ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արժանթինէն խումբ մը իրաւաբաններ եւ լրագրողներ, որոնք այս շրջանին կ՚այցելեն Հայաստան։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ արժանթինահայ գործիչ Խուան Փապլօ Քեչիճեան։ Վեհափառ Հայրապետը վերջին օրերուն հիւրընկալած էր նաեւ Պրազիլէն լրագրողներու խումբ մը։ Վերջին տարիներուն Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու հետ նման շփումներու նախընթաց մը ձեւաւորուած է։

Արժանթինէն Հայաստան մեկնած խումբի այցելութեան նպատակն է՝ աւելի մօտէն ճանչնալ հայ ժողովուրդը, պատմութիւնը, մշակոյթն ու հոգեւոր ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ծանօթանալ երկրի իրավիճակին։

Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին հիւրերը ողջունելէ վերջ մասնաւորապէս խօսեցաւ Արժանթինի հայ համայնքի ազգային-հոգեւոր աշխոյժ կեանքին ու կազմակերպուածութեան՝ գնահատելով իշխանութիւններու դրական վերաբերմունքը։ Ան բացատրեց նաեւ Հայաստանի առջեւ ծառացած ծանր մարտահրաւէրները՝ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի աղէտալի հետեւանքներով հանդերձ։

Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը, որոնք գործօն կրնան դառնալ նաեւ Պաքուէ ներս բանտարկուած գերիներու եւ պատանդներու վերադարձին համար։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2025