Անհաւատալի, անբացատրելի
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ ապրեցաւ իր բազմադարեան փառաւոր պատմութեան եզակի օրերէն մին, երբ աշխարհացրիւ հայութիւնը հերթական անգամ առաջնորդեց հոգեւոր միասնականութեան։ Հայոց մա՛յր եկեղեցին թէեւ հիմնական գրաւականն է այդ միասնականութեան, նաեւ երաշխաւորը, սակայն երէկուան հանգրուանը իսկապէս գագաթնային էր եւ աննախընթաց՝ իր ապրուած մթնոլորտի իւրայատկութիւններով հանդերձ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ուրոյն ապրումներու, աննկարագրելի զգացումներու օրրանի մը վերածուած ըլլար կարծես։ Երէկուան Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին զուգադիպած Միւռոնօրհնութիւնը համայն հայութեան հայեացքը կեդրոնացուց Սուրբ Էջմիածնի վրայ։ Հայ Եկեղեցւոյ զաւակները մագնիսացած ուշադրութեամբ հետեւեցան Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան հոգեպարար ու խորախորհուրդ արարողութեան։ Մայր Տաճարի զանգերուն յաղթական ղօղանջը արձագանգ գտաւ ողջ հայութեան հոգիներուն մէջ։
Հեռակայ դրութեամբ հետեւածներուն տեսանկիւնէն անհաւատալի, անբացատրելի մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ լուսաբեւեռ, ընդհանրական կեդրոնը տօնական տրամադրութիւնով համակուած էր՝ 2015 թուականի պարփակած խորհուրդներուն ալ բիւրեղացումով։ Մայրավանքի տարածքը հանդիսացաւ ժամադրավայրը՝ աշխարհի չորս ծագերէն համախմբուած հաւատացեալ հայերու, որոնք գիրկընդխառնուեցան նաեւ իրենց հայրենաբնակ հարազատներուն հետ։ Այդ մեծ ժամադրութեան, հոգեւոր այդ մեծ գագաթին շաղախը, անշուշտ եւ անտարակոյս, Սուրբ Էջմիածնի ձգողականութիւնն էր։ Միւռոնօրհնութեան օրով պարզուած պատկառելի պատկերը, միեւնոյն ժամանակ, եկաւ կրկին վերահաստատել, թէ ո՛ւր է հայութեան հոգեւոր միասնականութեան հասցէն, ո՛րն է հայ ժողովուրդի հայրերու լոյս հաւատքին վէմը եւ ի վերջոյ ան ո՛ւր կը տեսնէ այդ հաւատը արթուն ու վերանորոգ պահելու առանցքը։ Մայր Աթոռի նկատմամբ հաւատարմութեան իւրաքանչիւր դրսեւորում, Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ սիրոյ ամէն մէկ արտայայտութիւն կու գան վերածուիլ հայոց հաւատի կենդանութեան, ազգային-եկեղեցական կեանքի կենսունակութեան անհերքելի ապացոյցները։
Երէկ եւս եղաւ այդպէս։ Նուիրականութիւններու տարափ մը, սրբութիւններու տողանցք մը ապրուեցաւ՝ առանց չափազանցութեան։ Անցեալի եւ ապագայի խաչմերուկին, հայոց մերօրեայ սերունդները վերացան պահ մը։ Կարծես անցած ըլլային ցնցիչ երազի մը ընդմէջէն եւ արդիւնքին արդէն կը զգային վերալիցքաւորուած ու տոգորուած Մա՛յր եկեղեցւոյ նկատմամբ հպարտութեամբ։ Անոնք զգացին նաեւ, թէ իրենք ալ հպարտ զաւակներն են մեր Առաքելական Եկեղեցւոյ, որու միւռոնով օծուած է իրենց ճակատը եւ անոր արժէքները կը լուսաւորէ իրենց կեանքի ճանապարհը՝ պարգեւելով բարոյական ուժ, լաւատես հորիզոններ, արարման կորով ու դիմադրութեան կամք։
Միւռոնօրհնութեան վեհախորհուրդ ու փառաշուք արարողութեան ծովածաւալ մասնակիցները եւ միլիոնաւոր հետեւորդները հոգեւոր բազմապատկուած հրճուանք մը ունեցան՝ հերթական անգամ զգալով հովանին ու խնամքը իրենց շնորհազարդ ընդհանրական հայրապետին՝ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին, որու բարձր նախագահութեամբ օծուեցաւ «սուրբ իւղը»: Վեհափառ Հայրապետը դէմքի անպակաս ու անկեղծ ժպիտով, բոլորին անմիջականութիւն առթելով օծեց Սրբալոյս Միւռոնը՝ որպէս գլուխը Հայոց Եկեղեցւոյ եւ որպէս գահակալը անոր առաքելահաստատ Մայր Աթոռին։ Իր պատգամը, բառին բուն իմաստով, պայծառ տեսիլքին դիպուկ բանաձեւումներով հիւսուած էր։ Իբրեւ մեր ժամանակներուն մեծ, նաեւ համեստ հրաշագործը՝ Նորին Սրբութիւնը աշխարհացրիւ հօտին յղեց յորդորներ, որոնք հոգեւոր հարթութեան վրայ զարթօնք մը ապահովելու բանալիները կը բովանդակէին միանշանակ։ Նայիրեան երկնքին ներքեւ, Հայրապետին խօսքը հնչեց վիթխարի կախարդանքով՝ հայոց աշխարհի սէգ լեռներուն մէջէն բարձրանալով որպէս կանչ նախնեաց ու ապագայի ճանապարհին գործելով խոր տպաւորութիւն։ Երէկուան Միւռոնօրհնութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, իր առթած պատկառանքով՝ կարելի է թուարկալ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան աւելի քան տասնհինգ տարիներու անթիւ-անհամար ձեռքբերումներու շօշափելի արգասիքներէն մին։ Իր գահակալութեան շրջանին երրորդ անգամ օծելով Սրբալոյս Միւռոնը՝ Վեհափառ Հայրապետը այս մէկը կոչեց «Յաղթութեան միւռոն»: Սրբալոյս Միւռոնը հայ մարդու բարոյական հզօրութեան աղբիւրն է, լաւատես հորիզոններուն խթանը, արարման մղիչ ուժը, կեանքի փորձութիւններուն դիմադրելու միջոցը։ Հայ մարդը յաղթութեան ոլորապտոյտ ճանապարհներու փորձութիւններէն զերծ մնալու, անոր հազար ու մէկ հանելուկները լուծելու նախադրեալը կը նկատէ Սրբալոյս Միւռոնի հեղման մէջ։
Յաղթութեան սրբալոյս միւռոնը թող բարեբեր ըլլայ համայն հայութեան համար։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024