ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐՄԷՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՇՈՒԷՏ
Հայանստանի Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սթոքհոլմ՝ Շուէտի Առողջապահութեան, հանրային առողջութեան եւ մարմնամարզի նախարար Կապրիէլ Վիքշթրէօմի հրաւէրին ընդառաջ։ Ըստ նախատեսուած ծրագրին, երկկողմանի ձեւաչափի մէջ իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպում մը ունենալու առընթեր, Արմէն Մուրատեան այցելեց Շուէտի առողջապահութեան բնագաւառի պետական, կրթական, գիտահետազօտական շարք մը հաստատութիւններ։ Նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը կլոր սեղանային քննարկում մըն ալ ունեցաւ այս ոլորտէն ներս գործունէութիւն ծաւալող շարք մը շուէտական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Սթոքհոլմի առընթեր, Ուփսալայի մէջ Արմէն Մուրատեան այցելեց տեղւոյն համալսարանի ակադեմական հիւանդանոցը։ 1708 թուականին հիմնուած է այս մէկը եւ կը հանդիսանայ Շուէտի հնագոյն համալսարանական հիւանդանոցը։
Արմէն Մուրատեան այցելեց նաեւ «Սքանտիոն» մասնագիտական հիւանդանոցը, որ ամբողջ սկանտինաւեան երկիրներէն ներս ուռուցքներու բուժման մէջ քրոթոնային թերափի կիրարկող առաջին հաստատութիւնը կը հանդիսանայ։
Նախարար Մուրատեան մէկտեղուեցաւ նաեւ «Ուփսալա պիօ» ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Հարկ է նշել, որ այս ընկերութիւնը կենսական գիտութիւններու բնագաւառէն ներս հանրային, մասնաւոր եւ գիտական շրջանակներու ներգրաւմամբ հետազօտական ծրագրերով կը զբաղի։
Ուփսալայի մէջ Արմէն Մուրատեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ տեղւոյն նա-հանգապետարանէն ներս։ Նահանգապետ Փիէռ Էկարտթի ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ նախարարին։ «Ուփսալայի ամրոց»ին մէջ հանդիպում մըն ալ կազմակերպուեցաւ նախարարին եւ Շուէտի մէջ բնակող հայազգի բժիշկներուն մասնակցութեամբ։ Առողջապահութեան բնագաւառի այլ մասնագէտ-ներ եւս մասնակցութիւն բերին այս հաւաքոյթին։
Արմէն Մուրատեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Ուփսայալի նահանգային խորհուրդէն ներս։ Նահանգային խորհուրդի նախագահ Պորիէ Վեննպերկ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Մուրատեանը։ Հաւաքոյթի ընթացքին ներկայացուեցան Շուէտի մէջ առողջապահութեան բնագաւառի մատակարարման ձեւերը, նաեւ կեդրոնական ու տեղական մարմիններու գործակցութիւնը։