ՍՈՒՐԲ ՄԻՒՌՈՆԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Երկնային օրհնութիւններն ընկալելու երկու միջոցներ ունինք. Առաջինը՝ ուղղակի Աստուծմէ մեր հոգիին մէջ իջնող ազդեցութիւնն է առանց ոեւէ միջնորդի: Այս առումով մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ ոչ մէկ բան կրնայ մտնել:
Իսկ Աստուածային շնորհքները մեծաւ մասամբ մեզի կը հասնին միջնորդներով, այսինքն նիւթական եւ զգալի առարկաներ եւ անձեր կ՚օգտագործուին հոգեւոր շնորհքներու փոխանցման համար: Մեր կրօնքի մէջ ջուրը, հացը, գինին, աղը, իւղը, խաչաձեւ փայտը, մետաղները, սրբապատկերները, սրբազան ամանները, սպասները, Աւետարան ու Մաշտոցը, Սուրբ Նարեկի Մատեանը, ձեռնադրուած հոգեւորականը, տաճարները եւ այլն, որպէս շօշափելի միջնորդներ կը կամրջեն մարդու եւ Աստուծոյ միջեւ, աղերսելով երկինքը երկրի հետ՝ հասնելու համար արարածի օգնութեան, օրհնելու եւ սրբագործելու համար աշխարհն ու մարդկութիւնը:
Այս միջնորդներէն գլխաւորն է Սուրբ Միւռոնը, որովհետեւ ան վերոյիշեալ միջնորդներու Միջնորդն է: Բոլոր միւս միջնորդները Սուրբ Միւռոնով օծուելով ի գործ կը դրուին: Ուրեմն հասարակ նիւթերը սրբութեան գործիք կը դառնան Միւռոնով սրբագործուելով, օծուելով: Սուրբ Հոգիէն մեզի փոխանցուած շնորհքներուն առաջին օղակն է Սուրբ Միւռոնը, որ անտեսանելին տեսանելի դարձնելու կարողութեամբ է օժտուած: Այս առումով Միւռոնը Սուրբ Հոգիի խորհրդանիշն է եւ նաեւ «խորհրդաբար» Սուրբ Հոգիին Ի՛նքն է մարմնացած՝ իւղին մէջ: Այս զարմանահրաշ Խորհուրդի մասին հեղինակաբար խօսելու համար այս գրութեան սեղմ տողերը բաւարար չեն, ի հարկէ, եւ սակայն կ՚արժէ հաղորդել հակիրճ բացատրութիւն մը շահագրգիռ ընթերցողին:
Աստուածաբանական բացատրութեամբ՝ Խորհուրդը այն բանն է, ուր գերբնականը կը մարմնաւորուի բնականին մէջ ու հոգեւորը կը պարփակուի նիւթով: Օրինակ՝ Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը Սուրբ Պատարագի հացին ու գինիին մէջ կը մարմնաւորուին եւ հոգեւոր շնորհք մը կը մատակարարուի մեզի նիւթի միջնորդութեամբ: Աւազանի ջուրը մեղքերէն սրբուելու շնորքը կը պարունակէ իր մէջ: Այս բոլորը եկեղեցական լեզուով «Խորհուրդ» (mystery, sacrament) կը կոչուին, քանի որ դէպքը պատահած պահուն մեր զգայարանքներով անհասանելի, գաղտնի եւ թաքուն իրողութիւն մը տեղի կ՚ունենայ, որմէ արտաքնապէս տեղեակ ենք միայն: Եղելութեան «խոր»քը ծածկուած է մեզմէ. Հաւատքով ընկալելի արդիւնքներով է միայն յայտնուած: Եկեղեցւոյ Խորհուրդները կը նմանին այն պտուղներուն, որոնք կը բուսնին անտեսանելի արմատներէն: Այս պարագային այդ արմատները լուսեղէն մատներն են ստեղծարար Սուրբ Հոգիին՝ մեր Աստուծոյ:
Այս բացատրութիւնը լաւ հասկնալով եւ սրտանց հաւատալով անոր՝ մուտք կրնանք գործել Սուրբ Միւռոնի Խորհուրդի սահմաններէն ներս: Սրբալոյս Միւռոնը այն օրհնուած իւղն է, զոր Սուրբ Հոգին կ՚օգտագործէ որպէս ձեռնոց մը ձեռնուելու համար իր արարածներու հետ: Եթէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի նշանն է Սուրբ Խաչը, Սուրբ Միւռոնն ալ Սուրբ Հոգիին նշանն ու զօրութիւնն է այս աշխարհի վրայ: Այս է պատճառը ահա թէ ինչու մեր՝ հայերուս համար գրեթէ խաչին չափ կարեւոր, էական ու մեծահռչակ սրբութիւն մը դարձած է Ս. Միւռոնը: Եկեղեցւոյ այս յստակ ուսուցումը կը հաստատուի Սուրբ Գրային բացայայտ ճշմարտութեանց հիման վրայ: Հոս անոնցմէ հազիւ մի քանի հատին կրնանք ակնարկել:
Աստուած Մովսէս մարգարէին յստակ հրաման մը կու տայ օծման յատուկ անուշահոտ իւղ մը պատրաստելու՝ նոյնիսկ նշելով, թէ անոր մէջ ինչ տեսակ անուշահոտ խունկեր, ծաղիկներ, ձէթ եւ այլ իւղեր դրուելու էր ըստ չափի ու քանակի: (Գիրք Ելից գլ. 30, 40, Ղեւտական 8:1-36): Այս իւղով պէտք էր օծուելով սրբագործուէին հետեւեալը. Վկայութեան Խորանը, Վկայութեան Տապանակը, զոհասեղանը, Տաճարի եւ քահանաներու բոլոր սպասները, աւազանը եւ անոր պատուանդանը եւ նաեւ քահանաները, մարգարէներն ու թագաւորները: Մովսէսին ուղղեալ Աստուծոյ սա խօսքերը կ՚արձագանգեն մեր Սուրբ Միւռոնի հասկացողութենէն եւս. «Այս իւղով կը սրբագործես դուն անոնք եւ անոնք պիտի դառնան սրբութիւն: Ան որ կը դպչի անոր՝ կը սրբանայ: Անով կ՚օծես Ահարոնը եւ անոր որդիները, կը սրբագործես զանոնք, որպէսզի անոնք քահանայութիւն ընեն ինծի: Սրբազան օծումներու համար պիտի գործածուի այս իւղը՝ ձեր սերունդներու մէջ: Սրբութիւն է այս իւղը եւ ձեզի համար սուրբ պէտք է մնայ»:
Իսկ Նոր Կտակարանի մէջ իւղի գործածութեան կը հանդիպինք Առաքեալներու կողմէ, յատկապէս բժշկութեան պարագային: Երբ Յիսուս իր տասներկու աշակերտները քարոզելու ուղարկեց, անոնք «գացին եւ սկսան ժողովուրդին քարոզել, որ ապաշխարեն: Բազմաթիւ չար ոգիներ կը հանէին, շատ մը հիւանդներ իւղով կ'օծէին եւ զանոնք կը բժշկէին» (Մր 6.12-13): Դժուար չէ ենթադրել, որ աշակերտները իւղով օծելու գործը Տէր Յիսուսէն սորվեցան եւ զայն աւանդեցին Եկեղեցիին որպէս Տիրոջ յստակ մէկ պատուէրը: Ըստ այնմ, Յակոբոս Առաքեալ իր նամակին մէջ կ'արձագանգէ այս հրահանգը. «Մէկը հիւանդացա՞ւ` թող կանչէ եկեղեցւոյ երէցները, որպէսզի իր վրայ աղօթեն եւ իւղով օծեն զինք, Տիրոջ անունով» (Յկ 5.14):
Քրիստոս առաքելութեան ընթացքին մի քանի անգամներ կիներու կողմէ օծուեցաւ որպէս խոր սիրոյ եւ յարգանքի տուրք: Օրինակ. «Յիսուս Բեթանիայի մէջ բորոտ Սիմոնին տան մէջ սեղան բազմած էր, կին մը եկաւ, որ ազնիւ եւ սուղ նարդոս իւղի շիշ մը ունէր, եւ շիշը կոտրելով` իւղը թափեց Յիսուսի գլխուն» (Մր 14.3: Մտ 26.6-7): երբ Յիսուս մեռաւ, կը տեսնենք թէ ինչպէս քանի մը բարեպաշտ կիներ գացին օծելու անոր մարմինը (Մր 16.1):
Հին եւ Նոր Կտակարաններու այս կիրարութիւնները Եկեղեցւոյ վաղ ժամանակներէն սկսեալ անուշահոտ իւղի օգտագործման աւանդութեան հիմք կազմեցին: Եկէ՛ք մենք ալ վերյիշենք թէ իչերու համար կ'օգտագործենք Ս. Միւռոնը աւանդաբար:
Երբ կը մկրտուինք աւազանի ջուրին մէջ կը խառնուի Ս. Միւռոնը եւ Միւռոնով կը կնքուինք, կը դրօմուինք: Քահանայ, եպիսկոպոս եւ կաթողիկոսները Միւռոնով օծուելով պաշտօն կը ստանան ու վերջին օծումով կը թաղուին: Նոր կառուցուած կամ նորոգուած եկեղեցիներ անով կը սրբագործուին: Սուրբ Պատարագի ընթացքին օգտագործուած սպասները, գոյգերը, սկիհը եւ խորանը Միւռոնով օծուելով կը սրբանան: Բժշկութեան ու Ս. Ծնունդի ջրօրհնէքները նաեւ Ս. Միւռոնով կը կատարուին: Այս բոլոր գործածութիւնները մեզի արդարեւ ըսել կու տայ թէ երկնային շնորհքներու բանալին է սրբազան Միւռոնը եւ հաւաստիքը՝ յաւիտենական կեանքի եւ Աստուածատուր պարգեւներու:
Հայ ժողովուրդի համար կը կրէ մասնաւոր իմաստներ նաեւ: Ամբողջ մէկ ազգը եղբայրներ կը դարձնէ իր անցեալով եւ ներկայով: Մեր ազգային միութեան հզօրագոյն խարիսխն է ան: Առաքեալներու օգտագործած իւղէն ժառանգուած, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի եւ բազմաթիւ սուրբերու ու հայրապետներու աղօթքով նուիրագործուած այս Միւռոնը մեր գոյատեւման գաղտնագիրը կը պարունակէ: Անով ընդմիշտ կապի մէջ ենք Աստուծոյ Արքայութեան հետ, որ կը զօրացնէ մեզ, տոկունութեան կենսունակ աւիշ կը ներարկէ մեր երակներուն եւ անկործանելի կը դարձնէ հայու հոգին: Աստուած անպակաս ընէ Սուրբ Միւռոնը մեր գլխէն որպէսզի ոչ մէկ հայ զուրկ մնայ Անոր յաւերժ ու յաւերժացնող օրհնութենէն:
ՍԱՀԱԿ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
15/09/2015