ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՑՈՅՑ

Մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ բո­ղո­քի մեծ ցոյց մը։ «Ո՛չ ա­հա­բեկ­չու­թեան, ա­յո՛ եղ­բայ­րու­թեան» կար­գա­խօ­սով կազ­մա­կեր­պուած ցոյ­ցին շրջագ­ծով տաս­նեակ հա­զա­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ Սը­հիէի հրա­պա­րա­կէն երթ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Ու­լուս՝ Թուր­քիոյ ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նի շէն­քը։ Հսկայ դրօ­շակ մը կրե­ցին ցու­ցա­րար­նե­րը, ո­րոնք Ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նի շէն­քին առ­ջեւ պա­հե­ցին յար­գան­քի լռու­թիւն ու եր­գե­ցին Ան­կա­խու­թեան քայ­լեր­գը։ Այս­պէ­սով իր ա­ւար­տին հա­սաւ այս ցոյ­ցը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր շաբ­թուան սկիզ­բին տասն­չորս գոր­ծա­տու­նե­րու կամ աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան կո­չին հի­ման վրայ։

Ա­ռա­ջին խորհր­դա­րա­նի պատ­մա­կան շէն­քի պատշ­գա­մէն այս առ­թիւ ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Թուր­քիոյ Ա­ռեւտ­րա­կան գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ սա­կա­րան­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ռի­ֆաթ Հի­սար­ճըք­լըօղ­լու։ Ան ը­սաւ, թէ այս եր­թին բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը տէր կանգ­նած են երկ­րի, ազ­գի, պե­տու­թեան միու­թեան ու միաս­նա­կա­նու­թեան։ Ըստ ի­րեն, օրն է տէր կանգ­նե­լու միու­թեան ու միաս­նա­կա­նու­թեան եւ միաս­նա­բար ազ­գա­յին դիր­քո­րո­շում մը ար­տա­յայ­տուած է ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015