ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ԵՌՈՒԶԵՌ

Գումգաբուի մէջ երէկ մեծ եռուզեռ ստեղծուեցաւ Ս. Զատկի տօնին յաջորդած աւանդական այցելութիւններուն առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներու, տեղեկան ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական, դիւանակալական կամ հասարակական շրջանակներէ դէմքերու շնորհաւորութիւնները՝ իր կողքին ունենալով Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ու հոգեւորականաց դասէն ներկայացուցիչներ։

Այս ամբողջին մէջ Գումգաբու այցելեց նաեւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը, որ Պատրիարքական Աթոռին եւ մեր համայնքին շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ յղեց Ս. Զատկի առթիւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Նորին Սրբութիւնը՝ փոխադարձելով շնորհաւորութիւններուն, որոնց վրայ աւելցուց արեւշատութեան եղբայրական բարեմաղթանքները։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2025