ԷԿԷՄԷՆ ՊԱՂԸՇ ՓԱՓԱՔԵՐ Է ՊԱՆԴՈԿԻ ՎԵՐԱԾԵԼ ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի վարչապետ եղած շրջանին՝ երկրի ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքներուն հետ կազմակերպուած յայտնի իֆթարի հաւաքոյթէն վերջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան մօտ ապրուած էր զարմանալի իրադարձութիւն մը։ Նկատի ունենալով, որ այդ շրջանին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յամառօրէն կը հետապնդէր Սիրքէճիի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու խնդիրը՝ այդ զարմանալի իրադարձութիւնն ալ առընչութիւն ունեցած էր այս հարցին հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը Էրտողանի հետ սեղանակից ըլլալով շօշափած էր Սանասարեան խանի հարցը եւ ակնկալած՝ անոր զօրակցութիւնը։
Այդ զրոյցէն կարճ ժամանակ վերջ Պատրիարքական ներկայացած էր Քեմալ Թայֆուն Նարկին անուն անձնաւորութիւն մը, որ ինքզինքը ներկայացուցած էր որպէս քննիչ՝ Վարչապետարանի առընթեր ազգային կալուածներու հաստատութեան կողմէ։ Սանասարեան խանի կալուածաթուղթի պաշտօնական արձանագրութիւններուն համար ան Նորին Սրբազնութենէն առած էր գումար մը։ Ապարդիւն սպասման շրջանէ մը վերջ Ընդհանուր Փոխանորդը երբ կապ հաստատած էր Վարչապետարանին հետ, յայտնի դարձած էր որ յիշեալ անձին նման յանձնառարութիւն մը չէր տրուած։ Այսպէսով յառաջացած էր Վարչապետարանի անունը չարաշահելով ապօրինի գումար իւրացնելու փորձի մը գայթակղութիւնը։ Զուգահեռաբար սկսած էր հարցաքննութիւն մը, որու կապակցութեամբ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը այսօր ուշագրաւ հաղորդումներու արձագանգ հանդիսացած է։ Թերթի աշխատակիցներէն Ճանան Ճոշքունի ստորագրութեամբ լոյս տեսած հաղորդումներուն համաձայն, Քեմալ Թայֆուն Նարկին ցուցմունքներուն մէջ պնդած է, որ եթէ Սանասարեանի սեփականութեան իրաւունքը չվերադարձուէր Հայոց Պատրիարքարանին, ապա այդ շէնքը պիտի վարձուէր նախկին նախարար Էկէմէն Պաղըշի կողմէ ու պիտի վերածուէր պանդոկի մը։ Նարկին եղած է ՄԻԹ-ի նախկին աշխատակիցներէն մին ու պնդած է, թէ Անգարայի մէջ յատուկ ծառայութիւններու պաշտօնակիցները կողմնակից եղած են Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքի Հայոց Պատրիարքարանին փոխանցման։