ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՎՐԱՅ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանին։ Իրաքեան Քիւրտիստանի վարչապետը Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։ Անգարայի մէջ Մեսրուր Պարզանի տեսակցեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։
Մինչ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ անցումային նոր իրադարձութիւններ խնդրոյ առարկայ են եւ Թուրքիոյ կշիռը այս գործընթացէն ներս աւելցած է անհամեմատօրէն, թրքական կողմը տարածաշրջանի բոլոր դերակատարներուն հետ անմիջական շփման մէջ է ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Անգարայի երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին առաջնահերթօրէն շօշափուեցան Սուրիոյ եւ Իրաքի վերաբերեալ խնդիրները։ Էրտողան մատնանշեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւններու լոյսին ներքեւ Թուրքիա մեծ կարեւորութիւն կը վերագրէ Իրաքի կայունութեան եւ անվտանգութեան։ Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները տարածաշրջանէն ներս դուռ պէտք չէ բանան նոր անկայունութիւններու։ Նախագահի խօսքով՝ նոր Սուրիոյ ապագային տեղ պիտի չունենան ահաբեկչական կազմակերպութիւնները։
Նախագահ Էրտողան երէկ այլ հաւաքոյթի մը ընթացքին ըսաւ, որ Թուրքիա իր սահմաններէն ներս ապաստան գտած սուրիացիներու վերադարձը ամէն ձեւով պիտի խրախուսէ, սակայն, ոեւէ մէկը վերադառնալ պարտադրելու սխալին մէջ ալ պիտի չիյնայ։
Իր կարգին, Հաքան Ֆիտանն ալ երէկ հեռուստահարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ նոր իշխանութիւնը երկրէն պիտի մաքրագործէ ՓՔՔ-ն։