ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆԴԱՄ
Յաճախ կը լսենք, որ մարդիկ հետեւեալ արտայայտութիւնը կ՚ունենան. «Եկեղեցին ես եմ», կամ «եկեղեցին մենք ենք»: Այս եւ նման արտայայութիւնները սխալ են եւ մեզ կը մոլորեցնեն ու սայթաքումի կը տանին:
Մենք չե՛նք կրնար եկեղեցի ըլլալ: Եկեղեցին աշխարհի վրայ Քրիստոսի մարմինն է, այլ խօսքով՝ Եկեղեցին Քրիստոս Ի՛նք է, իսկ մենք ո՛չ թէ եկեղեցին ենք, այլ՝ մենք եկեղեցւոյ մէկ անդամն ենք, որ հաստատուած ենք Բունին՝ Քրիստոսի վրայ: Մեր այդ հաստատուիլը ո՛չ թէ մեր արժանիքն է, այլ՝ Քրիստոսի մեզի շնորհած ձրի պարգեւը: Հետեւաբար, պէտք է զգոյշ ըլլանք եւ հասկնանք, թէ ի՛նչ կ՚ըսենք եւ անգիտակցաբար մենք մեզ մեղքի մէջ չնետենք:
Եկեղեցին, ըսինք, որ Քրիստոսի մարմինն է: Իսկ Քրիստոսի մարմինը բաղկացած է անդամներէ՝ հաւատացեալներէ, որոնք իրարու մօտ հաւաքուելով կը հանդիպին իրենց Արարիչին ու Փրկիչին, կը միանան Անոր եւ կը զգան Անոր ներկայութիւնը: Աւելին, եկեղեցին իր անդամները մնայուն կերպով մաքրող ու սրբագործող վայրն է, ուր հաւատացեալները մտնելով կը պայծառակերպուին ու կը լուսազարդուին:
Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան կը գրէ. «Եկեղեցին հաւատացեալներու ընտանիքն է: Եկեղեցին շարունակաբար իրենց ապաշխարութիւնը վերանորոգող մարդոց հաւաքականութիւնն է: Եկեղեցին շարունակաբար իրենց մկրտութեան ուխտը վերանորոգող մարդոց հաւաքականութիւնն է: Եկեղեցին շարունակ եկեղեցւոյ Հիմնադիրին՝ Քրիստոսի հետ ըլլալ փափաքողներու հաւաքականութիւնն է: Եկեղեցին պարզապէս աշխարհիկ միութիւն մը չէ, որ միայն մշակոյթով, երգով, պարով եւ միասնականութեամբ պիտի զբաղի: Եկեղեցին Քրիստոսակեդրոն հաւաքականութիւն է»:
Այս տողերը կարդալով՝ ա՛լ աւելի կը համոզուինք, որ ես կամ մենք եկեղեցին չենք, այլ այդ եկեղեցւոյ մէկ անդամն ենք, որով եւ հաւատացեալներու ընտանիքին մէկ մասնիկը, որ ապաշխարութեամբ կը վերանորոգուինք, միաժամանակ վերանորոգելով մեր մկրտութեան սրբազան ուխտը: Եկեղեցին մեր հոգիներու փրկութեան վայրն է, այլ խօսքով, եկեղեցին այն վայրն է, ուրկէ մեր հոգիներու փրկութեան գրաւականը կը ստանանք: Աւելին, եկեղեցին Քրիստոսի հետ հանդիպելու հաւաքավայրն է, որ աշխարհիկ միութիւն մը չէ, այլ հոգեւոր իրականութիւն մը, որու կեդրոնը, կորիզն ու բունը Քրիստոս Ի՛նք է:
Յաճախենք եկեղեցի որպէս լիիրաւ մէկ անդամը Քրիստոսի մարմինին, խոնարհեցնելով մեր հոգիներն ու սիրտերը Անոր դիմաց, ընդունելու համար Անոր մեզի պարգեւած շնորհները, օրհնութիւնն ու փրկութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ