ՀԱՔՔԵԱՐԻԻ ԵՒ ՄԱՐՏԻՆԻ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ. 5 ՆԱՀԱՏԱԿ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իրականացնել տմարդի բռնարարքներ, որոնք բովանդակ երկրին մէջ կը յառաջացնեն ցասում։ Մինչ ժողովուրդը միահամուռ ձեւով կը պախարակէ ահաբեկչութիւնը, երէկ, դժբախտաբար դարձեալ նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրեր հասան Հաքքեարիէն եւ Մարտինէն։
Հաքքեարիի մէջ ոստիկանական ինքնաշարժ մը թիրախը դարձաւ ահաբեկիչներուն կողմէ ճանապարհին զետեղուած ռումբի մը։ Այս դէպքին հետեւանքով երկու ոստիկան նահատակուեցաւ։ Իսկ Մարտինի Նուսայպին գաւառակի Իւչեոլ շրջանին մէջ, կէս գիշերին մօտ հերթապահութիւն կատարող ոստիկաններու ինքնաշարժին դէմ եւս կատարուեցաւ յարձակում մը։ Ճանապարհին վրայ զետեղուած ռումբը պայթեցուեցաւ հեռակայ դրութեամբ եւ դժբախտաբար այստեղ ալ երեք ոստիկան նահատակուեցաւ։
Միւս կողմէ, Մուշ-Տիարպաքըր ճանապարհին վրայ եւս ՓՔՔ-ականները կատարեցին պայթում մը, որու հետեւանքով տասներկու զինուոր վիրաւորուեցաւ։
Ահաբեկիչներու ձերբակալման համար անվտանգութեան ուժերուն կողմէ լայնածաւալ գործողութիւններ կը կատարուին յիշեալ շրջաններուն մէջ։