ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ այցելեց Պատրիարքարան։ Քաղաքապետի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր ան երկրորդ անգամ կը փութար Գումգաբու։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Հայրի Ինէօնիւն, որուն կ՚ուղեկցէր Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն։
Անմիջական զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Շիշլի գաւառակին ընդհանուր հարցերը։ Հայրի Ինէօնիւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց քաղաքապետարանին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ ան ընդգծեց, թէ քաղաքապետարանը կայուն կապեր մշակած է հայ համայնքի Շիշլիի շրջանի հաստատութիւններուն հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը գոհունակութեամբ հետեւեցաւ մեր համայնքային կառոյցներու եւ քաղաքապետարանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ Հայրի Ինէօնիւին կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն։ Ինէօնիւ աւելցուց նաեւ, թէ քաղաքապետարանը միշտ պատրաստ է իրմէ կախեալ բոլոր հարցերու լուծման ուղղութեամբ աջակցութիւն ցոյց տալու թրքահայ համայնքի կառոյցներուն, որոնք կը գտնուին իր վարչական տարածքէն ներս։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յաջողութեան անկեղծ մաղթանքներ յղեց՝ Շիշլիի քաղաքապետութեան կողմէ բարի առաջադրանքներով ձեռնարկուած բոլոր ծրագրերուն համար։ Ան ըսաւ, թէ Շիշլիի գաւառակին մէջ կը տիրէ համակեցութեան մթնոլորտ եւ այս ուղղութեամբ կարեւոր նշանակութիւն ունի քաղաքապետարանին դերակատարութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը Հայրի Ինէօնիւին նուիրեց Պատրիարքական Աթոռի գանձերուն վերաբերեալ երկրորդ հատորը, որ լոյս տեսած է վերջերս։