ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՀՐԱՀՐԷ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի նախարարական հանդիպումէն վերջ հրապարակուեցաւ հռչակագիր մը։ Հարկ է նշել, որ ֆորումի աշխատանքներու օրերուն նախարարները այցելեցին նաեւ Մատենադարան եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան։ Ֆորումի այս 8-րդ նախարարական հանդիպման աւարտին հրապարակուած հռչակագրին մէջ ընդգծուեցաւ, որ որեւէ ժողովուրդի մշակութային արժէքին հասցուած վնասը կը նշանակէ վնաս հասցնել ամբողջ մարդկութեան մշակութային ժառանգութեան։ Ժողովականները դատապարտեցին մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, պղծումը, իւրացումը եւ ժխտումը՝ ի թիւս այլոց կրօնատեղիներու եւ յուշարձաններու ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ մշակութային արժէքներու կողոպուտն ու մաքսանենգութիւնը զինեալ հակամարտութիւններու ընթացքին։
Ժողովականները ընդգծեցին, որ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ պատմական արմատներու ու մշակութային բազմազանութեան ժխտման փորձերը կրնան պատճառ դառնալ հակամարտութիւններու սրման՝ խաթարելով տուժած պետութիւններու անվտանգութիւնը, կայունութիւնը, կառավարումը, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային զարգացումը, մարդու իրաւանց՝ մանաւանդ մշակութային իրաւունքներու իւրացումը։ Ժողովականները մտահոգութիւն յայտնեցին նաեւ՝ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վրայ կլիմայի փոփոխութեան, ծայրայեղ եղանակային պայմաններու, բնական աղէտներու, անբարենպաստ ազդեցութեան կապակցութեամբ։