ՆԿԱՐԱԳԻՐԻ ԿԵՐՏՈՒՄ
Ներկայ մարդուն ամենէն տկար եւ զգայուն կէտը՝ իր նկարագիրն է: Այսօրուան մարդը կարծէք կորսնցուցած է իր կողմնացոյցը եւ մնայուն խարխափումներու եւ թափառումներու մէջ է, ինքզինք գտնելու, ինքզինք ըլլալու:
Այս երեւոյթը բոլորը մարդոց կը վերաբերի անխտիր: Հոգեւոր մարդուն պարագային, սակայն, շատ աւելի շեշտուած կերպով կ՚արտայայտուի, որովհետեւ հաւատքի մարդը մնայուն կերպով պայաքարի մէջ է, կարենալ հասնելու համար իր Նպատակին՝ Քրիստոսի, եւ Անոր հետ ու Անոր ներկայութեամբ ապրիլ իր կեանքը:
Այս լոյսին տակ, հոգեւոր մարդը միշտ փնտռտուքի ու փորձերու մէջ է, կարենալ հոգեւորապէս կայանալու եւ հաստատուն ըլլալու համար: Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն, եկեղեցի յաճախել, հոգեւոր գրականութիւն կարդալ, իր քաղաքացիական եւ ազգային պարտականութիւնները կատարելու գիտակցութիւն եւ որպէս մարդ՝ իր մարդկային կոչումին հաւատարիմ ըլլալու յանձնառութիւն:
Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի Հայարապետը հետաքրքրական լուծումներ կու տայ իւրաքանչիւր հաւատացեալ մարդու՝ կարենալ կերտելու իր նկարագիրը, կայունանալու եւ հաստատուն դառնալու Քրիստոսի Եկեղեցիին մէջ: Կը կարդանք. «Ունենալ հոգիի մաքրութիւն, մարմինի անախտութիւն, հեզ գնացք, չափաւոր ձայն, կերակուր եւ ըմպելի՝ խաղաղութեամբ, ծերերուն առջեւ լռութիւն, իմաստուններուն առջեւ ունկնդրութիւն, վերակացուներուն հանդէպ հնազանդութիւն, ընկերակիցներուն հանդէպ՝ սէր, կրտսերներուն հանդէպ անկեղծութիւն։ Քիչ խօսիլ եւ շատ լսել. ծաղրական խօսք չխօսիլ. աչքը վար առնել, իսկ միտքը՝ վեր, փախչիլ հակառակութենէ։ Իշխանաբար չուսուցանել. ամենէն դիւրին կերպով պատիւ չընդունիլ. ով որ կրնայ ընկերին փոխ թող տայ. հատուցումը չակնկալէ, այլ Աստուծոյ վարձատրութեան վրայ դնէ յոյսը եւ յաւիտենական կեանքը ընդունի Քրիստոսէն»։
Կեսարացի Հայրապետը այնպիսի երեւոյթներու մասին կը խօսի, որ իւրաքանչիւր մարդու առօրեային մաս կը կազմեն եւ անբաժանելի են մարդէն: Եթէ փորձենք վերը յիշատակուած երեւոյթները մեր առօրեայ կեանքին մէջ գործադրել, իրականութիւն դարձնել, ապա մեր հոգեւոր կեանքին մէջ աճ կ՚ունենանք, կը հասուննանք, կը կարենանք մեր նկարագիրը ամուր ժայռի վրայ կերտել եւ առաքինի մարդիկ կը դառնանք՝ հաւատարիմ մեր պատկերին ու նմանութեան, արդարապէս արժանանալով Աստուծոյ որդիներ կոչումին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ