ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿԸ՝ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցան զատկական ճոխ տօնակատարութիւններ։ Բոլոր դասարաններու տղաքը հաղորդ դարձան տօնական հրճուանքին։ Թէ՛ դպրոցին եւ թէ յարակից սանուց միութեան մէջ կեանքի կոչուեցաւ բազմակողմանի ծրագիրը։ Աւանդական հաւկթամարտի մթնոլորտին մէջ բոլորը փոխանակեցին բարեմաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 21, 2025