ՆՈՐ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ ըն­դու­նեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Եւ­րո­միու­թեան պա­տուի­րա­կու­թեան նո­րան­շա­նակ ղե­կա­վար դես­պան Փիո­թըր Սվի­թալս­քին, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մագ­րե­րուն պատ­ճէ­նը։ Այս առ­թիւ Նալ­պան­տեան եւ Սվի­թալս­քի յոյս յայտ­նե­ցին, որ յա­ռա­ջի­կա­յին Հա­յաս­տա­նի եւ Եւ­րո­միու­թեան մի­ջեւ կը սկսին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ նոր ի­րա­ւա­կան փաս­տա­թուղ­թի մը շուրջ, ինչ որ նոր թափ պի­տի տայ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի­ն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015