրականին շա՜տ բան կը կորսնցնեք։
Եւ հո՛ն՝ մսուրի մէջ պառկած Մանուկն ալ, նորածին Յիսուսն ալ նուէրի կը սպասէ, եւ Անոր սպասած նուէրը ձրի, բայց շատ թանկագին նուէր մըն է. Սէ՛ր։ Ուստի, չզանանք այդ նուէրը տալու մանուկ Յիսուսին՝ որ աւելի վերջ Ան պիտի տայ Իր կեանքը որպէս նուէր մեզի համար։
«Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին». (ՄԱՏԹ. Զ 33)։
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ գիտնայինք եւ անդրադառնայինք, թէ ինչե՜ր կը կորսնցնենք երբեմն ամենափոքր եւ աննշան շահերու համար։ Եւ յաճախ եւ դժբախտաբար կը նախընտրենք նիւթական շահեր՝ փոխանակ հոգեւոր ճշմարիտ շահերու։ Եւ երբ մենք կը սպասենք նուէրներ ստանալ՝ կը մոռնանք նուէր մը տալ Անոր՝ որ փոխարէն կեա՛նք պիտի տայ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 23, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/25/2024