ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐ
Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը աւանդական խանդավառ հաւաքոյթով մը ողջունեց Ամանորը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեան ներքեւ, դպրոցի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքցիներու աւանդական Կաղանդի հանդիսութիւնը, որու ընթացքին բարձր տրամադրութիւն ստեղծուեցաւ։ Ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տեմիրճիի կողմէ գլխաւորուած խնամակալութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։
Սրտի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէն Հայկ Սերքան Քըյըճը, փոխ-տնօրէն Թունճայ Ֆերիտ Էօզպահչէլի, խնամակալութեան անդամուհիներէն Գարին Ինճէօղլու եւ նախկին շրջանաւարտուհիներէն Թալին Պըլտըրճըն։
Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Կաղանդ պապուկը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ սրահին մէջ, ուր ներկայ էին Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչներ, կրթական մշակներ, զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ, աշակերտներ, ծնողաց միութեան ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին բոլորին յղեց բարեմաղթանքներ։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ Ս. Խաչ դպրեվանքը պատկանելիութեան զգացում կառթէ իր սաներուն, որոնց երջանկութիւնը նկատելի է իրենց աչքերէն։