ՏԱՐԵԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին յանձնուեցաւ Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անցեալ տարուան գործունէութեան տեղեկագիրը։ Այսպէս, ան ընդունեց յանձնախումբի ատենապետ Հերման Գավաֆեանն ու նախկին ատենապետ Խաչիկ Ճանէլը, որոնք յանձնեցին՝ յանձնախումբի գործունէութեան ելմտական երեսակին տեղեկագիրը։

Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, տեղեկագիրը Ժոսլին Տինչքայըքճըի կողմէ պատրաստուած եւ Անդրանիկ Աւիթօղլուի կողմէ քննուած է։ Բաց աստի, Խաչիկ Ճանէլն ու Պատրիարքարանի Տնտեսական յանձնախումբն ալ աչքէ անցուցած եւ վաւերացուցած են այդ փաստաթուղթը, որ ի վերջոյ հասած է Նորին Ամենապատուութեան ձեռքը։

Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը 2024 թուականին 664 ընտանիքի զօրակցած է՝ համագործակցելով 23 եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմնին հետ։ Անցեալ տարուան գործողութիւններու ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ 2 միլիոն 258 հազար լիրա։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 8, 2025