ԸՍՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ՝ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԴԻՒՐԱՑՆԵԼ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ դիւրացնել Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան երէկ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը՝ անցեալ տարին ամփոփելու համար։ Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ՝ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ անցեալ տարուայ վերջին օրը տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին։ Իր խօսքով՝ այդ հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկուած են միջազգային իրավիճակն ու տարածաշրջանային հարցեր։ Այս բոլորի լոյսին տակ Միրզոյեան շարունակեց.

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ սահմանը բանալու պատրաստակամութիւնը մշտապէս յայտնած ենք թէ՛ մենք եւ թէ թրքական կողմը։ Դժբախտաբար, նաեւ հրապարակային փաստ է, որ թրքական կողմը Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորումը կը շարունակէ կապել Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման հետ»։

Միրզոյեանի համոզմամբ՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ Հայաստան-Ատրպէյճան կարգաւորման գործընթացին վրայ։ «Իմ ընկալմամբ՝ հակառակ կողմէն սկսիլը, այսինքն՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելը շատ աւելի կը դիւրացնէ եւ դրական ազդեցութիւն կը թողէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման վրայ։ Այսպիսի ընկալում Թուրքիոյ մէջ տակաւին չկայ։ Պէտք է շարունակենք երկխօսութիւնը թէ՛ նախարարներու մակարդակով, թէ՛ յատուկ բանագնացներու մակարդակով եւ թէ հնարաւորութեան պարագային՝ երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով», ընդգծեց Միրզոյեան։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ օրակարգային այլ շարք մը կարեւոր հարցերու։ Նախարարը տեղեկացուց, որ Հայաստան կապեր հաստատած է Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն հետ։ Բաց աստի, Հայաստանէ ներս տեղեկայուած Ռուսաստանի ռազմակայանի վերաբերեալ պայմանագիրը վերատեսութեան ենթարկելու խնդիր մը օրակարգի վրայ գոյութիւն չունի։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստան կը պատրաստուի Եւրոմիութեան հետ յառաջիկայ ամիսներուն գործընկերութեան նոր օրակարգ մը ստորագրելու։ Ըստ Միրզոյեանի՝ կը ծրագրուի նաեւ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարներուն միջեւ հանդիպում մը։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման՝ Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ Երեւան այդ գործընթացին հետամուտ է ո՛չ թէ ուրիշներու պահանջով, այլ՝ սեփական շահագրգռութեամբ։

Հինգշաբթի, Յունուար 9, 2025