«ՏԱԿԱՒԻՆ ԱՅՍՊԻՍԻ ԲԱՆ ՉԷԻ ՏԵՍԱԾ»
Ի՞նչ կը յիշենք մեր դպրոցական օրերէն…
Ամենէն շատ մեր չարաճճիութիւնները, սրամտութիւնները, ուսուցիչի մը սխալիլը, անարդար պատիժ մը, մէկ խօսքով նշանակալի դէպքեր…
Երբ տասներորդ դասարան կ՚ըլլայինք՝ կենսաբանութեան դեղին մեծ գիրքը իբր թէ պայուսակին մէջ չէր բաւեր, ձեռքերնիս բռնած կ՚երթայինք դպրոց, յատուկ ցոյց տալու համար խոշոր տառերով գրուած BIOLOGY-ն՝ գիրքին վրայ… Այդ կը նշանակէր, որ մենք մեծցած ենք եւ ամէն բան գիտենք, ամենակարեւորը ինչպէս «պէպէք» կը բերեն…
Զբօսանքներուն մեր պատժուած ընկերոջ կամ ընկերուհիին գաղտնի «քա՚էք» հասցնելը՝ հերոսութիւն էր։
Գիտնալ ո՞ր ուսուցիչը ի՞նչ կը սիրէ եւ աչքը մտնել։ Մեր դասարանէն գեղեցկուհի, եղնիկի աչքերու նման աչքերով, թարթիչները այնքան երկար, որ պատասխանատու ուսուցչուհին աչքերը լուալ կու տար կարծելով, որ շպարուած է, օր մը ինչ խելքը փչեց եւ մեր անգլերէնի ուսուցիչին՝ պրն. Եղիային, որ ամէն ամիս «Times» եւ «Newsweek» թերթերը կը ստանար եւ ծայրէ-ծայր կը կարդար՝ հարցուց.
-Պարոն, այս ամսուան «Times»ը կարդացի՞ք…
-Այո, ինչո՞ւ, դուն կը կարդա՞ս, զարմացած հարցուց ուսուցիչնիս, որովհետեւ Սեդային շատ աւելի տարբեր թերթեր կը հետաքրքրէին, դերասաններու մասին, նորոյթներու մասին։
-Ոչ, պարոն, վանքին դուռէն Շահանը կանչեց, նամակ պիտի առնէի, սեղանին վրայ տեսայ, ուզեցի գիտնաք, որ այս ամսուայ թերթը տեսած եմ, որքան միամիտ, այդքան ալ համոզուած, որ ուսուցիչին աչքը մտաւ, պատասխանեց դասընկերուհիս։
Բոլորս խնդացինք եւ ուսուցիչին սաստող նայուածքին տակ ուզենք-չուզենք լրջացանք։
Ի միջի այլոց այդ ալ ըսեմ, որ Շահանը, չեմ գիտեր եթէ կը կարդար, բայց կը սիրէր այդ թերթերը քանի մը օր իր աշխատասեղանին վրայ երեւային։
Իսկ պրն. Միսաքը կը կարդար արաբական բոլոր օրաթերթերը, լուրերը իրմէ կը ստանայինք։ Երբեմն աշակերտներ չեղած բան մը լուրի ձեւով կը հաղորդէին պրն. Միսաքին՝ հարցնելով, թէ կարդացե՞ր է, ան ալ անպայման տեղեակ ըլլալ կը ձեւանար եւ մենք կ՚ուրախանայինք մեր սուտին վրայ եւ միւս դասարաններու աշակերտներուն կ՚ըսէինք, որ իրենք ալ հարցնեն։
Սակայն պրն. Միսաքին գիտելիքներու աշխարհը անսահման էր… Աշխարհագրութիւն, ընդհանուր ազգաց պատմութիւն, գրականութիւն՝ մանաւանդ արաբականը, եւ անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն լեզուներու հմտութիւնը։ Հայերէն կը խօսէր, կը գրէր, կը կարդար, սակայն օտար վարժարան յաճախած ըլլալուն համար ուղղագրութիւնը փայլուն չէր։ Գրատախտակին վրայ բառեր գրելու ատեն կրնար յանկարծ դառնալ եւ հարցնել.
-Անուշ, ոչխարը մեծ կամ պզտիկ «րը» է։
Տղաները կ՚ըսէին. «Սխալ ըսէ, սխալ ըսէ»։
Անկարելի էր, նախ հայոց լեզուն անարգած կ՚ըլլայի, ապա պրն. Միսաքը շատ սիրելի էր…
Այո՛, պրն. Միսաքը շատ սիրելի էր… Աշխարհի որ ծայրն ալ ըլլանք, Թարգմանչացի նախկին աշակերտ-աշակերտուհիներս, շրջանաւարտներս երբ քով-քովի գանք, պրն. Միսաքին պատմութիւնները կը պատմենք։ Այնքան շատ են անոր պատմութիւնները։
Բարի էր պրն. Միսաքը, անսահման բարի, միայն ապտակին չարժանանայիր՝ ձեռքը շատ ծանր էր կ՚ըսէին եւ ուրիշ մեծ թերութիւն մը ունէր՝ կը խմէր։
Երուսաղէմի ցուրտը կծու է, ոսկորներուդ մէջ կը մտնէ, ուրիշ երկիրներ ջերմաստիճանը զերոյէն ցած կ՚ըլլայ, բայց այդքան չես մսիր, որքան Երուսաղէմի մէջ զերոյէն բարձր եօթ, ութ, նոյնիսկ տասն աստիճանին։ Մանաւանդ հին կառոյցներուն մէջ։
Մեր դպրոցին պատերն ալ երդում ըրած էին երբեք չտաքնալ։
Հին վառարաններ ունէինք, որոնք միայն ինքզինքնին կը տաքցնէին, սխալմամբ չդպչիս՝ ծուխը-մուխը կը բարձրանար, աչքերնիս կը կարմրէր, կոկորդնիս կը լեցուէր, խեղդուելու աւելորդ ձեւեր կ՚ընէինք, մանաւանդ երբ գրաւոր չուզէինք ընել, մասնաւոր ոտքով կը զարնէինք վառարանին եւ «աւելորդ խեղդուած» դասարանէն դուրս կը նետուէինք։ Դուռ-պատուհան կը բացուէին, վերարկուները կը հագուէինք, ձեռնոցները կը դնէինք, հազալ կը սկսէինք, այդ սառնամանիքին ալ ո՞վ կրնար գրաւոր գրել ձեռնոցներով։ Իսկական գաղթականի սրտաճմլիկ վիճակ մը կը ստսնայինք…
Այնպէս կը կարօտնամ այդ օրերը…
Պրն. Միսաքին պահն է եւ եղանակը սաստիկ ցուրտ։
Մեծ մօրս օժիտէն մնացած վառարանին շուրջը նստեր ենք։ Այդ վառարանը իր բոլոր թերութիւններով՝ առաւելութիւն մը ունէր, վրան հաց տաքցնելու յատուկ տեղ կար։ Նախ նարինջի կեղեւները տունէն կը բերէինք վրան կը դնէինք, որպէսզի դուռ-պատուհան գոց դասարանը քիչ մը անուշ բուրմունք ունենար, յետոյ ըստ յարմարութեան, եթէ զբօսանքներուն շատ ցուրտին կամ անձրեւին պատճառով դասարան մնայինք՝ հացը վրան կը տաքցնէինք եւ քթըր-քթըր իւրաքանչիւրս իր տունէն բերած պանիրը հանելով համով-համով կ՚ուտէինք։
Երբեմն ալ…
Էհ, ուսուցիչը բացատրելու ատեն հացերնիս կը դնէինք եւ երբ մեզի չէր նայեր, պատառ մը կը գլորէինք։ Մեր ձեռքը չէր, ցուրտին շատ կ՚անօթենաս։
Բայց այդ օրը ո՛չ հացին բոյրն էր, ո՛չ ալ նարինջին… Իմ գրպանի ռատիոյէս գեղգեղացող «Իմ Քալսում»ին ձայնն էր։
Հօրեղբօրս տիկինը անցնող ամրան Հայաստան գացած էր եւ գրպանի պզտիկ ռատիօ մը՝ գոյնը մեռած կանաչ՝ նուէր բերած էր ինծի։ Ես ալ մօրմէս գաղտնի դպրոց տարի։
Վառարանին քով նստեր ենք, ես Դաւիթին եւ Արային մէջտեղը։ Պրն. Միսաքէն խնդրեցինք վերջին 15 վայրկեանը մեզի առիթ տայ վերաքաղ ընելու, որովհետեւ յաջորդ պահուն մեծ գրաւոր ունէինք։ Բարի, շատ բարի պրն. Միսաքը։
Եւ առիթը չփախցուցինք։ Ձայնասփիւռը միացուցինք եւ մեր երջանկութեան երջանկութիւն չէր հասներ։
Դասընկերուհիներէս մէկը միամտաբար ըսաւ.
-Ամա՜, արաբերէն կ՚երգէկօր ռատիօդ։
-Ինչո՞ւ, առաջին անգամն է ռատիոյէն արաբերէն երգ կը լսե՞ս, որ այդքան զարմացեր ես։
-Ոչ, կարծեցի Հայաստանէն է ըսելով հայերէն պիտի երգէ…
Երգը հասեր էր նաեւ պրն. Միսաքի ականջը։
-Այս ի՞նչ երգի ձայն է, ուրկէ՞ կու գայ։
-Դուրսէն է պարոն։
Պրն. Միսաքը պատուհանը կը բանայ, մենք ռատիոյին ծայրը գտնուող կլոր դարձող կոճակը կը բարձրացնենք, իբր պատուհանը բաց է ըսելով ձայնը բարձր կը լսուի։ Պատուհանը կը գոցուի՝ ձայնը կ՚իջեցնենք եւ այսպէս քանի մը անգամ։ Մինչեւ որ… Պրն. Միսաքը տեսաւ, որ Դաւիթին ձեռքը բան մը կայ։
Չհասաւ հարցնելու այդ ի՞նչ է, ճարպիկ Դաւիթը ռատիոն գոգնոցիս մէջ դրաւ եւ դնելու ատեն ձայնին կոճակը գոգնոցիս քսուելով՝ ձայնը բարձրացաւ։ Մենք ճերմակ շապիկ կը հագուէինք, վրան սեւի մօտ մուգ կապոյտ մինչեւ կուրծքը իջնող քառակուսի բացուածքով գոգնոց։
Պրն. Միսաքը մօտեցաւ մեզի։ Բոլորս ոտքի կեցած ենք. քար լռութիւն, միայն «Իմ Քասում»ը աւելի բարձր կը գեղգեղէր եւ հացը վառարանին վրայ արդէն կ՚այրէր։
Ռատիոն իմս է, իմ ծոցս կը գտնուի… Դանակը որո՞ւն ձեռքն է՝ ան է մարդասպանը։ «Իմ Քալսում»ին ձայնէն աւելի բարձր սիրտս կը տրոփէր։ Բայց մէկ մխիթարութիւն ունէի, ոչ ոք պիտի համարձակէր ձեռքը գոգնոցիս մէջ դնելով ռատիոն հանել…
Պրն. Միսաքը մէկ աչքերուս՝ մէկ ձայնին եկած ուղղութեան կը նայէր։ Շատ կը սիրէր զիս եւ ես անկարգներուն միացեր էի, փաստօրէն տեսակ մը դաւաճանած էի զինք…
-Վաթսուն տարեկան մարդ եմ, քառասուն տարի է, որ դաս կու տամ, տակաւին երգող կուրծքեր չեմ տեսած…։
Իմ սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, խաղաղ ննջեցէք, խունկ եւ աղօթք ձեր անթառամ յիշատակին, եթէ նոյնիսկ նեղացուցած ենք իրարու, անարդար գտնուած, կողմնակցութիւններ ըրած, կը յիշեմ պրն. Միսաքին մեզի յաճախ կրկնած այս նախադասութիւնը. «Երախտապարտ եմ անոր, ով ինծի տառ մը սորվեցուց»։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
29 դեկտեմբեր, 2024, Երուսաղէմ
Հարթակ
- 01/10/2025
- 01/10/2025