ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՑԱՐԱՆ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թիւ­նը (ՀԲԸՄ) միշտ կը ձգտի Հա­յաս­տան-Սփիւռք ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման։ Ան կը շա­րու­նա­կէ կեան­քի կո­չել ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մախմբ­ման ուղ­ղեալ զա­նա­զան ծրագ­րեր, ո­րոնք կը ներ­կա­յաց­նեն մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն։

Այս շրջագ­ծով ՀԲԸՄ Ե­րե­ւա­նի մէջ հաս­տա­տեց հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րու նոր կա­ցա­րան մը։ «ՀԲԸՄ Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան» կո­չուած այս կեդ­րո­նի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Ար­դիա­կան այս նոր կեդ­րո­նին բա­րե­րարն է ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի ազ­գա­յին գոր­ծիչ Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան կեդ­րո­նի բաց­ման մաս­նակ­ցե­ցաւ իր կող­քին ու­նե­նա­լով պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր։ ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Միու­թեան աշ­խար­հա­տա­րած մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն կող­մէ բազ­մա­թիւ դէմ­քեր ալ փու­թա­ցած էին՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ ար­ձա­նագ­րուած այս նոր ձեռք­բե­րու­մին ու­րա­խու­թիւ­նը բաժ­նե­լու։

Խորհր­դան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէ­նի հա­տուե­լէն վերջ Սերժ Սարգ­սեան եւ պատուոյ հիւ­րե­րը շրջայց մը կա­տա­րե­ցին Ե­րե­ւա­նի Զա­քա­րիա Քա­նա­քեռ­ցի փո­ղո­ցին վրայ գտնուող ի հի­մա­նէ վե­րա­նո­րո­գեալ շէն­քէն ներս, որ ու­նի 5500 քա­ռա­կու­սի մեթր տա­րա­ծու­թիւն։

Ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին եւ ֆի­զի­քա­կան ա­ռու­մով լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով օժտուած այս կեդ­րո­նի բաց­ման առ­թիւ ող­ջոյ­նի խօսք մը ար­տա­սա­նեց Պերճ Սեդ­րա­կեան։ Ան ընդգ­ծեց, թէ հայ­կա­կան Սփիւռ­քը դար­ձած է շատ տե­սա­կա­ւոր, բազ­մա­թիւ մշա­կոյթ­նե­րու ազ­դե­ցու­թեան տակ կը գտնուի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան տե­սա­կէ­տէ հիմ­նա­կան հա­սա­րա­կաց յայ­տա­րա­րը կը հան­դի­սա­նայ Հա­յաս­տան։ Հե­տե­ւա­բար Պերճ Սեդ­րա­կեան ընդգ­ծեց, թէ ի­րենք կը նա­խա­տե­սեն Հա­յաս­տա­նէ ներս, նման կեդ­րոն­նե­րու եր­դի­քին տակ հա­մախմ­բել ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ան­մի­ջա­կան շփում ա­պա­հո­վել՝ տեղ­ւոյն եւ Սփիւռ­քի նոր սե­րուն­դի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մի­ջեւ։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ այդ մթնո­լոր­տին մէջ կեան­քի պի­տի կո­չուին Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման ուղ­ղեալ այն­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց մաս­նա­կից պի­տի դառ­նան նաեւ սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը։ Իր խօս­քի ա­ւար­տին Պերճ Սեդ­րա­կեան Վա­հէ Կա­րա­պե­տեա­նին յանձ­նեց ՀԲԸՄ-ի ոս­կէ մե­տայ­լը եւ «Բա­րե­րար ան­դամ»ի վկա­յա­կա­նը։ Ի շա­րու­նա­կու­թիւն, Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան ար­տա­սա­նեց իր սրտի խօս­քը։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ ու­ղար­կուած պատ­գա­մը ըն­թեր­ցեց Տ. Բագ­րատ Եպսկ. Գալս­տա­նեան։

Այս կեդ­րո­նի յար­կին ներ­քեւ պի­տի ըն­դու­նուին նաեւ ՀԲԸՄ-ի տա­րե­կան ամ­րան ծրագ­րե­րուն մաս­նա­կից, զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ հա­րիւ­րա­ւոր սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ եւ դպրո­ցա­կան խում­բեր, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան մօ­տէն ճանչ­նա­լու Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ու պի­տի շփուին ի­րենց սերն­դա­կից­նե­րուն հետ։ Նոյն­պէս այս նոր կեդ­րո­նէն ներս կը գոր­ծէ նաեւ «Սու­րիա­հա­յե­րու հիմ­նախնդիր­նե­րը հա­մա­կար­գող կեդ­րոն» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան գրա­սե­նեա­կը, որ ա­ջակ­ցու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ այն­տեղ այ­ցե­լող սու­րիա­հա­յե­րուն։

«Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան» կեդ­րո­նը կա­րե­ւոր նպաստ մը կը հա­մա­րուի Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման ուղ­ղեալ ՀԲԸՄ-ի ա­ռա­քե­լու­թեան գործ­նա­կա­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Շնոր­հիւ այս կեդ­րո­նին Հա­յաս­տա­նէ ներս կ՚ընդ­լայ­նուի ՀԲԸՄ-ի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ գոր­ծու­նէու­թեան դաշ­տը։ Սա կա­րե­ւոր օ­ճախ մը եւ կա­մուրջ մը կը հա­մա­րուի՝ Սփիւռ­քի եւ Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մի­ջեւ կա­պե­րու սեր­տաց­ման մի­տուած հա­յաս­տա­նա­կեդ­րոն ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Յա­ռա­ջի­կա­յին կը նա­խա­տե­սուի ե­րի­տա­սար­դա­կան, մշա­կու­թա­յին ու կրթա­կան զա­նա­զան ծրագ­րեր կեան­քի կո­չել, կազ­մա­կեր­պել աշ­խա­տա­ժո­ղով­ներ ու բազ­մաբ­նոյթ հան­դի­պում­ներ։ Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ստեղ­ծուած պայ­ման­նե­րուն ա­ռըն­թեր Սերժ Սարգ­սեա­նին ներ­կա­յա­ցու­ցին նաեւ այս կեդ­րո­նի հե­տա­գայ զար­գաց­ման ծրագ­րե­րը։ Ար­դա­րեւ, ա­ւար­տած են նաեւ յա­ւե­լեալ մաս­նա­շէն­քի մը վե­րա­կա­ռուց­ման նա­խագ­ծա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը։ Այդ յա­ւե­լեալ մաս­նա­շէն­քէն ներս եւս նոյ­նաբ­նոյթ գոր­ծու­նէու­թիւն պի­տի ծա­ւա­լուի։

«Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան» կեդ­րո­նի բաց­ման ըն­թաց­քին սար­քուած ըն­դու­նե­լու­թեան ժա­մա­նակ բո­լոր ներ­կա­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տե­ցին բա­րե­րար Վա­հէ Կա­րա­պե­տեա­նը եւ գնա­հա­տե­ցին ա­նոր կող­մէ բե­րուած այս կա­րե­ւոր նպաս­տը։ Մաս­նա­կից­նե­րը յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­ցին նաեւ ՀԲԸՄ-ի ղե­կա­վա­րու­թեան՝ յա­ռա­ջի­կայ օգ­տա­կար գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն հա­մար։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2015