Ս. ՔԱՂԱՔԻ ՄԷՋ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին կը մէկտեղուի Ս. Երկրի քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներուն հետ՝ փոխանակելով շնորհաւորութիւններ եւ բարեմաղթանքներ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ այցելեց Երուսաղէմի Պապական նուիրակ Հայր Ատոլֆօ Տիտօ Ըլանային։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները ջերմօրէն ողջագուրուեցան եւ եղբայրական սիրալիր զրոյց մը ունեցան։

Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Ս. Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։

Ուրբաթ, Յունուար 3, 2025