ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ԵՐԿԻՐՆԵՐԸ ՄԷԿ ՅԱՐԿԻ ՏԱԿ»

Հա­յաս­տա­նի Մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­րար կա­պե­րու ա­ջակց­ման կո­մի­տէին կող­մէ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ յա­ռա­ջի­կայ Սեպ­տեմ­բե­րի 20-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «Եր­կիր­նե­րը մէկ յար­կի տակ» տա­րե­կան ցու­ցա­հան­դէս-հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րուն շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած է նաեւ մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւն մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը նոյ­նա­ժա­մա­նակ կը հե­տապն­դէ քա­նի մը նպա­տակ, ո­րոնց շար­քին ա­ռաջ­նա­հերթ կը դա­սուի Հա­յաս­տա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան կա­ռոյց­նե­րուն ծա­նօ­թաց­նել երկ­րի ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րե­րը, ներ­կա­յաց­նել ա­նոր էթ­նիք ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը։ Ծրագ­րին մէջ ընդգրկուած են նաեւ՝ կրթու­թեան, սննդաար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, թե­թեւ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, ոս­կեր­չու­թեան եւ ա­դա­ման­դա­գոր­ծու­թեան, հան­քար­դիւ­նա­բե­րու­թեան, երկ­րա­գոր­ծու­թեան, ու­ժա­նիւ­թի, շի­նա­րա­րու­թեան, տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու, ա­ռող­ջապա­հու­թեան, բժշկու­թեան, զբօ­սաշր­ջու­թեան, դրա­մատ­նա­յին, ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու մա­տուց­ման եւ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու բնա­գա­ւառ­նե­րը։

Ցու­ցա­հան­դէս-հա­մա­ժո­ղո­վը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ Հա­յաս­տա­նի եւ օ­տա­րերկ­րեայ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ գոր­ծա­րար կա­պե­րու հաս­տատ­ման եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Տե­ղա­կան կամ ար­տա­սահ­մա­նեան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւն­ներն ու ար­տադ­րան­քը բա­ցօ­թեայ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Կը կազ­մա­կեր­պուին քննար­կում­ներ, կը ներ­կա­յա­ցուին զե­կոյց­ներ՝ ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րե­րու շուրջ եւ ար­տած­ման խթան­ման նպա­տա­կով։

«Եր­կիր­նե­րը մէկ յար­կի տակ» խո­րագ­րեալ այս տա­րե­կան ցու­ցա­հան­դէս-հա­մա­ժո­ղո­վը կը կազ­մա­կեր­պուի 2011 թուա­կա­նէն ի վեր։ Ան­ցեալ չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին այս ծրա­գի­րը ու­նե­ցած է լուրջ եւ գործ­նա­կան ար­դիւն­քեր՝ նպաս­տե­լով շարք մը ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու շու­կա­յի ընդ­լայն­ման եւ ա­ր­տա­ծում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման։ Ֆրան­սա­յի եւ Ռու­սաս­տա­նի նման եր­կիր­նե­րէ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու հետ հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ, ստո­րագ­րած են պայ­մա­նագ­րեր։

Այս փա­ռա­տօն-ցու­ցա­հան­դէ­սի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը Սեպ­տեմ­բե­րի 20-ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Ե­րե­ւա­նի մէջ, Կա­րա­պի լի­ճի հա­րե­ւա­նու­թեամբ։ Սեպ­տեմ­բե­րի 22-ին ալ նա­խա­տե­սուած է գոր­ծա­րար-տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղով մը, ո­րու ըն­թաց­քին ե­լոյթ­նե­րով կամ զե­կու­ցում­նե­րով հան­դէս պի­տի գան Հա­յաս­տա­նէն պե­տա­կան գոր­ծիչ­ներ, Ե­րե­ւա­նի մօտ պաշ­տօ­նա­վա­րող դի­ւա­նա­գէտ­ներ եւ ար­տա­սահ­մա­նեան գոր­ծա­րար­ներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015