ԳՀԽ-Ի ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կ՚ընթանայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանը՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Ժողովը անդրադարձած է Արցախի քաղաքական ղեկավարութեան, զինուորականներու եւ քաղաքացիական անձանց դէմ Ատրպէյճանի մէջ իրականացուող շինծու դատավարութիւններուն։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգը երէկ հրապարակեց ԳՀԽ-ի համապատասխան յայտարարութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
*
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կ՚արձանագրէ, որ Ատրպէյճանէ ներս անազատութեան մէջ ապօրինաբար պահուած հայ գերիներու եւ պատանդներու դէմ արարքները հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ այդ երկրի իշխանութիւններու շարունակական թշնամանքի եւ բռնութեան հերթական դրսեւորումներն են։
Ակնյայտ է, որ միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու բացայայտ խախտումներով դատավարութեան կ՚ուղեկցին գերիներու խոշտանգումներն ու անմարդկային վերաբերմունքը։ Անթաքոյց նպատակ կը հետապնդուի հիմնովին խեղաթիւրելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման պատմութիւնը՝ միտում ունենալով նուաստացնել մեր ժողովուրդն ու հայոց պետութիւնը։ Անտեսելով միջազգային հանրութեան յորդորներն ու պահանջները՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը կը փորձէ ո՛չ միայն քօղարկել, այլեւ արդարացնել իր իսկ սանձազերծած ցեղասպանութեան եւ պատերազմական յանցագործութեան անհերքելի փաստերը, ինչպէս նաեւ զոհերը ներկայացնել՝ իբրեւ ոճրագործ։
Շինծու դատավարութիւններով եւ հայ գերիներէն խոշտանգումներով կորզուած կեղծ ցուցմունքներու միջոցաւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն հեռահար նենգ նկրտումներով դատավճիռներ ապահովել, նախադրեալներ ստեղծել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի դէմ նոր պարտադրանքներ ու բռնութիւն սանձազերծելու համար։ Զուգահեռաբար, ամէն ինչ կը կատարուի արգիլելու համար միջազգային փաստաբաններու եւ կազմակերպութիւններու այցերը հայ գերիներուն։ Անոնք զրկուած են նաեւ հոգեւոր խնամքէ օգտուելու տարրական հնարաւորութիւններէն։
Այս պայմաններուն ներքեւ մեծապէս կը կարեւորենք Հայաստանի պետական մարմիններու եւ համահայկական կառոյցներու ջանքերու մէկտեղումը՝ հայ գերիներու եւ պատանդներու դէմ բռնութիւններով ուղեկցուած ապօրինի գործողութիւնները դադրեցնելու եւ գերիներու ազատ արձակման հասնելու համար։
Հայաստանի իշխանութիւններուն կը յորդորենք նախաձեռնել գործուն ու հնարաւորինս տեսանելի քայլերու՝ այս նպատակի իրագործման ծառայեցնելու հայկական ու միջազգային շրջանակներու բոլոր հնարաւորութիւններն ու ամբողջ ներուժը։
Կոչ կ՚ուղղենք նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու առաջնորդներուն, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան լիազօրութեամբ միջազգային կազմակերպութիւններուն ու անոնց ղեկավարներուն՝ առաւել ազդու միջոցներ կիրառել Ատրպէյճանի դէմ՝ հայ գերիները անյապաղ հայրենադարձնելու համար։ Տարածաշրջանէն ներս կայուն, երկարատեւ խաղաղութեան եւ սերունդներու համար արժանապատիւ գոյակցութեան պայմաններ կարելի է ապահովել միայն առկայ հիմնախնդիրներու արդար հանգուցալուծման եւ արցախահայութեան իրաւունքներու իրացման պարագային։
Առ Բարձրեալը աղօթքով զօրակցութիւն կը յայտնենք գերեվարուած մեր սիրելի զաւակներուն՝ պատգամելով զերծ մնալ բողոքի այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք անմիջական սպառնալիքներ կրնան ստեղծել իրենց կեանքի ու առողջութեան դէմ։ Մեր յորդորն է սիրելի Ռուբէն Վարդանեանին՝ դադրեցնել հացադուլը եւ ամուր հաւատով շարունակել պայքարիլ յանուն ազատ ու արժանապատիւ կեանքի իրաւունքի։
Մեր հայցը կը վերառաքենք առ Աստուած՝ բոլոր գերեալներու, նեղեալներու եւ անոնց ընտանիքներուն համար՝ խնդրելով Տիրոջ օգնութիւնն ու օգնականութիւնը ամէնքին։