ԽՕՍԻԼԸ ԱՐՈՒԵ՛ՍՏ ՄԸՆ Է

Խօ­սի­լը՝ խօս­քը գոր­ծա­ծել ի­րա­պէ՛ս ա­րուեստ մըն է։

Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ը­սած ենք. կան մար­դիկ՝ որ շա՜տ կը խօ­սին եւ ո՛­չինչ կ՚ը­սեն, կան մար­դիկ՝ որ սա­կա­ւա­խօս են, քիչ կը խօ­սին եւ շա՜տ բան կ՚ը­սեն։

Ա­հա­ւա­սիկ այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ կ՚ը­սենք. խօ­սի­լը ա­րուեստ մըն է։ Խօս­քը գիտ­նալ, խօս­քով ազ­դել եւ տպա­ւո­րել, օգ­տա­կա­րը խօ­սիլ, այս բո­լո­րը կը նշա­նա­կէ խօս­քը լաւ գոր­ծա­ծել։ Այն ի՛նչ որ օգ­տա­կար է, այն ի՛նչ որ ար­դիւ­նա­բեր է՝ հա­ճե­լի է, ա­խոր­ժե­լի է։

Խօս­քը՝ մար­դոց ի­րա­րու հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու, յա­րա­բե­րուե­լու, զի­րար հասկ­նա­լու մի­ջոց մըն է՝ ա­ռար­կայ մը՝ որ ե­թէ յար­մար եւ պա­տեհ կեր­պով գոր­ծա­ծուի, կը հաս­նի իր նպա­տա­կին։ Ան գոր­ծիք մըն է՝ երբ լաւ գոր­ծա­ծուի, բազ­մա­թիւ օ­գուտ­ներ կա­րե­լի է ստա­նալ ան­կէ, բայց ան­պա­տեհ եւ սխալ գոր­ծա­ծու­թիւնն ալ կրնայ բա­րո­յա­կան վնաս­նե­րու պատ­ճառ դառ­նալ։ «Խօս­քը գիտ­նալ»՝ ա­հա­ւա­սիկ ա­ռա­քի­նու­թիւն մը, ազ­նուու­թիւն մըն է այս պատ­ճա­ռով։ Ու­րիշ խօս­քով՝ կա­րե­ւո­րը գոր­ծի­քին լաւ կամ գէշ ըլ­լա­լը չէ՝, այլ՝ զայն գոր­ծա­ծո­ղին գոր­ծա­ծե­լու կերպն է եւ այդ գոր­ծե­լա­կերպն է՝ որ գոր­ծի­քը ար­ժէ­քա­ւոր կամ ա­նար­ժէք կ՚ը­նէ։ Այս ի­մաս­տով, լաւ խօս­քը՝ օգ­տա­կար խօսքն է, ինչ որ կ՚ո­րո­շէ զայն գոր­ծա­ծո­ղը՝ խօ­սո­ղը…։

Խօ­սած ա­տեն, մարդ եր­կու կէ­տե­րու պէտք է ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նէ։ Նախ պէտք է լա՛ւ ո­րո­շէ, թէ «ի՛նչ պէտք է որ չը­սէ», քա­նի որ խօսք մը ը­սե­լէ ա­ւե­լի՝ չը­սե­լը կա­րե­ւոր է։ Յե­տոյ խօ­սած ա­տեն, մարդ բա­նա­կա­նու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ խօ­սի, այ­լա­պէս կը կորսնց­նէ իր վստա­հե­լիու­թիւ­նը եւ հա­մո­զիչ չ՚ըլ­լար իր խօս­քը։ Այդ պա­րա­գա­յին խօս­քը կը դառ­նայ՝ ու­նայ­նա­խօ­սու­թիւն, սնա­մէջ ու ա­նի­մաստ աղ­մո՛ւկ, պա­րապ խօս­ք, որ կը ձանձ­րաց­նէ մտիկ ը­նող­նե­րը։

Բնա­կա­նա­բար ա­մէն մար­դու խօ­սա­ծը՝ ա­մէն մարդ չի հասկ­նար, ըմբռ­նու­մի տա­րո­ղու­թիւն մը ու­նի ի­ւրա­քան­չիւր անձ եւ այս կը տար­բե­րի ա­մէն մէ­կուն հա­մար։ Ա­մէն խօսք ա­մէն­քին կող­մէ հասկ­նա­լի չի կրնար ըլ­լալ, այդ սպա­սել ա­նի­մաստ է։

Ու­րեմն խօ­սո­ղը պէտք է լաւ գիտ­նայ իր խօ­սա­կից­նե­րուն, ունկն­դիր­նե­րուն մտա­յին տա­րո­ղու­թիւ­նը եւ ըստ այնմ խօ­սի, այ­լա­պէս դար­ձեալ պա­րապ տեղ խօ­սած պի­տի ըլ­լայ։ «Խօ­սած ըլ­լա­լու հա­մար խօ­սիլ»՝ նոյն­քան ա­նի­մաստ ու ան­պա­տեհ է, քա­նի որ այդ նպա­տա­կով խօ­սիլ կը նշա­նա­կէ՝ միայն «ձայն բարձ­րաց­նել» բայց ո՛չ խօ­սիլ։

«Ձայ­նա­ւոր տա­կառ»ներ են միայն ա­նոնք՝ որ միայն ձայն կը հա­նեն, բայց չեն խօ­սիր՝ իր իս­կա­կան ի­մաս­տով։ Մինչ­դեռ խօս­քը պէ՛տք է ի­մաստ ու­նե­նայ, նպա­տակ ու­նե­նայ, ծա­ռա­յէ մար­դուն մտա­ւոր զար­գաց­ման։ Եւ ու­նայ­նա­խօ­սու­թիւ­նը եր­բեք «խօ­սիլ» պէտք չէ հա­մա­րել, քա­նի որ ան բո­լո­րո­վին ներ­հակ է, հա­կա­ռակ է «խօսք»ի նպա­տա­կին։ Խօս­քը, ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին բա­նա­կա­նու­թեան ար­տա­ցո­լումն է, հոն ուր բա­նա­կա­նու­թիւն՝ «պատ­ճառ», «նպա­տակ»  եւ «ի­մաստ» չկայ, հոն չկա՛յ նաեւ «խօսք»։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս պատ­ճա­ռով է որ կ՚ը­սենք՝ խօ­սի­լը ա­րուե՛ստ մըն է։ Ա­րուեստ մը՝ որ հո­գիին եւ մտքին միան­գա­մայն աշ­խա­տու­թեամբ ար­տադ­րած գե­ղե­ցիկ ու օգ­տա­կար «պտուղ»ն է։

Իս­կա­կան ի­մաս­տով «խօսք»ին մէջ կայ հո­գի եւ միտք, եւ ու­րեմն խօս­քը հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խա­տան­քով գո­յա­ցած ար­ժէք մըն է։ «Խօսք…», ը­սե­լով կ՚անց­նին շա­տեր, բայց այդ ան­տե­սուած խօ՛սքն է որ կը կա­նո­նա­ւո­րէ, կը կազ­մա­ւո­րէ եւ ըն­թաց­քը կ՚ո­րո­շէ կեան­քին։ Զոր օ­րի­նակ, մա­նուկ­նե­րու կը յանձ­նա­րա­րուի «խօսք մտիկ ը­նել», բայց ընդ­հան­րա­պէս ցոյց չի տրուիր, թէ ի՛նչ է «խօսք»ը, եւ թէ ո՛րն է օգ­տա­կար խօս­քը եւ վնա­սա­կա­րը։ «Խօսք մտիկ ը­նել» ո՜ր­քան լայ­նա­ծիր ու ըն­դար­ձակ ըմբռ­նում մըն է՝ եւ ե­թէ մա­նու­կը ա­մէն խօսք մտիկ ը­նէ՝ կրնա՞յ սպա­սուած օ­գու­տը քա­ղել, թէ կը վնա­սուի։

Սա­պէս ը­սենք, ու­րեմն. «ա­մէն խօսք մտիկ մի՛ ը­ներ» կամ ա­ւե­լի ժո­ղովր­դա­կան ո­ճով. «ա­մէն խօս­քի ա­կանջ մի՛ կա­խեր»։

Կ­՚ը­սուի, թէ մարդ եր­կու ա­կանջ ու­նի՝ որ­պէս­զի մէկ ա­կան­ջէն մտած ա­ւե­լորդ ու վնա­սա­կար «ձայն»ե­րը՝ ո­րոնք «խօսք»ի ար­ժէք չեն ստա­ցած՝ միւս ա­կան­ջէն դուրս ել­լեն…։

Ի՞նչ կը մտա­ծէք, իմ սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ, այս ը­սուա­ծին մէջ ճշդու­թեան մեծ բա­ժին մը չկա՞յ։ Այ­սինքն՝ ա­մէն խօսք կար­ծուած ձայն իս­կա­կան ի­մաս­տով «խօսք» կա­րե­լի չէ հա­մա­րել, թե­րեւս «աղ­մուկ» միայն, որ կը նե­ղէ, կ՚ան­հանգս­տաց­նէ մարդս…։

Ը­սինք, որ խօ­սած ա­տեն, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ մարդ խօ­սիլ փոր­ձե­լու ժա­մա­նակ պէտք է ու­շադ­րու­թիւն ը­նէ՝ թէ ի՛նչ բան պէտք չէ ը­սէ։ Կա­րե­ւոր է այս, քա­նի որ ա­ռա­ծը կ՚ը­սէ. «Խօս­քը եւ նե­տը ետ չե՛ն վե­րա­դառ­նար»։ Ան­գամ մը որ ը­սուած է խօսք մը՝ վե­րա­դառ­նալ, սրբագ­րել կա­րե­լի չէ՝ ը­սուա­ծը ը­սուա՛ծ է այ­լեւս։ Ու­րեմն կա­րե­ւոր է՝ չը­սել այն, ի՛նչ որ ա­ւե­լի վերջ պի­տի զղջայ եւ ետ առ­նել սրբագ­րել պի­տի ու­զէ զայն մարդ։

Խօս­քը կը նմա­նի հո­սող ջու­րի՝ որ կա­րե­լի չէ ետ դարձ­նել ա­նոր կա­թիլ­նե­րը եւ նոյն տե­ղէն հո­սեց­նել դար­ձեալ զայն։ Ար­դա­րեւ կեան­քի մէջ անսր­բագ­րե­լի ի­րո­ղու­թիւն­ներ կան, զոր օ­րի­նակ, «խօսք»ը՝ ան­գամ մը որ խօ­սուած է, ետ դարձ­նել կա­րե­լի չ՚ըլ­լար։ Թէեւ «այդ­պէս ը­սել չէի ու­զած» եւ ա­սոր նման շին­ծու եւ հնա­րո­վի պատ­րուակ­նե­րով եւ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րով, մարդ փրկել կ՚ու­զէ կա­ցու­թիւ­նը, բայց ի զուր, քա­նի որ «խօսք»ը եր­բեք ետ չի դառ­նար։

Կրնայ ըլ­լալ որ մարդ անդ­րա­դառ­նայ իր սխա­լին, նե­րո­ղու­թիւն խնդրէ, սրբագ­րել ջա­նայ սխա­լը, բայց ի՛նչ որ ալ ըլ­լայ, այդ սխա­լը ան­պայ­մա՛ն հետք մը կը թո­ղու…։

Ու­րեմն զգու­շաւ­ո­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ խօ­սի­լը, մտա­ծել, դա­տել, կշռել եւ յե­տոյ խօ­սիլ։

Մարդ պէտք է նախ­քան իր միտ­քը ար­տա­յայ­տե­լէ՝ պա­հիկ մը խոր­հի, թէ ի՜նչ հե­տե­ւանք կրնայ ու­նե­նալ իր ար­տա­սա­նած խօս­քը։ Ուս­տի խօսք կայ՝ որ կը վի­րա­ւո­րէ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւն­ներ, կը քան­դէ բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ, կը կոր­ծա­նէ սիր­տեր, կայ նաեւ խօսք՝ որ կը շի­նէ, կը կանգ­նէ կեան­քեր, կը նո­րո­գէ, կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ քան­դուած յոյ­սեր, բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ, ըն­կե­րու­թիւն­ներ։ Ու­րեմն «խօսք»ը պէտք է ըլ­լայ շի­նիչ, ուղ­ղու­թիւն տուող եւ ո՛չ թէ մո­լո­րեց­նող։

Խօ­սե­լու հա­մար, խօ­սած ըլ­լա­լու՝ ձայն հա­նե­լու հա­մար խօ­սիլ, ինք­զինք ցոյց տա­լու, իր գո­յու­թիւ­նը փաս­տե­լու հա­մար խօ­սիլ… եւ ա­հա­ւա­սիկ խօ­սե­լու ա­մե­նէն վտան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար կեր­պը։ Մարդ ընդ­հան­րա­պէս փա­փաք մը ու­նի ինք­զինք յայտ­նե­լու. «Ես եմ, ես գո­յու­թիւն ու­նիմ…», ը­սե­լու, եւ այս մար­մա­ջը կ՚ի­րա­գոր­ծէ խօս­քով՝ խօ­սե­լով։ Մինչ­դեռ խօս­քով ինք­զինք յայտ­նել՝ ձայ­նով իր գո­յու­թիւ­նը ի­մաց­նել, քիչ մը տկար նկա­րագ­րի տէր մար­դու գործ է։

Մար­դուս իս­կա­կան նկա­րա­գի­րը խօս­քէ ա­ւե­լի՝ կե­ցուած­քով եւ մա­նա­ւանդ գո՛ր­ծով յայտ­նի կ՚ըլ­լայ։ Խօս­քով ի­րենք զի­րենք ներ­կա­յաց­նող մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ ի­րենց գոր­ծի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րուն։

Կա­տա­րեալ է, ան­թե­րի է եւ զօ­րա­ւոր նկա­րագ­րի տէր այն մար­դը՝ ո­րուն միտ­քը, խօս­քը եւ գոր­ծը հա­մա­պա­տաս­խան են, հա­մըն­թաց եւ ո՛չ հա­կա­սա­կան ի­րա­րու։

Խոր­հե­ցէ՛ք պահ մը, սի­րե­լի՜­ներ, մէ­կը որ կը խօ­սի, բայց խօ­սա­ծին հա­մա­ձայն չի գոր­ծեր, իր խօս­քը եւ գոր­ծը կը հա­կադ­րեն, տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­ներ ցոյց կու տան. ո՞ր­քան վստա­հու­թիւն կրնայ ներշն­չել այդ­պի­սի մէ­կը։ Միտ­քը, խօս­քը եւ գոր­ծը ան­հա­մա­ձայն մար­դիկ ո՛չ մէկ օ­գուտ կրնան ա­պա­հո­վել մար­դոց, բայց միայն վնա՛ս։

Ո­մանք ընդ­հան­րա­պէս մե­ծամ­տու­թեամբ եւ ինք­նիր­մով հպար­տա­նա­լով կը խօ­սին, կը խօ­սին… բայց ի­րա­կա­նին կ՚աղմ­կեն միայն, ձայն կը բարձ­րաց­նեն, բայց ո՛­չինչ կը խօ­սին։

Ու­րեմն «խօ­սիլ չգիտ­ցող»ներ խօ­սե­լու նուրբ եւ խո­րա­թա­փանց ա­րուես­տին ան­տե­ղեակ, ան­ծա­նօթ մար­դիկ, ա­ւե­լի լա՛ւ է որ լռեն, քան խօ­սին եւ վի­րա­ւո­րեն ու վնա­սեն մարդ­կա­յին սիր­տեր ու խիղ­ճեր։ Ար­դա­րեւ «լռել գիտ­նալ» եւս ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազնուու­թիւն, որ կը բարձ­րաց­նէ մար­դը, կ՚ազնուաց­նէ՛։ Ճի՛շդ ա­տե­նին խօ­սիլ եւ ճի՛շդ պա­հուն լռել. ո՜ր­քան մեծ ա­ռա­քի­նու­թիւն է, բայց նոյն­քան դժուա՛ր։ Բայց չմոռ­նանք սի­րե­լի­ներ, դժուա­րը միշտ ըն­տի՛ր է, դժուա­րու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րե­լով, դժուա­րու­թիւն­նե­րուն հետ գլուխ ել­լե­լով է, որ մար­դիկ մեծ գոր­ծեր կա­տա­րած, յա­ջո­ղու­թեան պսա­կով փա­ռա­ւո­րուած են…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 19, 2015, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2015