ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ՀՐԱԺԵՇՏ
Համայն աշխարհի ուշադրութիւնը շաբաթավերջին կեդրոնացած էր Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորոգ վախճանեալ քահանայապետին՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի յուղարկաւորութեան վրայ։ Վատիկանի մէջ կազմակերպուած վերջին հրաժեշտը համախմբեց աշխարհի յառաջատար երկիրներու ղեկավարներն ու հոգեւոր առաջնորդները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ամենաբարձր մակարդակի վրայ ներկայացուեցաւ Սրբազան Քահանայապետի յուղարկաւորութեան՝ ի դէմս Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած յուղարկաւորներու թիւը, ըստ զանազան աղբիւրներու, կը մօտենար չորս հարիւր հազարի։ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յուղարկաւորուեցաւ յընթացս Ս. Պատարագի, որու տեւողութեան աշխարհի բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդներ առ Աստուած աղօթք բարձրացուցին քահանայապետի հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ընկերացան՝ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան, վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, միջեկեղեցական բաժնի տնօրէն Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։
Վեհափառ Հայրապետը յուղարկաւորութեան հետեւեցաւ Տ. Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքին, Ասորի Ուղղափառ Եփրեմ Պատրիարքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, որոնց եւս ընկերացան բարձրաստիճան հոգեւորականներ։
Վատիկանի յուղարկաւորութեան մասնակիցներու շարքին էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Եւրոպայի երկիրներու կամ աշխարհի այլ ցամաքամասերէ երկիրներու ղեկավարներ, նոյնպէս Եւրոպայի երկիրներէն թագաւորներ կամ արքունիքներու բարձր մակարդակի ներկայացուցիչներ։ Թուրքիան ներկայացուց Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ։ Յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ Վատիկանի մէջ զրուցեց իր բազմաթիւ պաշտօնակիցներուն, նաեւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հետ։
Ֆրանսիսքոս Ա. Պապին մարմինը ամփոփուեցաւ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճիորէ տաճարին մէջ։