ՀՄԸՄ-Ի 11-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՒՈՐԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան գործակցութեամբ Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Հայկական մարմնամարզական ընդհանուր միութեան (ՀՄԸՄ) 11-րդ ընդհանուր ժողովը։ ՀՄԸՄ-ի 20 մասնաճիւղերէն 104 ներկայացուցիչներ մասնակցեցան պատգամաւորական ժողովին, որու բացման հանդիսաւոր նիստը տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութենէն ներս։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սերգսեանին կողմէ փոխանցուած ուղերձը ընթերցեց իր օգնականներէն Աւետիս Պէրպէրեան։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութեան պատգամը ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։ Պատգամ մըն ալ ուղարկած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ այդ մէկը կարդաց Կարպիս Քապասաքայեան։
Այս պատգամներու հրապարակումէն վերջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Բարձր գնահատելով ՀՄԸՄ-ի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը հայպահպանման տեսանկիւնէն՝ Հրանոյշ Յակոբեան կարեւորեց նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ ներդրուած աւանդը։
Ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով պարգեւատրուեցաւ Երախտագիտութեան մետայլով։ Շնորհակալութիւն յայտնելով այս պարգեւին համար՝ Գառնիկ Մկրտիչեան ընդգծեց, թէ Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայութիւնը կը համարուի յոյժ կարեւոր։ Իշխանութիւններու բարի կամքին եւ աջակցութեան շնորհիւ Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի դիրքերը կ՚ամրապնդուին ու կը բարձրանայ անդամներուն թիւը։
Բացման հանդիսաւոր նիստին ընթացքին արտայայտուեցաւ նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ի առաքելութիւնը պարտաւորութիւն կը ստեղծէ անընդհատ աշխատելու՝ մասնաճիւղերու աշխարհագրութիւնը ընդլայնելու ուղղութեամբ։ Նոյն առթիւ ՀՄԸՄ-ի պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ «Փիւնիկ» մարդկային միջոցներու զարգացման Համահայկական հիմնադրամի պատուոյ նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան։ Պարգեւներ ստացան նաեւ Օշին Փիրումեան եւ Աբրահամ Ահարոնեան։
Բացման հանդիսաւոր նիստէն վերջ, ՀՄԸՄ-ի 11-րդ ընդհանուր ժողովին աշխատանքները շարունակուեցան Աղուերանի մէջ։ Ծրագիրը, որ կ՚ընդգրկէր նաեւ զանազան յարակից ձեռնարկներ, այսօր արդէն կը հասնի իր աւարտին։