ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
Հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցին՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան 2025-ի տարեմուտին առթիւ հրապարակած է պատգամ մը։ ՀԲԸՄ համահայկական առանցքային կառոյց մըն է, իր աշխարհատարած ցանցով, բառին բուն իմաստով մղիչ ուժ մը, որուն տեսլականը եւ ազդեցութիւնը կը հանդիսանան ուղղակի գործօններ, որոնք կը պայմանաւորեն հայութեան ընդհանուր երթը։ Ստորեւ կը հրատարակենք ՀԲԸՄ-ի նախագահ Սեմ Սիմոնեանի Ամանորի պատգամը՝ կառոյցի Նիւ Եորքի կեդրոնէն հրապարակուած արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն տարբերակներու համադրութեամբ։ Հարկ է նշել, որ սա Սիմոնեանի առաջին տարեմուտի պատգամն է՝ որպէս նախագահ։
*
2024-ը անցումային տարի մը հանդիսացաւ՝ մասնաւորաբար ինծի համար, երբ ստանձնեցի ՀԲԸՄ-ի ութերորդ նախագահի պաշտօնը՝ յաջորդելով Պերճ Սեդրակեանին: Միութեան նախագահութիւնը ան ձեռնհասօրէն վարեց 22 տարի, տասնամեակներ շարունակ ծառայած ըլլալով նաեւ՝ որպէս ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ինչ որ յատկանշական է անկասկած: Ինձ համար պատիւ է տարեվերջեան ուղերձով հանդէս գալու աւանդոյթը շարունակելը։
Անցեալ հոկտեմբերին կայացած ՀՄԲԸ-ի 93-րդ Ընդհանուր ժողովը, վերջին տարիներու համագումարներու շարքին, յատկապէս նշանակելի էր իր փալուն ձեռնարկներով եւ ստեղծած խանդավառութեամբ: Ղեկավարութեան փոխանցումը առիթ էր խմբովին մեր երախտագիտութիւնը արտայատելու՝ իր շրջանը աւարտած նախագահ Պերճ Սեդրակեանին, նաեւ յետադարձ ակնարկով անդրադառնալու անցեալ երկու տասնամեակներուն իրականացած յառաջդիմութեան եւ նորարարական իրագործումներուն: Նախագահ Պերճ Սեդրակեան միութիւնը առաջնորդեց հայ ժողովուրդի արդի պատմութեան ամենածանր իրադարձութիւններով յատկանշուած ժամանակաշրջանին: Երիտասարդութիւնը ներգրաւելու ուղղութեամբ իր շեշտադրումին իբր արդիւնք՝ ընդարձակուեցաւ Երիտասարդ արհեստավարժներու շարժումը աշխարհի տարածքին: Միայն անցեալ տարուան ընթացքին Երիտասարդ արհեստավարժներու վեց նոր խուբեր ստեղծուեցան՝ Ամմանէն Պուտափեշտ, Քորտոպայէն Տապլին, Մելպուռն եւ Սիտնի:
Ստանձնելով ՀԲԸՄ-ի նախագահի պաշտօնը՝ յանձնառութիւնս է սերտ յարաբերութիւններ մշակել՝ հինգ ցամաքամասերու վրայ տարածուած մեր տեղական շրջանակներուն եւ մասնաճիւղերուն հետ: Սկսած Հարաւային Ամերիկա կատարած շրջայցէս, ես խորապէս զգացուած եմ Արժանթինի, Ուրուկաէյի եւ Պրազիլի մեր մասնաճիւղերուն ցուցաբերած հայեցի ուժեղ եւ ջերմ ոգիէն: Կը խորհիմ, թէ յառաջիկայ տարի այս ատեն աւելի խորապէս ծանօթացած պիտի ըլլամ մեր հայ իրականութեան եւ այն յատուկ կապերուն, որոնք աշխարհի տարածքին կը միաւորեն մեր տարբեր համայնքները:
Այս տարի այլ առանցքային իրադարձութիւններ եւս տեղի ունեցան։ 2023-ի սեպտեմբերին, Արցախի հայութեան դէպի Հայաստան բռնի տեղահանումէն անմիջապէս ետք, ՀԲԸՄ ձեռնարկեց մարդասիրական լայնածաւալ աշխատանքի՝ անհրաժեշտ աջակցութիւնը ընձեռելու համար աղիտահար մեր հայրենակիցներուն՝ սնունդ, հագուստեղէն եւ ապաստան ապահովելով անոնց: 2024-ին, մեր ճիգերը կեդրոնացան երկարաժամկէտ օգնութեան նախաձեռնութիւններու վրայ՝ սատարելու համար ապաստանեալներու ֆիզիքական եւ հոգեմտաւոր ապաքինումին: ՀԲԸՄ-ի «Քլոտիա Նազարեան» դարմանատան անձնակազմին միացան մասնագէտներ Արցախէն: Եւ տրամադրեցինք անվճար հետազօտութիւններու հնարաւորութիւններ եւ հոգեկան առողջութեան վերականգնման ուղղեալ ծառայութիւններ։ ՀԲԸՄ-ի «Նայիրի» կազդուրման կայանին մէջ կազմակերպեցինք շաբաթավերջի ճամբարային յատուկ ծրագիրներ՝ արցախահայ մայրերու եւ մանուկներու համար, ներառեալ թերափեթիք հաւաքներ։
Արցախի մեր հայրեակիցները Հայաստանի հասարակական-տնտեսական կեանքին ներգրաւելու նպատակով՝ առաջնահերթ նախաձեռնութիւն մըն էր աշխատանքի ապահովումը: Քաջալերուած ատենին Արցախի մէջ գործադրուած LEAP (Learn to Earn Artsakh - Սորվէ վաստկելու համար Արցախ) ծրագրի յաջողութենէն՝ վերպատրաստման ծրագիրներ իրականացուցինք Հայաստանի զարգացող ճարտարարուեստներու, անգլերէն լեզուի վարժութեան եւ գործի յատուկ խորհրդատուական ծառայութիւններու վերաբերեալ: Այս նախաձեռնութիւնները արդիւնաւոր էին տեղահանեալները տնտնեսապէս ապահովելու եւ անոնց արժանապատուութեան զգացումը վերականգնելու ուղղութեամբ: Այս նախաձեռնութիւնները կրնան նպաստել՝ իրենց հողէն արմատախիլ դարձածներու վերահաստատման եւ անոնց ելմտական անկախութեան վերականգնման։
Ապագային ընդառաջ՝ ՀԲԸՄ պատրաստ է դիմակայելու այսօրուան համաշխարհային բազմապիսի մարտահրաւէրներուն, որոնք պիտի ձեւաւորեն աշխարհը, մեր ազգն ու մեր կազմակերպութիւնը: Թէեւ ապագան անորոշ է, սակայն, ես համոզուած եմ, թէ ՀԲԸՄ պիտի կարենայ դիմագրաւել նաեւ հաւանական բոլոր արտակարգ իրավիճակները, պիտի յարմարի փոփոխութիւններուն եւ պիտի շարունակէ զարգանալ՝ շնորհիւ մեր նուիրատուներու լայնասրտութեան, կամաւորներու ոգիին եւ տեղական ղեկավարներու կամ գործընկերներու համագործակցութեան: Ձեր բարի կամքի շարունակականութեան դրսեւորումն ու աջակցութիւնը կենսական են այն համատեղ աշխատանքներուն համար, որոնք կը կատարուին աշխարհասփիւռ հայութեան կեանքը բարելեւելու ուղղեալ մեր առաքելութիւնը յառաջ տանելու նպատակով։
Նոր տարուան ընդառաջ, ձեզի եւ ձեր ընտանիքին կը փոխացեմ խաղաղութեան եւ բարօրութեան սրտագին մաղթանքներս: