ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՄԵՌԵԼՈՑԻՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՇԻՇԼԻԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

Խաչ­վե­րա­ցի տա­ղա­ւա­րին առ­թիւ ե­րէկ ընդ­հա­նուր հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն տե­ղի ու­նե­ցաւ Շիշ­լիի ազ­գա­յին գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։ Տա­րուան այս վեր­ջին մե­ռե­լո­ցին օ­րով տե­ղի ու­նե­ցած հո­գե­հանգս­տեան կար­գին հան­դի­սա­պե­տեց Տ. Շնորհք Ա­բե­ղայ Տօ­նի­կեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեան, Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան եւ Տ. Զա­քար Քհնյ. Քո­փա­րեան։ Այս առ­թիւ Հայր Սուր­բին գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­ղօթք բարձ­րա­ցուե­ցաւ մեր հին եւ նոր ննջե­ցե­լոց հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։

Հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նին ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ Շա­ւարշ Փէմ­պէեան եւ գե­րեզ­մա­նա­տան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15, 2015