ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Մարդ պէ՞տք է իր լսած գովասանքը կամ փառաբանութիւնը նկատի առնէ, կամ փորձութեան ենթարկէ:
Պատասխան. Առակացի իմաստուն հեղինակը այսպէս կը պատասխանէ. «Ինչպէս հալոցը՝ արծաթը եւ քուրան ոկին կը փորձէ, այնպէս ալ մարդը զինք գովող բերանը թող փորձէ» (Առ 27.21):
Այս խօսքը ընդհանրապէս կը վերաբերի հոգիով տկարներուն, հաւատքի մէջ թերի եղողներուն, չկայացած եւ նկարագիր չունեցող մարդոց: Մէկ խօսքով, այս խօսքը կը վերաբերի բոլոր անոնց, որոնք երկնային փառաբանութիւնն ու գովասանքը մոռցած կամ մէկ կողմ դրած, միմիայն կը մտածեն երկրային, աշխարհիկ եւ գնայուն գովասանքի ու փառաբանութեան մասին, որ խորքին մէջ ոչինչ կու տայ մարդուն, բացի ա՛լ աւելի մեղքին մէջ խրելէ:
Հոգիով զօրաւոր, կայացած, նկարագրի, սկզբունքի եւ համոզումներու տէր մարդը, իրեն ուղղուած գովասանաքին եւ փառաբանութեան կողքէն կ՚անցնի այնպէս, ինչպէս ամէն օր արեւը իր շրջանը կ՚ընէ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու իր լուսաւորած վայերուն մէջ տեղի ունեցող դրական թէ ժխտական իրադարձութիւններուն:
Իսկ հակառակ բնաւորութիւն եւ նկարագիր ունեցող մարդիկը, ամենէն չնչին գովաանքին իսկ դիմաց կը փքուին, իրենց քիթերն ու ճակտաները կը բարձրացնեն, մէկ խօսքով կը հպարտանան:
Մարդոց գովասանք ու փառաբանութիւն լսելն ու ականջ կախելը այդ ըսուածներուն, մարդս դիւրութեամբ կորուստի կ՚առաջնորդէ: Մարդ իր գովասանքն ու փառաբանութիւնը պէտք է Աստուծմէ սպասէ եւ Անկէ փնտռէ այդ բոլորը:
Օրինակ առնենք խաչին վրայ Տէր Յիսուսի հետ խաչուած աւազակէն, որ արժանի եղաւ լսելու Անկէ, թէ՝ վստահ եղիր, այսօր Ինծի հետ պիտի ըլլաս դրախտին մէջ (Ղկ 23.43): Աւազակը, որ ո՛չ թէ մարդոց կողմէ գովասանք ստացած էր, ընդհակառակը անարգանք եւ մահուան իսկ դատապարտուած էր, սակայն ճիշդ ժամանակին, առիթը օգտագործելով իր արտասանած խօսքերով զղջաց եւ արժանի դարձաւ Յիսուսի հետ դրախտ երթալու:
Մարդ, որպէսզի կարենայ զօրաւոր կեցուածք ունենայ եւ չտարուի իրեն ուղղուած գովասանքներէն ու փառաբանութիւններէն, նախ եւ առաջ պէտք է սորվի եւ ինքզինք վարժեցնէ անարգանքին համբերելու, այլ խօսքով՝ իրեն ուղղուած անարգանքը համբերութեամբ տանելու: Եթէ մարդ յաջողի այդ բարձրութեան հասնիլ, ապա իրեն համար աշխարհիկ գովասանքը ոչինչի կը վերածուի:
Այս մասին Վարք Հարանցին մէջ գրուած է. «Ով որ վիրաւորական (անարգանք) խօսքի չի՛ կրնար համբերել, գովասանքի խօսքին ինչպէ՞ս պիտի կրնայ համբերել»: Եթէ անարգանքին համբերել գիտենք, ապա լաւապէս կը գիտնանք նաեւ գովասանքին համբերել ու չտարուիլ անոր լարած թակարդներէն եւ պատճառած գայթակղութիւններէն:
Մարդ այս բոլորին մէջ յաջողութեան կը հասնի մէկ այլ ճանապարհով եւս, երբ իր ամէն ինչը Աստուծոյ յանձնէ, ամէն բան Աստուծոյ համար ընէ եւ մարդոցմէ ո՛չ մէկ ակնկալիք ունենայ, ինչպէս կը գրէ Սուրբ Բարսեղ Մեծը. «Եթէ մէկը կ՚ուզէ ամէն ինչ Աստուծոյ փառքին համար ընել, ապա պէտք է ամէն ինչ Աստուծոյ կամքին համաձայն ընէ, ու որեւէ մէկ բանի մէջ մարդոց կողմէ գովասանք չսպասէ»:
Մեր օրերուն գովասանքն ու փառաբանութիւնը ձրիաբար եւ առատութեամբ կը բաշխեն, օրինակի համար, աղանադաւորական տարբեր հոսանքներ, որոնք իրենց սին ու փուճ հաշիւներուն համար, մարդիկը կը մոլորեցնեն իրենց գովասանքներով: Պօղոս առաքեալ այդպիսիներէն կը զգուշացնէ մեզ, ըսելով. «Կ՚աղաչեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, ուշադի՛ր եղէք այնպիսիներէն, որ հերձուածներ ու գայթակղութիւններ կը յառաջացնեն այն վարդապետութենէն դուրս՝ որ դուք սորված էք. եւ խորշեցէ՛ք անոնցմէ, որովհետեւ այդպիսիները մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսին չեն ծառայեր, այլ՝ իրենց որովայնին. եւ քաղցրախօսութեամբ ու կեղծ գովասանքներով անմեղներուն սիրտերը կը հրապուրեն» (Հռ 16.17-18):
Պէտք չէ տարուիլ աղանդաւորական շարժումներու եւ անոնց գառնուկներու հագուստներով ներկայցող աղուէսներու բնաւորութիւն եւ նկարագիր ունեցող այսպէս կոչուած՝ «հովիւ»ներու գովասանքներէն, որ մարդիկը կը հեռացնեն իրենց փրկութենէն, զանոնք առաջնորդելով հպարտութեան եւ ամբարտաւանութեան գիրկը:
Ոմանք պիտի ըսեն, թէ Տէր Յիսուս, ինչպէս նաեւ Իր աշակերտները եւս երբեմն-երբեմն գովասանք կ՚ուղղէին իրենց հետեւորդներուն. շատ տեղին մատնանշում: Բայց անոնք իրենց գովասանքը կը կատարէին ի շինութիւն տուեալ անձին, այսինքն՝ անոր հոգիի փրկութեան եւ հաւատքի հզօրացման համար կը կատարէին այդ գովասանքը:
Այսօրուան «հովիւ» յորջորջուածները ի՞նչ բանի համար գովասանք կ՚ուղղեն.
- Իրենց ծնած եւ հոգեւորապէս աճած եկեղեցին լքելու եւ իրենց միանալո՞ւ համար:
- Իրենց ծնողներուն հակառակելո՞ւ համար, որովհետեւ որպէս թէ՝ ըստ այդ հովիւիկներու պնդումներուն, Աստուծոյ ճամբուն մէջ չեն:
- Իրենց զաւակները անարգելուն եւ տունէն վռնտելո՞ւն համար, որովհետեւ որպէս թէ՝ դարձեալ ըստ հովիւիկներու առասպելներուն, անհնազանդ զաւակ է, հետեւաբար արժանի չէ ձեր մէջ ապրելու…: Այդ հովիւիկները թերեւս մոռցած են կամ չեն կարդացած, թէ ի՛նչ ըրաւ Անառակ որդիին հայրը, երբ տեսաւ թէ իր զաւակը տուն կը վերադառնար… (տե՛ս Ղկ 15.11-32):
- Իրենց գործատէրերուն հակառակելո՞ւն համար…
- Իրենց ստորադասները անարգելո՞ւն համար…
- Իրենց կողակիցները անիծելո՞ւն համար…
- Իրենց մանկութեան եւ երկա՜ր տարիներու ընկերներէն հեռանալո՞ւ համար…
Շարքը տակաւին կարելի է երկարել…:
Զգոյշ պէտք է մնալ հետեւաբար այս արարածներէն, որոնք Աստուծոյ անունով կը խօսին, բայց զԱստուած չեն ճանչնար, Քրիստոսի անունով կը քարոզեն, բայց երբեք Քրիստոսին չեն հանդիպած, Ս. Հոգիի անունով կը մեծամտանան, բայց Սուրբ Հոգին երբեք չե՛ն ընդունած…: Մանաւանդ՝ պէտք է զգուշանալ ու մերժել անոնց ուղղած գովասանքը, որովհետեւ այդ գովասանքները թէեւ գեղեցիկ ծրարներու կը նմանին, բայց իրականութեան մէջ անոնց մէջինը դէպի դժոխք, դէպի յաւիտենական կորուստ առաջնորդող հրաւէր է…:
Խնդրենք Աստուծմէ, որպէսզի զօրացնէ մեր հաւատքը, ամուր պահէ մեր նկարագիրը, որպէսզի կարենանք ճիշդ կերպով վարուիլ մեզի ուղղուած գովասանքներուն նկատմամբ, չսայթաքին եւ չիյնանք անոնց ծուղակը, այլ՝ մեր աչքերը Աստուծոյ ուղղելով, Անկէ փտռենք եւ սպասենք մեր գովասանքը եւ ո՛չ թէ մարդոցմէ, որովհետեւ, ինչպէս Սուրբ Անտոն Անապատականը կ՚ըսէ. «Թող որ աստուածասէր եւ կեանքի նախանձախնդիր ըլլանք, ոչ թէ մարդկային գովասանքի համար, այլ՝ առաքինի կեանքը ընտրենք հոգիի փրկութեան համար, որովհետեւ մեր մահը ամէն օր մեր աչքերուն առջեւ է եւ ամէն մարդկային բան անհաստատ է»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 135
Վաղարշապատ