ՀԱՅՈՑ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՐԻՉԸ՝ ԱՇՈՏ ԱՒԱԳԵԱՆ

Նկա­րիչ, ա­րուես­տա­գէտ Ա­շոտ Ա­ւա­գեան ծա­նօթ է թէ՛ իր հայ­րե­նի՝ Սիւ­նի­քի մար­զի Սի­սիան քա­ղա­քին մէջ, թէ՛ Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն դուրս. տաս­նեակ զբօ­սաշրջիկ­ներ տա­րուան զա­նա­զան ե­ղա­նակ­նե­րուն կ՚ու­ղե­ւո­րուին Սի­սիա­նի մօ­տա­կայ­քը գտնուող հնա­վայ­րեր՝ Զօ­րաց քա­րեր, Ուխ­տա­սար, ո­րոնց շրջա­կայ­քը ա­րուես­տա­գէ­տը բնու­թեան մէջ կա­տա­րած է իր աշ­խա­տանք­նե­րը կամ տար­բեր պա­տահ­մունք­նե­րու (happening) մի­ջո­ցով բնու­թիւ­նը գոր­ծա­ծած է իբ­րեւ «ցու­ցաս­րա­հ» մը կամ ա­րուես­տի հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան վայր մը: Այդ բա­ցօ­թեայ ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Ա­շոտ Ա­ւա­գեա­նին նկար­նե­րը կը կա­խուին քա­րե­րու կամ քա­րան­ձաւ­նե­րու վրայ, կ՚ընկղ­մին ջու­րին մէջ, եր­բեմն կ՚այ­րին կրա­կի վրայ:

Հին հայ­կա­կան ա­ռաս­պել­նե­րու, ծէ­սե­րու, ծի­սա­կար­գե­րու նո­րօ­րեայ հռչա­կու­մը Ա­շոտ Ա­ւա­գեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ կը դառ­նան բարձ­րա­կարգ ա­րուեստ՝ մաս կազ­մե­լով ժա­մա­նա­կա­կից նկար­չու­թեան:

Նկա­րի­չը ա­յս մի­ջո­ցով կը հաս­տա­տէ, որ մարդ իր ա­մե­նէն ներ­դաշ­նակ վի­ճա­կը կը զգայ բնու­թեան մէջ եւ, մարդ, գա­լով բնու­թե­նէն եւ դան­դաղ փո­խա­կեր­պուե­լով, կ՚եր­թայ դէ­պի բնու­թիւն: Այդ պատ­ճա­ռով ալ ան յա­ճախ ծէ­սեր կը կա­տա­րէ բնու­թեան մէջ՝ օ­դի, ջու­րի, կրա­կի եւ այլ բնա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու մի­ջո­ցով ցոյց տա­լով մար­դու եւ բնու­թեան ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը: Նկա­րի­չը յա­ճախ ան­ձամբ կ՚ու­ղեկ­ցի այ­ցե­լու­նե­րուն՝ պատ­մե­լով հայ­րե­նի ե­զեր­քի ան­սահ­ման հե­տաքրք­րա­կան ու ան­վեր­ջա­նա­լի պատ­մու­թիւն­նե­րը:

Ա­րուես­տա­գէ­տը ծնած է 1958 թուա­կա­նին՝ Սի­սիան քա­ղա­քը։ 1981 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է Փա­նոս Թեր­լե­մե­զեա­նի ա­նուան Գե­ղա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նը, որ­մէ ետք առ այ­սօր գե­ղան­կար­չու­թիւն կը դա­սա­ւան­դէ Սի­սիա­նի Ման­կա­կան գե­ղա­րուես­տի դպրո­ցին մէջ։ Ե­լա­կէտ ըն­դու­նե­լով տա­րած­քի մշա­կու­թա­յին զա­նա­զան շրջան­նե­րու ժա­ռան­գու­թիւ­նը՝ սկսած ժայ­ռա­պատ­կեր­նե­րէն մին­չեւ միջ­նա­դա­րեան պատ­կե­րագ­րու­թիւն, ար­ուես­տա­գէ­տը իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մէջ մշտա­պէս մտա­պատ­կե­րա­յին մտա­ծո­ղու­թեամբ աշ­խար­հըն­կալ­ման նոր եզ­րեր կ՚ո­րո­նէ:

Վեր­ջին շրջա­նին Ա­շոտ Ա­ւա­գեան կը զբա­ղի որմ­նան­կար­չու­թեամբ եւ ման­րանկար­չու­թեամբ: Այդ ժան­րին ա­ւե­լի խո­րու­թեամբ անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար ա­ռիթ հան­դի­սա­ցած է այն, որ Ա­շոտ Ա­ւա­գեան եր­կար ժա­մա­նակ աշ­խա­տած է իր «Մաշ­տո­ց» գե­ղան­կար­չա­կան որմ­նան­կա­րին վրայ: Այդ աշ­խա­տան­քին հա­մար ա­րուես­տա­գէ­տը 2013 թուա­կա­նին ստա­ցած է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան մրցա­նակ, իսկ ա­նոր հե­ղի­նա­կած «Մաշ­տո­ց» աշ­խա­տան­քը զե­տե­ղուած է Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ա­նուան հնա­գոյն ձե­ռագ­րա­տուն-մա­տե­նա­դա­րա­նին նո­րա­կա­ռոյց մաս­նա­շէն­քի գի­տա­ժո­ղով­նե­րու դահ­լի­ճէն ներս:

Ա­շոտ Ա­ւա­գեան միա­ժա­մա­նակ Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ Հա­յաս­տա­նէն դուրս ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու հե­ղի­նակ է:

ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ հան­դի­պե­ցաւ ա­րուես­տա­գէ­տին հետ: Ա­շոտ Ա­ւա­գեան խօ­սե­ցաւ իր սպա­սում­նե­րուն մա­սին եւ պատ­մեց, թէ ինչ­պէ՛ս մտած է ա­րուես­տի աշ­խարհ, եւ հա­կա­ռակ ա­նոր որ պա­տա­հա­կան դի­պուա­ծով մը ե­ղած է, բայց այ­սօր հաս­տատ է, որ այդ աշ­խար­հը ի վե­րուստ սահ­մա­նուած էր ի­րեն հա­մար:

Հա­յոց լեռ­նե­րու ծի­սա­կան նկա­րիչ, բնու­թեան ար­քայ, քրմա­պետ… Այս­պէս կը կո­չեն հայ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տա­գէտ Ա­շոտ Ա­ւա­գեա­նը՝ ա­նոր ըն­կեր­նե­րը եւ ա­նոր ա­րուես­տի մա­սին պատ­կե­րա­ւոր ար­տա­յայտուող­նե­րը:

-Դուք, ըլ­լա­լով ա­զատ, ա­ռանց սահ­ման­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծող նկա­րիչ մը՝ ստա­ցաք պե­տա­կան մրցա­նակ: Ար­դեօք այդ մէ­կը քիչ մը կը կաշ­կան­դէ՞ ա­րուես­տա­գէ­տը, որ հե­ռու է պե­տա­կան, իշ­խա­նա­կան մի­ջա­վայ­րնե­րէ:

-Ո՛չ, եւ զար­մա­նա­լի է, որ ո­րոշ մար­դիկ ճիշդ այդ­պէս ալ կար­ծած են իմ մրցա­նա­կէս ետք, մտա­ծած են, որ ե­թէ ես այդ­պի­սի բարձր պար­գեւ մը ստա­ցայ, ու­րեմն փո­խուե­ցայ: Ո­րոշ մար­դիկ ալ, ո­րոնք իմ ա­րուես­տովս հե­տաքրք­րուած են, մտա­ծած են, որ թե­րեւս ես բարձ­րա­ցու­ցի իմ գոր­ծե­րուս գի­նը, եւ ատ­կէ ետք իմ գոր­ծերս սկսան քիչ գնել՝ վստահ ըլ­լա­լով, որ ա­նոնք իմ ստա­ցած մրցա­նա­կէն ետք ար­դէն տար­բեր գին ու­նին… Փաս­տօ­րէն մրցա­նա­կը քիչ մը «վնա­ս հաս­ցուց» ին­ծի: Բայց ես նոյնն եմ, նոյն ա­րուես­տա­գէ­տը, նոյն գոր­ծե­րով, նոյն մտա­ծում­նե­րով, նոյն ա­զա­տու­թեամբ:

-Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն քիչ մը ժան­րա­յին փո­փո­խու­թիւն կայ կար­ծէք ձեր ա­րուես­տին մէջ, ին­չո՞վ պայ­մա­նա­ւորուած է այդ մէ­կը:

-Մա­տե­նա­դա­րա­նին մէջ տե­ղադ­րուած աշ­խա­տան­քէս ետք սկսայ լրջօ­րէն զբա­ղիլ միջ­նա­դա­րեան որմ­նան­կա­րնե­րով եւ ման­րան­կար­չու­թեամբ: Այդ նկա­րը իր ազ­դե­ցու­թիւ­նը ձգեց այ­սօ­րուան իմ նկար­չու­թեանս վրայ, կը փոր­ձեմ հինն ու նո­րը հա­մադ­րել, որ­քա­նո՞վ կը յա­ջո­ղի, ար­դէն չեմ գի­տեր:

Ես կ՚ը­նեմ բա­ներ, զորս կ՚ու­զեմ ը­նել: Թե­րեւս աշ­խար­հի մէջ ա­մէն բան ար­դէն կա­տա­րուած է, մենք պար­զա­պէս հնա­գոյն ա­րուես­տի նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մեկ­նա­բան­ներն ենք:

-Ձեր ա­րուես­տի սի­րա­հար­նե­րուն մէջ կան նաեւ մե­ծա­թիւ օ­տար­ներ, սփիւռ­քա­հա­յեր: Ձեր կար­ծի­քով՝ ի՞ն­չ բան կը հե­տաքրք­րէ զա­նոնք:

-Շուրջ տասն­հինգ տա­րի ա­ռաջ, երբ սահ­ման­նե­րը նոր բա­ցուած էին, եւ սփիւռ­քա­հա­յեր սկսան ա­ւե­լի յա­ճախ գալ, մենք չէինք գի­տեր՝ ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տին նկատ­մամբ ի՛նչ մօ­տե­ցում ու­նին ա­նոնք։ Այն­պի­սի տպա­ւո­րու­թիւն կար, թէ հայ­րե­նի­քի կա­րօ­տով տա­րուած ազ­գա­յին, հայ­րե­նա­սի­րա­կան նիւ­թեր կը փնտռեն ա­րուես­տին մէջ: Բայց այ­սօր վստա­հօ­րէն կրնամ ը­սել, որ ժա­մա­նա­կա­կից ու ո­րա­կեալ ա­րուեստ կը սի­րեն, յա­ճախ մեզ­մէ ա­ւե­լի ալ կը գնա­հա­տեն:

Իսկ օ­տար­նե­րը կար­ծես իմ ա­րուես­տին մի­ջո­ցաւ պզտիկ Հա­յաս­տան մը բա­ցա­յայ­տեն ի­րենց հա­մար: Քա­նի որ իմ ա­րուես­տին մէջ կայ նաեւ հնա­գոյն տար­րեր, հին ժա­մա­նակ­նե­րը ներ­կա­յաց­նող պատ­կեր­ներ, ա­պա ա­նոնք կապ կը փնտռեն հին եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մի­ջեւ: Այդ հե­տաքրք­րու­թեա­ն ն­պաս­տած է նաեւ այն, որ իմ գոր­ծե­րը յա­ճախ կը ցու­ցադ­րուին դուր­սի եր­կիր­նե­րը: Մար­դիկ երբ Հա­յաս­տան գան, կը փնտռեն, կը գտնեն:

-Ը­սիք, որ հի­մա ման­րան­կար­չա­կան գոր­ծե­րու շրջան է, իսկ ի՞նչ փո­փո­խու­թիւն­ներ կը սպա­սուին ձեր ա­րուես­տին մէջ յա­ռա­ջի­կա­յին:

-Մեծ փո­փո­խու­թիւն­ներ չեմ կար­ծեր, թէ ըլ­լան, քա­նի որ մեծ փո­փո­խու­թիւ­նը, թէ­կուզ լռու­թիւ­նը, կեան­քի, աշ­խար­հի մեծ փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­չուած է: Ը­սենք՝ պա­տե­րազ­մի: Ես պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով տա­սը տա­րի չնկա­րե­ցի, ձգե­ցի նկա­րե­լը, պա­տե­րազ­մի այդ պատ­կեր­նե­րը մէջս մնա­ցին եւ խոր­քին մէջ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ձգե­ցին իմ նկար­չու­թեան վրայ: Մին­չեւ պա­տե­րազմ՝ բո­լո­րո­վին ու­րիշ բան կը նկա­րէի, պա­տե­րազ­մէն ետք ա­րուեստս փո­խա­կեր­պում­ներ ստա­ցաւ:

-Ա­րուես­տա­գէ­տը միշտ ա­ւե­լի լաւ կը զգայ, ա­ւե­լի շուտ կը տես­նէ: Որ­պէս ա­րուես­տա­գէտ, որ­պէս պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից եւ որ­պէս սահ­մա­նին մօ­տիկ շրջա­նին մէջ ապ­րող անձ՝ ի՞նչ կը զգաք, պա­տե­րազմ պի­տի ըլ­լա՞յ:

-Մենք այ­սօր ալ պա­տե­րազ­մի մէջ ենք, պա­տե­րազ­մը ա­ւար­տած չեմ տես­ներ: Ան­պատ­րաստ հանգս­տու­թիւն կայ քիչ մը, բայց պա­տե­րազ­մի վտան­գը չէ հե­ռա­ցած: Չեմ գի­տեր՝ այդ նոյն ո­գին կա՞յ: Թե­րեւս ո­գին նոյ­նը չէ, ինչ որ նա­խա­պէս էր, բայց ա­նոր փո­խա­րէն՝ բա­նակ ու­նինք: Այն ժա­մա­նակ թե­րեւս ո­գին ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր էր, բայց բա­նակ չու­նէինք: Այ­սօր կայ պա­տե­րազ­մին հա­ւա­սա­րա­զօր վատ բան մը, որ զիս ա­ւե­լի կը մտա­հո­գէ. ժո­ղո­վուր­դը կը լքէ գիւ­ղե­րը, հե­ռա­ւոր շրջան­նե­րը: Մեր գիւ­ղե­րը կը պար­պուին:

-Այդ ա­ռու­մով ինչ­պի­սի՞ն է վի­ճա­կը Սի­սիա­նի մէջ, ուր դուք կը բնա­կիք:

-Չորս-հինգ գիւղ ար­դէն պար­պուած է շրջա­նին մէջ: Ե­րեք գիւ­ղի մէջ դպրոց­նե­րը գո­ցուած են, ե­թէ այս­պէս շա­րու­նա­կուի, չորս տա­րի ետք նո­րէն դպրոց­ներ կը փակուին: Իսկ ե­թէ դպրո­ցը գո­ցուե­ցաւ, գիւ­ղը չի մնար ար­դէն: Ա­տի­կա ցաւ է:

-Ի՞նչ է ա­րուես­տին դե­րը ձեր այդ նշած կո­րուստ­նե­րուն, լքուա­ծու­թեան մէջ:

-Մենք փոր­ձե­ցինք շրջա­նին մէջ մշա­կու­թա­յին փոքր ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նել, ո­գե­ւո­րել, մենք անձ­նա­պէս քիչ մը ո­գե­ւո­րուե­ցանք, բայց եր­կար չտե­ւեց: Մեծ խնդիր մըն է, որ ա­րուես­տի, ո­գե­ւո­րու­թեան մի­ջո­ցով լու­ծուե­լիք չէ: Ե­թէ Սի­սիա­նի շրջա­նին մէջ Դաս­տա­կեր­տի հան­քա­վայ­րը չաշ­խա­տի, մօ­տա­կայ գիւ­ղե­րը բո­լո­րո­վին կը պարպուին, միւս կող­մէ՝ բնա­պահ­պան­նե­րը դէմ են հան­քի շա­հա­գոր­ծու­մին, եւ այս­պէս, շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րը մնա­ցած են գոց շղթա­յի մը մէջ:

-Այդ ա­մէ­նը ձեզ չի՞ հիաս­թա­փեց­ներ՝ ապ­րիլ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծել տա­րած­քի մը մէջ, ուր ա­մա­յու­թիւն կայ բո­լոր ի­մաստ­նե­րով:

-Չի հիաս­թա­փեց­ներ, քա­նի որ հա­մո­զում ու­նիմ, թէ ա­սոնք մեր ա­մե­նէն վատ ժա­մա­նակ­նե­րը չեն, շատ ա­ւե­լի վատ ժա­մա­նակ­ներ ալ ե­ղած են, յաղ­թա­հա­րուած, ան­ցած են: Ե­ղած են այլ թուա­կան­ներ, ինչ­պէս՝ 1906, 1909, 1915, 1920, ո­րոնք օր­հա­սա­կան ե­ղած են մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար: Հի­մա գո­նէ միա­տարր ենք, բա­նակ ու­նինք, պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նինք:

Այ­սօր զիս կ՚ան­հանգս­տաց­նէ մեր ներ­քին, ներ­սի թշնա­մին: Ցաւ կը պատ­ճա­ռեն ար­հա­մար­հան­քը, ա­նօ­րի­նա­կու­թիւ­նը, ո­րոնք մե­զի հան­դէպ կը կա­տա­րուին: Եր­կար ժա­մա­նակ պե­տա­կա­նու­թեան պա­կա­սէն մենք շատ վատ յատ­կու­թիւն­ներ ձեռք բե­րած ենք, պո­ռո­տա­խօս դար­ձած ենք, ան­հան­դուր­ժող ե­ղած ենք: Ե­թէ միայն փոքր պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­նա­յիք, ը­սենք՝ 1915 թուա­կա­նին, Ե­ղեռ­նը չէր ըլ­լար: Եր­կար տա­րի­ներ, դա­րեր պե­տա­կա­նու­թիւն ու­նե­ցող մար­դը, ժո­ղո­վուր­դը տար­բեր է, այդ մէ­կը ա­նոր ծի­նե­րուն մէջ կը մտնէ, եւ ան ու­րիշ մէ­կը, այլ մտա­ծո­ղու­թեան տէր կը դառ­նայ:

-Հա­յաս­տա­նի մէջ, Ե­րե­ւա­նէն դուրս կան քիչ ա­րուես­տա­գէտ­ներ, ո­րոնք կրցած են ի­րենց քա­ղա­քին, երկ­րին սահ­ման­նե­րէն դուրս գալ: Ե­թէ Կիւմ­րին նկա­տի չառ­նենք, միւս քա­ղաք­նե­րուն մէջ չկան, բայց նե­րայ էք դուք՝ Սի­սիա­նէն, որ կրցած էք փոքր քա­ղա­քի սահ­ման­նե­րը յաղ­թա­հա­րել եւ ճա­նա­չում ձեռք բե­րել դուր­սը: Ինչ­պէ՞ս կրցած էք միայ­նակ, ա­ռանց պե­տու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան ը­նել այդ մէ­կը:

-Ինչ­պէս կ՚ը­սէ ժո­ղովր­դա­կան խօս­քը՝ «Շան քի­թէն ջուր խմե­լո­վ» կրցած եմ: Չար­չա­րան­քով ե­ղած է այդ մէ­կը: Այդ ճա­նա­պար­հին ա­մէն բնո­րո­շում ալ վաս­տկած եմ՝ թէ՛ խենթ, թէ՛ ցնդած, թէ՛ ալ չեմ գի­տեր ին­չե՜ր: Փոքր քա­ղա­քին մէջ ը­րած եմ բա­ներ, ո­րոնք նոյ­նիսկ մեծ քա­ղաք­նե­րուն մէջ կրնան տա­րօ­րի­նակ թուիլ, չհասկ­ցուիլ: Բայց ան­ցած եմ այդ ճա­նա­պար­հը: Ե­ղած եմ այն­պի­սին, ինչ­պի­սին եմ՝ ա­ռանց կեղ­ծե­լու:

Մեր շրջա­նին մէջ կայ Ուխ­տա­սար հնա­վայ­րը, ո­րուն մա­սին վեր­ջին ան­գամ յի­շա­տա­կուած էր 1970-ա­կան թուա­կան­նե­րուն: Գիրք գրած էին եւ մոռ­ցած էին: Երբ ես սկսայ զբա­ղիլ Ուխ­տա­սա­րով, սկսաւ ա­ւե­լի շատ զբօ­սաշր­ջիկ այ­ցե­լել, եւ այ­սօր Տա­թե­ւին հա­ւա­սար զբօ­սաշր­ջիկ կ՚այ­ցե­լէ նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան այդ հնա­վայ­րը: Եւ զբօ­սաշր­ջա­յին ու­ղե­ցոյց­նե­րու մէջ Ուխ­տա­սա­րը նաեւ իմ ա­րուես­տով ներ­կա­յա­ցուած է: Իմ ա­րուես­տի աշ­խա­տանք­ներն ալ այդ վայ­րին մէջ նպաս­տե­ցին այս գոր­ծըն­թա­ցին:

-Դուք նաեւ ու­սու­ցիչ էք Սի­սիա­նի Գե­ղա­րուես­տի ու­սում­նա­րա­նին մէջ: Ինչ­պի­սի՞ սե­րուն­դի հետ կ՚աշ­խա­տիք: Մե­ծե­րը սո­վո­րա­բար լաւ չեն ար­տա­յայ­տուիր այ­սօ­րուան սե­րուն­դին մա­սին: Դուք ի՞նչ կ՚ը­սէք:

-Շրջան մը տնօ­րէն ալ ե­ղայ այդ դպրո­ցին մէջ, այ­սօր ու­սու­ցիչ եմ միայն: Եր­բեք չեմ փոր­ձած իմ ձե­ռա­գի­րը պար­տադ­րել իմ ա­շա­կերտ­նե­րուն, զի­րենք ա­զատ ձգած եմ: Ա­տի­կա կա­րե­ւոր է, եւ ա­նոնց­մէ շա­տեր ծա­նօթ ա­րուես­տա­գէտ­ներ դար­ձած են, ետ­քը ը­սած են՝ ի՛նչ լաւ է, դուն մե­զի չէիր պար­տադ­րեր, չէիր ճնշեր: Հիա­նա­լի սե­րունդ է: Երբ որ վատ կ՚ար­տա­յայ­տուին նոր սե­րուն­դին մա­սին, կը յի­շեմ, որ նոյն բա­նե­րը նաեւ իմ մեծ­հայրս կ՚ը­սէր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մա­սին, նոյ­նը իմ հայրս կ՚ը­սէր մեր մա­սին, այ­սօր իմ հա­սա­կա­կից­նե­րէս կը լսեմ նոյն բա­նե­րը՝ նոր սե­րուն­դի մա­սին:

Երբ փոքր էի ես կար­դա­ցած եմ «Մե­ռեալ­նե­րու գիր­քը», ուր ալ այդ նոյն մտա­վա­խու­թիւ­նը կար. եր­կու, ե­րեք հա­զար տա­րի ա­ռաջ ալ փաս­տօ­րէն ե­ղած է այդ խնդի­րը: Բայց այ­սօ­րուան սե­րուն­դը ա­ւե­լի գրա­գէտ է, ա­ւե­լի ըն­կա­լու­նակ է, ա­ւե­լի բաց է:

-Շա­տե­րը կը հե­տաքրք­րէ, որ ըլ­լա­լով ար­հես­տա­վարժ՝ ա­րուես­տի աշ­խարհ մուտք գոր­ծած էք պա­տա­հա­կա­նօ­րէն: Ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ այդ մէ­կը:

-Փոքր էի, ին­ծի յանձ­նա­րա­րուած էր այ­գին ջրել, բայց ես դպրո­ցէն ետք պա­յու­սակս տու­նը ձգե­լով՝ գա­ցի գե­տին մէջ լո­ղա­լու եւ չջրե­ցի այ­գին: Երբ տուն պի­տի վե­րա­դառ­նա­յի, պատ­ճառ պէտք էր, որ­պէս­զի ար­դա­րաց­նէի իմ ծու­լու­թիւնս, որ­պէս­զի խու­սա­փէի պա­տի­ժէն: Փո­ղո­ցէն քա­լած ա­տենս տե­սայ, որ պա­տու­հա­նէ մը ներս նստած՝ կը նկա­րէին: Գլուխս ներս մտցու­ցի, ու­սու­ցիչ մը կար, ը­սաւ՝ կ՚ու­զե՞ս հոս գալ: Մտայ, նկա­րե­լու սկսայ եւ ե­րե­կո­յեան տու­նը ը­սի, որ նկար­չու­թեան գա­ցած էի եւ այդ պատ­ճա­ռով այ­գին չէի ջրած: Ա­րարքս ար­դա­րա­ցուե­ցաւ, եւ ատ­կէ ետք ար­դէն ին­ծի ոչ թէ այ­գին ջրե­լու կը ղրկէին, այլ՝ նկար­չու­թեան դա­սե­րու: Այս­պէս նկա­րիչ դար­ձած եմ:

Ես գի­տեմ, որ մար­դու մը մէջ ա­մէն ինչ կայ՝ թէ՛ ստա­հա­կը կայ, թէ՛ հան­ճա­րը կայ, թէ՛ շնոր­հա­լին կայ եւ թէ ա­պաշ­նոր­հը կայ, նա­յած թէ ո՛ւր ի՛ն­չը կը բա­ցա­յայ­տուի: Էք­զիւ­փէ­րին գրած է. «Զիս կը տան­ջէ ա­մէն մար­դու մէջ մա­հա­ցած Մո­ցար­թը»: Եր­բեմն կտա­ւը ին­ծի չի բա­ւեր, եւ կ՚ը­նեմ բա­ներ, ո­րոնք գու­ցէ շար­ժա­պատ­կեր են, գու­ցէ թատ­րոն են, եր­բեմն գրա­կա­նու­թիւն են:

-Բնու­թեան մէջ կա­տա­րուած ձեր ա­րուես­տի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը մա­հուան կ՚ա­ռըն­չուի, եւ ա­տոր իբ­րեւ ար­դիւնք՝ Սի­սիա­նի մէջ պատ­րաս­տած էք ձեր գե­րեզ­մա­նը եւ նոյ­նիսկ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան ծէս կա­տա­րած էք: Ի՞նչ է մա­հը ա­րուես­տա­գէ­տին հա­մար, ինչ­պէ՞ս կը վե­րա­բե­րիք մա­հուան գա­ղա­փա­րին:

-Մա­հը ներ­կայ է կեան­քի մէջ: Ա­մէն քայ­լա­փո­խի մե­զի հետ է մա­հը, ա­նընդ­հատ մենք կ՚եր­թանք դէ­պի մահ, մահ գո­յու­թիւն չու­նի, մենք կը փո­խա­կեր­պուինք պար­զա­պէս: Ան­ցեա­լին ա­ւե­լի հան­գիստ վե­րա­բե­րած են մա­հուան՝ իբ­րեւ սո­վո­րա­կան ըն­թացք, սա­կայն այ­սօր սու­գը ա­ւե­լի է մա­հուան մէջ: Ինչ կը վե­րա­բե­րի իմ գե­րեզ­մա­նիս, ա­պա ա­նի­կա միայն գե­րեզ­ման չէ, հոն բարձ­րա­նա­լով՝ մար­դիկ կը մտա­ծեն: Այդ քա­րին վրայ ալ կայ գրու­թիւն. «Ու ա­մէն աշ­խարհ ե­կո­ղին հետ ան ծնե­լու է, ու ա­մէն մա­հա­ցո­ղին հետ ան մա­հա­նա­լու է, ու իւ­րա­քան­չիւր ծնունդ ա­ռա­ջին ծննդեան կրկնու­թիւ­նը ըլ­լա­լու է, ու իւ­րա­քան­չիւր մահ ա­ռա­ջին մա­հուան կրկնու­թիւ­նը ըլ­լա­լու է: Ճշմա­րիտ, ճշմա­րիտ կ՚ը­սեմ­…»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2015