ՍՓԻՒՌՔՆԵՐՈՒ ԵՒՐՈՊԱՆ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղը վեր­ջերս մաս­նակ­ցե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին հե­տաքրք­րա­կան գի­տա­ժո­ղո­վի մը։ Այս­պէս, ՀԲԸՄ-Եւ­րո­պան Փա­րի­զի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուց ե­ռօ­րեայ աշ­խա­տանք մը՝ հրեայ եւ ռո­ման հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ «Սփիւռք­նե­րու Եւ­րո­պան» խո­րագ­րեալ այս հա­ւա­քոյ­թի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու շար­քին էին Հրեայ ու­սա­նո­ղաց Եւ­րո­պա­կան միու­թիւ­նը եւ «Ֆի­րէն-Ա­մեն­քա» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։ Հա­մա­տեղ այս ծրագ­րին ըն­թաց­քին կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կա­տա­րուե­ցան, թէ ինչ­պէս կա­րե­լի է դնել «Սփիւռք­նե­րու Եւ­րո­պա»ին հիմ­քե­րը։ Տասն­հինգ երկ­րէ քա­ռա­սուն ա­կա­դե­մա­կան­ներ, մաս­նա­գէտ­ներ եւ զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րու գոր­ծիչ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան Փա­րի­զի այս ե­ռօ­րեայ հե­տաքրք­րա­կան գի­տա­ժո­ղո­վին, ո­րու ըն­թաց­քին հայ, հրեայ եւ ռո­ման խմբա­ւո­րում­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը բաղ­դա­տե­ցին ի­րենց հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը։ Սփիւռք­նե­րու ար­ժէք­նե­րուն շուրջ ա­նոնք բաժ­նե­ցին զա­նա­զան դի­տար­կում­ներ։ Օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Եւ­րո­պա­յէ ներս հա­կա­սե­մի­թիզ­մի, 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն եւ ռո­ման­նե­րու են­թար­կուած խտրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն կամ ա­տե­լու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը հե­տա­մուտ էին այն մօ­տեց­ման, թէ վա­ւե­րա­կան եւ ար­ժէ­քա­ւոր ըլ­լա­լու հա­մար ինք­նու­թիւն­նե­րը կա­րիք չու­նին տա­րած­քի մը կամ իշ­խա­նու­թեան մը են­թա­կայ ըլ­լա­լու։ Գի­տա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րը կը նա­խա­տե­սեն այս հաս­կա­ցու­մը ժո­ղովր­դա­կա­նաց­նել եւ ընդ­հան­րաց­նել իր բո­լոր սահ­մա­նում­նե­րո­վ։

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015