ՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՖՐԱՆՍԻՍՔՈՍ Ա. ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ
Քրիստոնեայ աշխարհը միասնաբար նշուած Ս. Յարութեան տօնէն օր մը վերջ, Մեռելոցի օրով, խոր սուգի մատնուեցաւ. ոչ եւս է Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։ 88 տարեկանին մահացաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ տակաւին երէկ Ս. Զատկի առթիւ օրհնութիւնը փոխանցած էր հաւատացեալներուն, աղօթելով նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համար։ Վերջին շրջանին, փետրուարի 14-էն ի վեր Սրբազան Պապի առողջութիւնը վատթարացած է՝ մասնաւորապէս շնչառութեան բարդութիւններով։ Դժբախտաբար, տեղական ժամով 07.35-ին Սրբազան Պապը վախճանեցաւ Վատիկանի բնակարանին մէջ։
Բօթը կայծակնային արագութեամբ արձագանգ գտաւ ամբողջ աշխարհի մէջ։ 17 դեկտեմբեր 1936 թուականին Արժանթինի մէջ ծնած էր Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը։ Այժմ արդէն վախճանեալ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապի հրաժարումէն վերջ, 13 մարտ 2013 թուականին ան ընտրուած էր կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետը։
Պաշտօնական աղբիւրները աստիճանաբար պիտի հրապարակեն Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները։