ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդ էակը կոչուած է ճշմարտութիւնը փնտռելու։
Ուստի մարդ պարտաւոր է փնտռել ճշմարտութիւնը՝ որ է իրաւո՛ւնք նաեւ իրեն տրուած։ Եւ մարդ պէտք է յատկապէս ճշմարտութիւնը փնտռէ այն հարցերուն մէջ՝ որոնք կը հային հոգեւոր կեանքին՝ Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ։ Եւ զայն գտնելէ յետոյ, պէ՛տք է ճանչնայ՝ ճանչնալէ ետք անոր փարիլ եւ անոր հաւատարիմ մնալ այլեւս խղճի հարց մըն է՝ որ կը պատկանի խղճի ազատութեան եւ կրօնական լայնախոհութեան, որոնք իրաւունքն են իրեն եւ արդիւնք՝ ազատ կամքին։
Ուրեմն ճշմարտութիւնը փնտռել ու գտնել՝ մարդուն պարտականութիւնն է, գտնելէ վերջ անոնց հպատակիլ կամ հաւատարիմ մնալ՝ բոլորովին խղճի ազատութեան հարց մըն է, իրաւունք մը՝ որը վայելել ազատ կամքի գործադրութեան խնդիր մըն է։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին՝ կարեւորութիւն կը ստանայ խղճի ազատութիւնը՝ որուն կարեւոր մէկ մասն է կրօնական ազատութիւնը։
Կը հետեւի, թէ՝ կրօնական ազատութիւնը իրաւո՛ւնք մըն է։
Այս իրաւունքը՝ որ հետեւանքն է ճշմարտութիւնը փնտռելու պարտականութեան, կը բխի նոյնինքն մարդուն բնութենէն, այսինքն «բնածին» է։
Արդարեւ, որեւէ կրօնական դրութեան հաւանիլ ու հպատակիլ, երբեք չի՛ հակասեր այլազան կրօններու հանդէպ անկեղծ յարգանքին, որոնք յաճախ կը կրեն նշոյլը ճշմարտութեան՝ որ կը լուսաւորէ բոլոր մարդիկը՝ համայն մարդկութիւնը։ Որեւէ կրօնի ընտրութիւնը չի՛ հակասեր նաեւ սիրոյ պահանջքին, զոր կը մղէ մարդը սիրով, խոհեմութեամբ, համբերութեամբ, հանդուրժողութեամբ վարուելու անոնց հետ՝ որոնք միտքով կը տարբերին իրենցմէ, նոյնիսկ անոնց հետ, որ կը գտնուին սխալի կամ հաւատքի անգիտութեան մէջ։
Մարդուս որեւէ կերպով տարբեր կամ «սխալ» ընտրութիւն կատարելը երբեք պատճառ մը չէ՛, ոչ հակառակութեան եւ ոչ ալ ատելութեան։
Ամէն պայմանի եւ պարագայի մէջ պէ՛տք է տիրէ սէրը՝ որ էականն է եւ կենսակա՛նը։
Տարբեր խորհիլ, տարբեր զգալ, տարբեր դիրք գրաւել երբեք տարբեր կերպով սիրելու պատճառ մը պէտք չէ՛ նկատուի, քանի որ սէրը միշտ նո՛յն սէրն է՝ անայլայլելի եւ մշտնջենական։ Եւ ահաւասիկ հոս կը կայանայ խղճի ազատութեան իրաւունքի իմաստը, հոս կը ներկայանայ մարդկային արժանաւորութեան ու արժանապատուութեան արժէքը։
Ուստի կարգ մը պարագաներու մէջ՝ պատշաճ պատճառներու համար, կարելի է մարդը ազատ կացուցանել կատարուած ուխտերէն եւ խոստումներէն, եւ ներելի համարել կատարած նախընտրութիւնները…։
Խղճի ազատութիւնն ալ ա՛յս կը պահանջէ։
Աստուծոյ՝ մարդուս Արարիչին ու Նախախնամին վաւերական, ընդունելի պաշտամունք մը մատուցանելու պարտականութիւնը կը վերաբերի իրեն՝ անհատապէս եւ հաւաքապէս, ընկերապէս։ Եւ ա՛յս է ողջախոհ մարդուն աւանդական ուսուցումը՝ մարդոց եւ հասարակութեան բարոյական պարտականութիւններու մասին՝ որ է ճշմարտութեան եւ աւելի նեղ առումով՝ կրօնին պահանջքն, ա՛լ աւելին՝ էութեան պատճառը։
Կրօնական ուսուցումը, մարդիկը անդադար ուսուցանելով, կ՚աշխատի որ կարենան ուղիղ եւ ճշմարիտ կերպով, ճշմարտութեան ոգիով ներթափանցեն մտայնութիւններու եւ բարքերու խորը, եւ իւրացնեն իրենց դրութեան օրէնքները եւ կառոյցները։ Այս կը նշանակէ՝ ամէն կրօնական դրութիւն կ՚աճի ինքն իր մէջ եւ կը ծաւալի հասարակութեան ամէն խաւերուն թափանցելով։ Չէ՞ որ մարդ կ՚ապրի ընկերութեան մէջ, եւ անդամ է մարդկային մեծ ընտանիքին։ Ուստի ամէն խղճամիտ անհատի պարտականութիւնն է՝ իւրաքանչիւր մարդու մէջ յարգել եւ արթնցնել սէրը ճշմարիտին, բարիին, գեղեցիկին։
Ուստի մարդ կը փափաքի ճանչնալ ճշմարիտը, ճշմարիտ հաւատն ու կրօնը, որ հաստատուած է իր խղճին խորը եւ կը սպասէ յայտնուի՛լ։
Ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, մարդ կոչուած է կատարելութեան՝ կատարեալ ըլլալու, լոյս ըլլալու եւ օգնելու իրարու։ Ա՛յս է արարչագործութեան ամբողջական ծրագրին հիմքն ու առանցքը, յստակ կերպով կ՚արտայայտուի մարդկային կեանքին ընթացքին։ Ուստի խղճի ազատութեան սահմանները կարելի է գծել այս հիմքին ու առանցքին չափերով՝ ո՛չ աւելի եւ ոչ՝ պակաս։
Թող, մանաւա՛նդ կրօնական հարցին մէջ ո՛չ ոք բռնադատուի իր խղճմտանքին դէմ գործելու, ո՛չ ալ արգիլուի արդար սահմաններու մէջ գործելու ըստ իր խղճմտանքին, անհատաբար թէ հրապարակաւ՝ առանձին թէ միացած ուրիշներուն։ Այս իրաւունքը հիմնուած ու հաստատուած է նոյնինքն մարդկային անձին բնութեան վրայ, որուն արժանապատուութիւնը զինք ազատօրէն ու անկախօրէն յարիլ կու տայ «աստուածային ճշմարտութեան», որ գերիվե՛ր է ժամանակաւոր կարգէն։ Այս պատճառով իսկ այս իրաւունքը կը գոյատեւէ նոյնիսկ անոնց մէջ, որոնք ճշմարտութիւնը որոնելու եւ անոր փարելու պարտաւորութիւնը չեն ճանչնար եւ չեն յարգեր ընդհանրապէս։
Ուստի կրօնական ազատութեան իրաւունքը ո՛չ բարոյական արտօնութիւնն է յարելու սխալին, ո՛չ ալ սխալելու ենթագրեալ իրաւունք մըն է, այլ մարդկային անձին բնական իրաւունքը՝ վայելելու կեանքի բոլոր ազատութիւնը, որուն կարգին՝ քաղաքացիական ազատութիւնը, որ քաղաքական իշխանութեան կողմէ ճանչցուած արդար սահմաններուն մէջ արտաքին պարտադրանքէն զերծանումն է, կրօնական մարզին մէջ։ Եւ այս բնական իրաւունքը պէ՛տք է ճանչցուի ու յարգուի ընկերութեան հասարակական իրաւական կարգին մէջ, այն ձեւով՝ որ ան «քաղաքացիական իրաւունք» մը գոյացնէ։ Կրօնական ազատութեան իրաւունքը ինքնին ո՛չ կրնայ սահմանազերծ ըլլալ, ո՛չ ալ սահմանուիլ միայն «հանրային հասարակական կարգ»ով մը, յղացուած դրապաշտ կամ բնապաշտ կերպով։ «Արդար սահման»ները՝ որոնք այս իրաւունքին յարակից են, պարտին որոշուիլ ընկերային իւրաքանչիւր կացութեան համեմատ՝ քաղաքական բծախնդիր խոհեմութեամբ ըստ պահանջքներուն «հասարակաց բարիք»ին եւ վաւերացուին քաղաքական իշխանութեան կողմէ՝ ըստ «իրաւական կանոններու համապատասխան բարոյական առարկայական կարգ»ին։ Հոս կարեւոր դեր մը ունի՝ «հաւատարմութիւն»ը։ Հաւատարմութիւնը Աստուծոյ տրուած մարդոց խոստումներուն հանդէպ արտայայտութիւնն է այս յարգանքին, զոր մարդ պարտի աստուածային մեծվայելչութեան եւ սիրոյն, ի յարգանս հաւատարի՛մ Աստուծոյ։
Հաւատարմութիւնը իր օրինաւոր սահմաններուն մէջ իրապէ՛ս առաքինութիւն մըն է՝ խղճի ազատութեան պահանջքներէն մի՛ն, որ մարդը կը բարձրացնէ եւ առիթ կու տայ, որ օրինաւոր սահմաններու եւ պայմաններու մէջ, ազատօրէն ու անկախօրէն գործէ մարդ։ Բայց միշտ օրինաւոր սահմաններու մէջ՝ չափաւորութեամբ եւ միշտ յարգելով ամէն մտածում եւ ամէն տեսակէտ, քանի որ բոլորն ալ մարդկային բանականութեան արդիւնք են, եւ պէ՛տք է յարգել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 5, 2015, Իսթանպուլ