ՅՈՅՍԸ ՄԵՐ ՄԻԱԿ ԴՈՒՌՆ Է ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ

«․․․Որքան կ՚ուզես, բախտ, երկնային դարպասներդ իմ դէմ փակիր,
Որքան կ՚ուզես քո ոխն ու քէնն իմ ճամբէքին թող թէժանան,
Մէկ է, պիտի գամ ու ջնջեմ, քեզ՝ անիծեալ ճակատագիր,
Մէ՛կ է, ապրե՛մ պիտի նորից, մէկ է պիտի՛ յաւերժանամ…»

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ

Հասած ենք արդէն դեկտեմբերի օրացոյցի վերջին օրուան։ Մեր սրտերը ահ ու դողով լեցնող բոլոր վերիվայրումներով լի 2024 տարին՝ նահանջ տարի մը, մեր ետին թողնելու վրայ ենք։

Անհատական թէ ազգային սիրելի անհատներու կորուստներով, համաշխարհային արհաւիրքներով լեցուն իրադարձութիւններով խճողուած տարի մըն ալ ապրեցանք։

«Կեանքը կը շարունակուի», կ՚ըսէին մեր մեծերը։

Հիմա աւելի լաւ կը հասկնամ այդ։ Մեր մտահոգութիւնները ծրարած, մէկ կողմ դրած եմ այսօր, օրուան հրամայականով ընտանեօք ներկայ ենք Ս. Ծնունդի տօնի այս օրերուն՝ թոռնիկիս դպրոցական երգահանդէսին։ Մեր «փոքրիկը» արդէն իսկ երկրորդականի աշակերտուհի է։

Զուգադիպաբար նոյն օրը իր ծննդեան 15-ամեակը նշելիք օրն է։

Հսկայ տարածութեան մը վրայ կառուցուած պետական դպրոց մըն է իրենցը, ամէն տեսակի նախանձելի յարմարութիւններով, ընդգրկելով ամէն ազգէ, գոյնէ ու լեզուներու ներկայացուցիչներէ նոր սերունդի հսկայ փաղանգ մը։

Սրահը լեցնող ներկաներու լեզուներու այլազանութիւնը կը հասնի ականջիս՝ խանդավառ ծնողներու ու մեծ հայր-մեծ մայրերու զսպուած շշուկանման արտայայտութիւններէն։

Գոյնի, կրօնքի եւ մշակոյթի այդ «այլազանութիւնը» մղած է ուսումնական խորհուրդը պահանջելու պէս թելադրելու, որ «զգայուն ըլլան» թէ՛ ուսուցիչները եւ թէ աշակերտները՝ իւրաքանչիւրի հաւատքին հանդէպ։

Այդ իսկ պատճառով երգահանդէսը որեւէ տօնի հետ չէ կապուած։ Յայտագրի վրայ ոչ մէկ երգ կամ երաժշտական գործ կայ, որ Յիսուսի Ս. Ծնունդին հետ առընչութիւն ունենայ եւ օրուայ ելոյթին վերնագիրն ալ գրուած է խոշոր գիրերով. «ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ եւ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳ»։

Հսկայ տարածքի վրայ փռուած ու հրաշալի կարելիութիւններով հարուստ դպրոց մըն է, տեսակաւոր նուագարաններով, համակարգիչներով հարուստ դասասենեակներ, մարզասրահ, ընդարձակ խաղավայր-դաշտ, երկրորդականի աշակերտներուն պատրաստութեամբ երաժշտական թէ թատերական ելոյթներու համար թատերասրահ մը, բաւարար հանդիսատես ընդունող հսկայ եւ հանգստաւէտ մնայուն աթոռներով, բեմական լոյսերու եւ ձայնային պատշաճ գործիքաւորումներով։

Ինքնաբերաբար ետ կ՚երթամ յուշերով։ Մեծն Նիւ Եորքի մեր ադամանդի չափ փոքրիկ միակ հայկական նախակրթարանին ու այս հարուստ - կամ աւելի ճիշդ կ՚ըլլար ըսել - բախտաւոր այս դպրոցին հետ բաղդատականներ ընել մտովին։

Այստեղ բոլոր սովորական համարուած կարելիութիւնները մեր մշակութային կեանքէն ներս հսկայ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ երազ էին՝ մանաւանդ մեր ՀԱՅ դպրոցին համար եւ երազ ալ մնացին մինչեւ այսօր՝ աւելի քան հինգ տասնամեակէ ի վեր։

Այսօր, ութ տասնամեակ ետիս թողած՝ մինչեւ մանկութեանս օրերուն չեմ ուզեր երթալ։ Տասնամեակ առ տասնամեակ ի՜նչ փորձութիւններ տեսանք եւ ի՜նչ փորձաքարեր շրջանցեցինք, «տակաւին ինչե՜ր ալ պիտի տեսնես զաւակս…», պիտի աւելցընէր մեծ մայրս։

Այսօր թոռնիկիս հետ կ՚ուզեմ ուրախանալ։

Հոս հիմա շուրջս ամէն ինչ գեղեցիկ ու տօնական է, զարդարուած է կարմիր բոյսերով… բայց… անշո՛ւշտ, ծննդեան տօները յիշեցնող ո՛չ մէկ նկար կամ յիշեցում կայ, վերնագիրն ալ գիտէք արդէն. «ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ եւ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳ» է։

«Զգայուն» երկրի մէջ է, որ կ՚ապրինք։ Այստեղ խտրականութիւն, նախատրամա-դրուածութիւն եւ զատողութիւն ցուցաբերելը անընդունելի ընկերային յանցանք է։

Պետական ուսումնական խորհուրդն ալ՝ մանաւանդ բոլոր դաստիարակներուն կը թելադրէ, որ զգայո՜ւն ըլլան այլ ազգերու եւ հաւատքի հետեւողներուն հանդէպ։ Հետեւաբար, այս կամ այն տօնին նուիրուած երգ մը կամ երաժշտութիւն ներառելը վիրաւորական կրնայ ըլլալ այս կամ այն ուսանողին եւ իր ընտանիքին։

Ինքնաբերաբար կ՚անջատուիմ ու կը հասնիմ Արցախի, Հալէպի, Պէյրութի, Պաղեստինի ժողովուրդին։ Այս միեւնոյն «զգայունութիւնը» ինչո՞ւ չեն կիրարկեր մե՜ծ երկիրները այդ հրաշալի մեր քաղաքներուն մէջ եւ հազարաւորներ զոհ կ՚երթան մարդկային անգթութեան կամ կրօնական խտրականութեան։

Աստուծոյ անունով հազարաւորներու կեանքը կ՚առնուի, մանուկներ կը սպաննուին՝ տակաւին դպրոցի տարիքն անգամ չհասած։ Վսեմին ձգտող անոնց հոգիները ու գեղեցիկին մէջ ճախրելու եւ սաւառնելու երազները կը շարունակուին թիրախաւորուիլ դիպուկահարներու անխիղճ ու անխտիր փամփուշտներով։

Իսկ հո՞ս, «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» ըսելը վիրաւորանք կը համարուի, ուրիշ կրօնքի պատկանողներու զգացումները չվիրաւորելու համար զուսպ պէտք է ըլլանք։

Կը յիշեմ՝ տասնամեակներ առաջ… երեւի այդ օրերուն ես ալ թոռնիկիս տարիքին էի, մի գուցէ։ «Կաղանդի նուէրս» վերնագրով դպրոցական շարադրութիւն մը գրած էի եւ յանձնած՝ Հալէպի հայերէն լեզուի ուսուցիչիս։

Այդ օրերուն, Սուրիոյ մէջ յաճախակի դպրոցներուն փակ ըլլալը իւրաքանչիւր փոխուող կառավարութեան հրահանգներուն հետ, մեզ մեր տուներուն մէջ արգելափակուած կը պահէր։ Մեզ ձգած էր անդադար պատերազմական երաժշտութիւն հնչեցնող ձայնասփիւռին ալիքներուն հետ։ Կը թելադրուէր պատուհաններուն ապակիները օրաթերթեր փակցնելով եւ կամ կապոյտ ներկելով լրիւ ծածկել, որպէսզի ներսի լոյսը դուրսէն չերեւի՝ օդուժի յարձակումներէն խնայելու։

Անորոշ ու սպասողական մեր այդ վիճակները յուսախաբութեան, յուզումի եւ մանաւանդ՝ անյուսութեան կը մատնէին մեզ։ Ներկայ դարաշրջանի հաղորդակցութեան միջոցներուն չգոյութիւնը այդ օրերուն մեզ լրիւ անտեղեակ կը պահէր անց ու դարձերէն։ Չեմ գիտեր, թէ ո՞ր մէկն է աւելի լաւ. տեղեա՞կ ըլլալ, թէ բոլորովին անտեղեակ մնալ անց ու դարձերէն։

Ահաւասիկ իմ դպրոցական տարիներէս ասդին, կեանքը տարի մըն ալ խլեց մեզմէ անիմանալի ու անբացատրելի պատմական փոփոխութիւններով լի եւ վերջակէտը դրաւ չգրուած նախադասութեան մը։ Ապագային վերծանելի, պարապ թէ անհասկնալի տողերով պարբերութեան մը, որ իմ հասակակիցներս երեւի չհասնին ալ կարդալու։ Հոն պատմութիւնը կայ ոտնակոխուած երիտասարդութեան, ոչնչացումը ամբողջ սերունդի մը, որ միմիայն յաջորդական պատերազմներու արհաւիրքը սեփական մաշկին վրայ զգաց, ապրեցա՛ւ ու անմահացաւ…

Այսօր, երկրագունդի այս անկիւնէն, բոլոր այդ արհաւիրքներէն հեռու, հիմա թոռնիկիս կեանքին հետ կը դիտեմ շուրջս, կը գիտակցիմ, թէ իրեն մանկութեան ու պատանութեան տարիները կը լեցուին բոլորովին տարբեր փորձառութիւններով։

Աչքերս յառած բեմին կը յուսամ լսել «Կաղանդ պապան ուշ է մնացել» երգին հետ հայերէն տողեր մը։ Գոնէ միաբերան արտասանէին «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» մը… կը յուսամ լսել հայերէն խօսակցութեան շշուկ մը շուրջս գէթ. ի զուր։

Ուրախութիւնս կատարեալ չէ, երբ անկախ ինձմէ՝ յուշերովս ետ ու առաջ կ՚երթամ։ Հայու ցաւով տառապող հոգիս անհանգիստ է։ Ականջիս մէջ են աշակերտներուս երգերը.

«Երնէկ թէ այս Նոր տարին
Վերջ տար հայի ցաւերին…»։

Ո՜ւր էր թէ վերջ գտնէին հայուն ցաւերը։ Հայու ճակատագրի անորոշութիւնը քիչ մը ամէն տեղ է… Աշխարհի չորս ծագերուն։

Ծննդավայրս դարձեա՛լ կրակներու վտանգի մէջ է։ Իսկ այդտեղի աշակերտութիւնը նոյնանման անորոշութեան մէջ է, որ ե՛ս եւ իմ սերունդս ապրած էինք մեր դպրոցական օրերուն։ Ի զուր չէ, որ այդ օրուան կացութենէն ելած, անզօրութեան մատնուած հոգեվիճակովս «Կաղանդի նուէր» շարադրութիւնս արցունքի շուրջ է պարզապէս, որ չորս տարեկան մանուկ եղբայրս տխուր դէմքս դիտելով օրին հարց տուած էր.

-Ինչո՞ւ կու լաս, ո՞վ ծեծեց քեզ…

Նայելով իր մանկական վճիտ աչքերուն՝ արցունքներուս մէջէն, բառ կը փնտռեմ պատասխան տալու։ Սակայն, ինչպէ՜ս կրնաս հասկցնել այնքան միամիտ այդ հարցումը ընող նոյնքան միամիտ այդ պզտիկին։ Չէ՞ որ իրեն համար լացը կու գայ չարաճճիութեան մը իբր հետեւանք, ցաւցնող պատիժէ մը ետք։

Իսկ հիմա ի՞նչ կայ, որ լալիք, երբ Կաղանդ պապուկը գալիք է նուէրներ բաշխելու, իսկ «Խաղաղութեան իշխանը» բոլորին երջանկութիւն բերելու յոյսով կը սպասուի ամէնուրեք։

Ի սէր այս նոր սերունդին, իմ եւ ձեր բոլոր թոռնիկներուն, ապագայ մեր սերունդին, յուզումս դարձեալ ինծի կը պահեմ։

Խանդավառութեամբ կը ձայնակցիմ թոռնիկիս նուագախումբին՝ բարի տարեդարձ մաղթելու պատանութեան շեմին հասած թոռնիկիս։

Եկէք դարձեալ բարութեա՛մբ նայինք այս աշխարհին։ Մեր նախահայրերը առանց յուսահատելու ամէն տարի յոյսո՛վ դիմաւորած են ապագան։

Յոյսը մեր միակ դուռն է, որ մեզ ազգովին դէպի ապագայ կը տանի։

Եթէ անցեալը մեր բնականոն կեանքը կը նկատէինք, ա՛լ պիտի չտեսնենք զայն։ Ետ դարձ չկայ։ Ե՞րբ մեր ազգը բնականոն կեանք ապրած է՝ առանց ինքնուրոյն ձեւով շրջանցելու աղէտները, մեծ կամ սարսափազդու վնասներով։

Չմոռնալով, սակայն, թէ ինչո՞ւ համար պայքար մղած ենք եւ պէ՛տք է շարունակենք մեր պայքարը եւ… Վահագն Դաւթեանին հետ կրկնենք.

«․․․ Մէկ է, պիտի գամ ու ջնջեմ, քեզ՝ անիծեալ ճակատագիր,
Մէ՛կ է, ապրե՛մ պիտի նորից, մէկ է պիտի՛ յաւերժանամ․․․»։

ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

ԱՄՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2024