ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԻ ՄԸ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ
Դարը որ կ՚ապրինք, զարգացումի եւ արագ յառաջընթացի դարն է: Մարդը, յատկապէս երիտասարդը, եթէ քայլ չպահէ յառաջընթացին ու զարգացումներուն, կրնայ ետ մնալ եւ երբեմն նաեւ տուժել, կորսնցնելով բարօր ապագայ մը ունենալու իր հնարաւորութիւնը: Այս բոլորին մէջ կարեւորագոյն տեղը կը գրաւէ ուսումը, քանի որ առանց ուսումի, այսօրուան մարդը չի՛ կրնար քայլ պահել ներկային հետ:
Այս յառաջընթացին կողքին, սակայն, այլ արժէքներ, որոնք մարդուն ինքնութիւնը կը կազմեն, տեղքայլի մէջ են, որով ինչքան կը շեշտուին ուսումի եւ գիտութեան կարեւորութիւնը, այդքան բարոյականութիւն, հաւատք, հոգեւոր կեանք, ազգութիւն, հայրենասիրութիւն կ՚արժեզրկուին եւ կը կորսնցնեն իրենց ազդեցութիւնը եւ կշիռքը ներկայի մարդուն վրայ, որով օր օրի ականատես կը դառնանք վայրագութիւններու եւ բազմաթիւ ու բազմազան անմարդկային արարքներու:
Գէորգ Զ. Չէօրեքճեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ. «Շատ լաւ է գիտութեան ծարաւը, բայց երբ երիտասարդութիւնը միայն կ՚ուսանի՝ մէկ կողմ ձգելով հոգիին պահանջները անխնամ՝ որպէս երկրորդական եւ անարժէք բան, վախճանը վատ կ՚ըլլայ: Այդ երիտասարդութիւնը երբ բարոյական լուրջ խնդիրներու դիմաց կանգնելու պէտք ունենայ, երբ կարիք ունենայ մաքառելու, ծանր պարագաներէ դուրս գալու, երբ կարիք ունենայ իր փոքրիկ հաճոյքները զոհաբերելու մեծ նպատակներու համար, առնական արիութիւն ցոյց տալու, որ հայրենիքը կը պահանջմէ իրենցմէ, շատերը իրենց թեւերը կը կախեն, կը մեղկանան, կը յուսահատին, թերեւս ալ նաեւ իրենց կեանքին վերջ կը դնեն»:
Այսօր գաղտնիք չէ, որ անձնասպանութիւններու, ամուսնալուծութիւններու, ծնող-զաւակ, զաւակ-ծնող փոխ-յարաբերութիւններու վատացումներու, ընտանեկան, ազգային, հոգեւոր եւ բարոյական խնդիրներու թիւը օր օրի աճ կ՚արձանագրեն, նաեւ մարդիկ սկսած են դժուարութեամբ յաղթահարել իրենց դէմ ծառացած խնդիրները: Յատկապէս երիտասարդներու մօտ անձնասպանութեան եւ կամ թմրանիւթ օգտագործելու երեւոյթը կը նկատուի, որովհետեւ արժէքներէ զուրկ երիտասարդը չի՛ կրնար ըստ արժանւոյն կշռադատել իր հետ կատարուածները, որով կա՛մ անձնասպանութեան կը դիմէ եւ կամ ալ թմրանիւթի:
Ուսումը, գիտութիւնը լա՛ւ են, բայց ուսումն ու գիտութիւնը առանձինն չեն կրնար երիտասարդ մը ուրախացնել եւ զինք բարձրացնել արժանապէս մարդ կոչուելու: Այդ կոչումին արժանանալու համար երիտասարդի մը եւ ընդհանրապէս մարդկութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ Աստուած, որով բոլոր խնդիրներն ու դժուարութիւնները իրենց լուծումը կը գտնեն եւ երիտասարդը իր ստացած ուսումն ու գիտութիւնը կրնայ ծառայցնել բարիին եւ լաւին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ