ԱՐԱԲ ՃՈՐՃ ՕՐՈՒԷԼԸ. 1994 ԹՈՒԱԿԱՆ

Պարեկային ծառայութիւն. մարէ՛ շարժիչը, ինչո՞ւ կը գերազանցես օրինական արագութիւնը:
Վարորդ. իրադարձութիւններուն հետեւելու համար:

Պարեկային ծառայութիւն. անձնագիրդ:
Վարորդ. Ովկիանոսէն մինչեւ Ծոց:

Պարեկային ծառայութիւն. անո՛ւնդ:
Վարորդ. ազգային գաղտնիք:

Պարեկային ծառայութիւն. ինքնաշարժիդ թուղթե՛րը:
Վարորդ. մեքանիքական գաղտնիք է:

Պարեկային ծառայութիւն. անունդ եւ յատկութիւններդ կ՚ուզենք:
Վարորդ. արձանագրէ՛, ես արաբ եմ:

Պարեկային ծառայութիւն. աչքե՞րդ:
Վարորդ. կը կայծկլտան:

Պարեկային ծառայութիւն. ակռանե՞րդ:
Վարորդ. կտրող են:

Պարեկային ծառայութիւն. քի՞թդ:
Վարորդ. կը հոտոտեմ:

Պարեկային ծառայութիւն. ճակա՞տդ:
Վարորդ. բարձր է:

Պարեկային ծառայութիւն. ականջնե՞րդ:
Վարորդ. երաժշտական են:

Պարեկային ծառայութիւն. ճամբորդութեանդ ուղղութի՞ւնը:
Վարորդ. ուր որ ազատագրումի պատերազմներ կան:

Պարեկային ծառայութիւն. բնակութեանդ վա՞յրը:
Վարորդ. ուր որ անկախութեան պատերազմներ կան:

Պարեկային ծառայութիւն. անունդ եւ հասցէդ մանրամասնութեամբ կ՚ուզենք, որպէսզի փոստային առաքիչը դիւրութեամբ գտնէ զայն:
Վարորդ. մեծ ուրախութեամբ: Արձանագրէ՛. ես արաբ եմ:

Պարեկային ծառայութիւն. ասկէ առաջ արձանագրեցինք այդ:
Վարորդ. խնդրեմ, դարձեալ արձանագրէ: Պարծանքս իմ արաբացիութեամբ ՝ամբողջ մտածումս գերեվարած է:

Պարեկային ծառայութիւն. հրաշալի: Իսկ հիմա տանդ հասցէն՝ մանրամասնութեամբ: 
Վարորդ. գրէ՛: Առաջին՝ Ազատութեան հրապարակ, յետոյ՝ Յաղթանակի հրապարալ, յետոյ՝ Ապըտ ալ-Նասէրի փողոց, յետոյ՝ Ապըտ ալ-Մունէէմ Րիատի պողոտայ, յետոյ՝ Ֆաուզի ալ-Քաուքճիի պողոտայ, յետոյ՝ Քաֆըր Քասէմի դպրոց, յետոյ՝ Պահըր ալ-Պաքար դպրոց, յետոյ՝ Տէյր Եասին բերդ, յետոյ՝ Սապրայի եւ Շաթիլայի զառիվայրը, յետոյ՝ Ազատութեան փողոց, յետոյ՝ Ազատներուն հրապարակը, յետոյ՝ Պաղեստինը ազատագրելու արաբական յառաջապահներու գրասենեակը, յետոյ՝ Պաղեստինը ազատագրելու Յառաջապահներու ժողովրդական գրասենեակը, յետոյ՝ Իսլամական տասնիններորդ գագաթաժողովին մշտական շտապի կեդրոնը, յետոյ՝ Չմիացած երկիրներու ինիսունիններորդ համագումարի գործադիր կոմիտէութեան կեդրոնը, յետոյ՝ Ափրիկեան երկիրներու կազմակերպութեան միացեալ յանձնաժողովի կեդրոնը, յետոյ՝ Երուսաղէմը ազատագրելու յանձնաժողովին մշտական կեդորնը, յետոյ՝ Երկրի օրը կազմակերպող բարձրագոյն մարմինին կեդրոնը, յետոյ՝ Իսրայէլը պոյքոթելու գրասենեակը, յետոյ՝ Պաղեստինի ժողովուրդին աջակցութեան գլխաւոր մարմինին գրասենեակը, յետոյ՝ Ասիոյ եւ Ափրիկէի մտաւորականներուն մշտական կեդրոնը, յետոյ՝ արաբ-եւրոպական երկխօսութեան մշտական կեդրոնը, յետոյ՝ «Արաբ ժողովուրդէն ամերիկացի ժողովուդրին» միութեան մշտական կեդրոնը, յետոյ՝ արաբ ճարտարապետներուն արհեստապետութեան (syndicate) կեդրոնը, յետոյ՝ արաբ փաստաբաններուն արհեստապետութեան կեդրոնը, յետոյ՝ արաբ յանձնառուներու (contractor) արհեստապետութեան կեդրոնը, յետոյ արաբ գաղթականներու արհեստապետութեան կեդրոնը, որու աջին՝ ալ-Ուպուր (անցնիլ) պողոտան, անոր ձախին՝ ալ-Քարամա (արժանապատուութիւն) պողոտան, յետոյ՝ Երուսաղէմ ներկատունը, յետոյ՝ ալ-Պութուլա (հերոսութիւն) սպանդանոցը, յետոյ ալ-Սումուտ (դիմադրողականութիւն) մթերքի խանութը, յետոյ՝ ալ-Ղատապ ալ-Սաթէէ (շողշողացող բարկութիւնը) փուռը, որմէ ետք՝ արաբական միութիւնը շուրջանակի ճամբան, յետոյ՝ ալ-Շումուխ (հպարտութիւն) միզարանը, յետոյ՝ ալ-Քարամէ վարսաւիրանոցը, յետոյ՝ ալ-Աուտէ (վերադարձ) կառատունը, յետոյ՝ Պաղեստինցի ժողովուրդը թատրոնը, յետոյ՝ Ապու Սալմա հրատարակչատունը, յետոյ՝ ալ-Քարմէլ բաշխելու տունը, յետոյ՝ Պաղետինեան մշակոյթ ցուցահանդէսը, յետոյ, Պաղեստինեան ֆոլոքլորի ցուցահանդէսը, յետոյ՝ ալ-Նուսուր (արծիւներ) այգին, յետոյ՝ Յարձակումի ակումբը, յետոյ՝ Շանթերու ակումբը, յետոյ՝ ալ-Հաաէթ (պատ) թերթը, յետոյ՝ ալ-Սաթըհ (առաստաղ) թերթը, յետոյ՝ ալ-Նաֆիզա (պատուհան) թերթը, եւ ի վերջոյ՝ Իսրայէլի դեսպանատան փողոցը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024